ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՀՈԳԵԲԱՆ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Մեր ներկայ ընկերութիւնը կը դեգերի մէկէ աւելի տարբեր մտածողութեամբ ու սկզբունքի տէր մարդոց բոլորտիքը, տեւական հինի եւ նորի անդադրում պայքար մղելով, որովհետեւ յստակ չափանիշի մը չգոյութեան պատճառով խառնարանի վերածուած է մեր բովանդակ գոյութիւնը:
Հինի եւ նորի մաքառումը անհատական պայքար մը ըլլալէ աւելի համամարդկային գոյամարտ մըն է՝ եւրոպացին ընդօրինակելու, ամերիկացին կապկելու եւ անոնց կարծեցեալ նմանութեամբ զարգացած ըլլալու պատրանքը ապրելու:
Այդ ճակատումներէն է այսօր մեր կեանքին մէջ կամաց կամաց երեւան եկող հոգեբանի, ինչպէս նաեւ հոգեբոյժներու ներկայութիւնը, որ ոմանց համար փրկութիւն, իսկ ուրիշներու համար խելագարութեան նախանշաններ են:
Արդի գիտութիւնը կու գայ փաստելու, որ մանուկներու դիմագրաւած դժուարութեանց դիմաց հոգեբանական միջամտութեան ուշացումը կրնայ անջնջելի ու մնայուն հետեւանքներ ունենալ մանկական հոգիին վրայ՝ դիւրաւ լուծուող խնդիր մը վերածելով անլուծելի ախտի: Շրջապատի հիւանդագին տեսակէտէն ազդուելով իրենց զաւակները հոգեբոյժի եւ հոգեբանի չտանող մեր մայրերն ու հայրերը կը վտանգեն իրենց զաւակներուն զուարթ ու շէն ապագան: Հազարաւոր մանուկներ այսօր զոհն են այն թիւր մտային դիրքորոշման, որ հոգեբոյժն ու հոգեբանը նոյնինքն խենթերու բժիշկն են. վերջապէս եթէ մարմնապէս վիրաւորը՝ վիրաբոյժի կը դիմէ, իսկ հոգեպէս վիրաւորը՝ հոգեբոյժի... հոգեկան հիւանդէ տարբեր բան կրնա՞յ ըլլալ այդ անհատը:
Այսօր հոգեբանութիւնը կու գայ ըսելու, որ շատ մը դէպքեր որոնք կը պատահին մեր ընտանիքներէն ներս՝ վէճեր, կռիւներ, ամուսնական դաւաճանութիւններ, տփոցներ ու հարուածներ, հայհոյանքներ, կրնան մանուկի մը հոգիին վրայ խոր վէրքեր յառաջացնել: Այդ վէրքը մանուկին հետ հասակ կ՚առնէ, մանուկին հետ կ՚ապրի եւ կրնայ մինչեւ կեանքին վերջ որպէս կնճռոտ հանգոյց ցմահ ապրիլ անոր մէջ: Շատ անգամ մեր ծնողները կը մտածեն, թէ «մանուկ է. տեսնէ եւ կամ լսէ միեւնոյնն է. կը մոռնայ», անգիտանալով, որ փոքր ժամանակ մանուկը ամէ՛ն երեւոյթ կ՚արձանագրէ իր ուղեղին մէջ՝ նոյնիսկ եթէ անորոշ է անոր իմաստը:
Սակայն այսօր մեր նիւթը տարբեր է հոգեբանութեան տեսութեան մասին խօսելէ. այսօր մենք մասնագէտ հոգեբաններ կը փնտռենք...:
***
Հինգշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2021-ի «Washington Post»ին մէջ հրատարակուած գտայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «9-11» անուամբ ծանօթ պայթումի մասին յօդուած մը՝ «Մանուկներուն Ինչպէ՞ս պատմել 9-11-ի մասին» խորագրով: Յօդուածագիրը մանրամասն ձեւով կը բացատրէր, թէ հոգեբանական ո՞ր ազդակները նկատի ունենալով պէտք է պայթումի, ոճիրի եւ կամ սպանութեան մասին պատմել մանուկին՝ որպէսզի հոգեկան դժուարութիւն չունենայ:
Ինչքա՜ն կ՚ուզէի յօդուածագիր հոգեբանին հարց տալ... ի՞նչ ընել, եթէ գազանաբարոյ ոճիր մը իրե՛նք լսեն մանուկին բերնէն:
Կա՞յ նման հոգեբան, որ պատասխանը ունի:
***
Հայ գաղթական մը իր յուշերուն մէջ կը գրէ. դար մը առաջ հայ գաղթական մը կ՚որոշէ եկեղեցի երթալ՝ առ Աստուած աղօթք մը բարձրացնելու: Կ՚երթայ եկեղեցի, սակայն մտնելու սիրտն ու առիթը չ՚ունենար: Բազմաթիւ անգամներ տեսած էր եկեղեցւոյ բակը հաւաքուած անպատսպար ու տնազուրկ թշուառ գաղթականները. շատ անգամ անօթի, արցունքը աչքերուն՝ լացն ու կոծը անպակաս: Այդ բոլորին դիմաց չէր կրնար եկեղեցի մտնել:
Սիրտը ալեկոծ՝ կ՚ուզէ ինքզինք դուրս նետել գեհենէն դուրս նետուող մեղապարտի մը զարհուրանքով, սակայն փոքր աղջնակի մը հմայիչ ժպիտը կը յետաձգէ այդ որոշումը: Կ՚ուզէ խօսիլ անոր հետ:
-Աղջիկս, ո՞վ ունիս հոս, տատամսելով հարց կու տայ գաղթականը:
-Քեռայրս,- կը պատասխանէ մանուկը:
-Իսկ մնացեա՞լը...:
-Մայրս, հայրս եւ եղբայրս ջարդեցին,- նոյն ժպիտը չկորսնցնելով կը պատասխանէ աղջնակը ու կը սկսի պատմել, թէ ինչպէս իրենց տուն մտած էր թշնամին, չուաններով կապած իր մայրը, մեծ դանակներով մորթած նախ հայրիկը եւ ապա իր եղբայրը, թէ ինչպէս տեսած էր մայրիկին ճիւաղներու կողմէ բռնի ուժով քովի սենեակ տարուիլն ու խոշտանգուիլ ու պղծուիլը եւ ապա ողորմելի վախճանը:
Աղջնակը այդ բոլորը կը պատմէ գոց սորված դասի մը պէս, գրեթէ անտարբեր՝ սովորական անցուդարձ մը պատմելու սառնութեամբ:
Եթէ գիտէ՛ք նման հոգեբան մը, որ կրնայ նման բարբարոսութիւն տեսած ու ապրած ազգի մը մանուկներու հոգին դարմանել՝ թող ընդառաջեն մեր փնտռտուքին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍՏԵՓԱՆ ՇԱՀՈՒՄԵԱՆ
(1878-1918)
Մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 20 սեպտեմբեր 1918-ին գնդակահարութեամբ սպաննուած է հայ յեղափոխական, քաղաքական գործիչ, լրագրող եւ գրաքննադատ Ստեփան Շահումեան:
Շահումեան ծնած է 1 հոկտեմբեր 1878-ին, Թիֆլիզի մէջ, կտորի վաճառականութիւն ընող ընտանիքի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր Թիֆլիզի մէջ, ապա 1898-ին մեկնած է Սեն Փեթերպուրկ իր ուսումը շարունակելու տեղի Պետական համալսարանին մէջ, ուրկէ անցած է Ռիկայի կաճառի քիմիական բաժին: Ուսման ընթացքը չաւարտած, նիւթական դժուարութեանց պատճառով ուսումը կիսատ ձգելով վերադարձած է Թիֆլիզ, որպէս սրբագրիչ աշխատելու «Նովոյէ Օպոկրէնիէ» ռուսական թերթին մէջ, միաժամանակ զբաղելով ազգային եւ կուսակցական հարցերով:
Շահումեան եղած է Թիֆլիզի Հայ Սոցիալ դեմոկրատներու միութեան կազմակերպիչներէն, միաժամանակ գլխաւորելով հայկական եւ վրացական Սոցիալ դեմոկրատականներու գրականութեան եւ հրատարակութեան յանձնաժողովը:
Միջոց մը վերջ որոշելով ուսումը ամբողջացնել մեկնած է Գերմանիա, ընդունուելու Պերլինի Հումպոլթտի համալսարանի փիլիսոփայութեան պետական իրաւունքներու բաժանմունքը: Աւարտելէ ետք վերադարձած է Թիֆլիզ, ստանձնելու Կովկասեան միութեան կոմիտէի «Պրոլետարիատի Կռիւը» թերթի խմբագրութիւնը: Միաժամանակ աշխատակցած է ռուսական «Վպերյոդ» եւ «Պրոլետարի» թերթերուն: Որոշ ժամանակ ետք հիմնած է «Կավկազսքի ռաբոչի լիստոք» ռուսերէն թերթը՝ 1905 թուականին, իսկ 1907-ին յաջորդաբար «Կայծ», «Նոր Խօսք» եւ «Օրեր» թերթերը:
Շահումեան ընդհանրապէս գրած է ընկերվարութեան մասին, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակութային բազմաթիւ հարցերու մասին յօդուածներ ու քննադատութիւններ, գրելու կողքին հայերէնի թարգմանելով նաեւ Քարլ Մարքսի, Վլատիմիր Լենինի եւ այլ օտարազգի հեղինակներու գործերը:
Ստեփան Շահումեան Պաքուի մէջ 26 կոմիսարներու հետ ձերբակալուած ու գնդակահարուած է:
Խորհրդային շրջանին անոր անունով կոչուած են բազմաթիւ շրջաններ, դպրոցներ, փողոցներ ու հրապարակներ. որոնցմէ է Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտը: Ստեփանաւանի մէջ կը գտնուի Շահումեանի թանգարանային համալիրը: Կիւմրիի եւ Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան հրապարակներուն վրայ կանգնած է Շահումեանի յուշարձանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ