ՇԱՀՆՈՒՐ ԸՆԴԴԷՄ ՍԵՒԱԿԻ

Դար մը ամբողջ քննարկումի նիւթ դարձաւ, թէ հայերս ինչո՞ւ համար ապրեցանք Մեծ եղեռնը. ո՞րն էր այդ թերի կողմը որ հայութիւնս զոհը դարձուց նման ողբերգութեան մը, սակայն այդ քննարկումները ցեխարձակումէ վեր չբարձրացան եւ առողջ վերլուծման ցայսօր չհասան: Եւ ինչպէ՞ս հասնէին. չէ՞ որ հայ են:

Թունդ ազգայնականներ մեղադրեցին եկեղեցին ու հաւատքը՝ որոնց համար ուրիշ բան չէր՝ եթէ ոչ ժողովուրդի մը խեղճացումն ու թշուառութիւնը. ուրիշներ մեղադրեցին ղեկավարներու դիւանագիտական անկարողութիւնն ու ապիկարութիւնը. շատեր անոր պատճառը տեսան փառատենչ հայազգի աղաներու շահախնդիր կեցուածքին մէջ. անձ մը չգտնողները զԱստուած մեղաւոր գտան՝ «ո՞ւր էիր» մը կանչելով մինչեւ երկինք. մէ՛կ խօսքով ամէն մէկը իրեն համար զոհելու նոխազ մը գտաւ ու այդ տարաբախտ հանգամանքը բեռնեց անոր ուսերուն:

Աշխարհի վրայ հայերը ամենաճարտարն են մեղքը ուրիշին վրայ բարդելու մոլութեան մէջ: Վա՜յ այն ազգին՝ որուն բոլոր կողմերը մի՛շտ ալ շիտակ, մի՛շտ ալ ճշմարիտ ու արդար են, որովհետեւ անոնց իրար զոհելու պայքարին մէջ ազգը ի՛նքն է, որ պիտի զոհուի:

Այս «մեղաւոր»ը պրպտելու խորհուրդը ծագեցաւ, երբ կարդացի մեր թուականէն 55 տարիներ առաջ՝ 17 նոյեմբեր 1966-ին Հայաստանի Գրողներու Ե. համագումարի ընթացքին Պարոյր Սեւակի ելոյթին մէկ հետաքրքրական տողը.- «Բայց մենք այսօր կարող ենք հպարտանալ հենց դրանով, որ ոչ մի ազգ ու ցեղ չի կարող մեզ յանդիմանել որեւէ մէկի տունը քանդելու, որեւէ մէկի գերեզմանոցը զբօսայգի դարձնելու, որեւէ մէկին դաւանափոխելու, որեւէ մէկին բռնի ձուլելու յանցանքի մէջ»: 

Քա՜ւ լիցի. Սեւակը քննելն ու կրկտելը մեր կարողութեան սահմաններէն ու աստիճանաչափէն վեր է, սակայն մտածենք. կ՚արժէ՞ հպարտանալ նման ճշմարտութեամբ: Չէ՞ր կրնար մեր ցեղասպանուելու պատճառը մեր ուրիշին տունը չքանդելը, ոեւէ մէկուն գերեզմանոցը զբօսայգիի չդարձնելը, ոեւէ մէկուն դաւանափոխ չընելը եւ ուրիշ մը բռնի չձուլելը ըլլար: Չէ՞ որ Սեւակէն տասնեամեակներ առաջ Աւետիք Իսահակեան ըսաւ, որ գոյատեւելու, ապրելու եւ մնալու համար «իրաւունքը ուժն է միայն, վա՜յ յաղթուածին, հազա՛ր վայեր...», չէ՞ որ պէտք էր «լուծ, կամ՝ լծկան» ըլլալ եւ վերջապէս Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ...:

Վերոյիշեալ երկու տարբեր տեսութեանց դիմաց ինչպէ՞ս չյիշել Հիթլէրի 82 տարիներ առաջ՝ երկուշաբթի, 28 օգոստոս 1939-ին արտասանած Վեհրմախտի Սպայակոյտի ճառը. «Մեր ուժը պիտի կայանայ մեր արագաշարժութեան եւ մեր վայրագութեան մէջ: Հոգս չէ, թէ ինչ պիտի մտածէ իմ մասիս արեւմտեան այլասերած քաղաքակրթութիւնը»:

Ի դիմաց Սեւակի խօսքերուն, եթէ ըլլայինք Հիթլէրի արագաշարժն ու վայրագը, ի՞նչ դիրքի վրայ կ՚ըլլար այսօր մեր ազգը՝ մարդ չի՛ գիտեր:

Մեծ եղեռնին որպէս պատճառ մեր հաւատքը քննադատողներէն մեծագոյնը Շահնուրն է, որ բոլոր մեղքը կը բարդէ «Նարեկ» աղօթամատեանին վրայ՝ ըսելով. «Հայերը գիրք մը ունին: Անոնց ամենագէշ, զզուելի, ամենասխալ, վատառողջ եւ ամենէն աւելի անբարոյական գիրքն է ան - Նարեկը: ...Ո՛չ մէկ սերունդ չխորհեցաւ զայն ջնջել, որովհետեւ անոր լեզուական եւ բանաստեղծական ինչ-ինչ յատկութիւններէն խաբուելով՝ ծածկուած թոյնը չնշմարեց: Ընդհակառակը՝ փոխանցեցին որդիէ որդի, արիւնէ արիւն, ու ան եկաւ մինչեւ մեզի: Թունաւորուեցանք, ազգովի թունաւորուեցանք: Ահա՛ թէ ինչու պարտուած ենք: Պարտուածներ ենք, որովհետեւ այդ վանականին հաշմանդամ հոգիին պէս արհամարհեցինք եւ անգիտացանք գոյութիւնը մեր եսին, մեր ուժին, կամքին, անհատականութեան.- չկռուեցանք, չխածինք, չմաքառեցանք: Քրիստոնէական վարդապետութեան անոր սխալ ու թերի մեկնութիւնը ընդունելով՝ եղանք անմտօրէն կրաւորական, համակերպուող, աղերսարկու, անգիտակից»։

Գուցէ Շահնուր եւ Սեւակ հակառակէին, որովհետեւ Սեւակի մատնանշած բոլո՛ր հը-պարտանալու շարժառիթները Շահնուրի Նարեկի մէջ ծածկուած թոյնն իսկ է: Սեւակ կը հպարտանար, որ չխածինք... անդին Շահնուր կ՚ափսոսար, որ չխածինք. Սեւակ կը հպարտանար, որ եսասիրութեամբ տարուելով ու ուրիշը անտեսելով անոնց տունն ու տեղը չքանդեցինք, անդին Շահնուր կ՚ըմբոստանար, որ անգիտանալով մեր Ե՛Սը չկռուեցանք, չմաքառեցանք, այլ եղանք համակերպուող եւ կրաւորական, որուն մէջ կը գտնէ մեր պարտուած ըլլալու ամբողջական հիմքն ու պատճառը:

Կարծես Հիթլէր եւս կու գար հակառակելու Սեւակին, փաստելու համար, որ փոխան հպարտանալու պէ՛տք էր ջարդել, սպաննել ու կոտորել, որովհետեւ Պարոյրի խօսքերուն հակառակ ո՛չ մէկ ազգ եւ ցեղ պիտի կարենար յանդիմանել, որովհետեւ «ո՞վ, վերջ ի վերջոյ, այսօր, դեռ կը յիշէ հայերուն արհաւիրքը...»:

Կարծես, շատ անգամ պէտք է ակռայ ցոյց տալ, այլապէս Իսահակեանի բառերով «չես սպանի, քեզ կը սպանեն...»:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԱՅԵԱԹ ՆՈՎԱ
(1712-1795)

Մեր թուականէն 226 տարիներ առաջ՝ 22 սեպտեմբեր 1795-ին մահացած է բանաստեղծ, աշուղ եւ ժողովրդական ու աշուղական դպրոցի արեւելեան ձեւի հիմնադիր Սայեաթ Նովա (բուն անունով՝ Յարութիւն Սայեաթեան):

Սայեաթ Նովա ծնած է 14 յունիս 1712 թուականին, Թիֆլիզի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի մէջ, սորվելով գրել ու կարդալ հայերէն, վրացերէն, ինչպէս նաեւ արաբերէն լեզուները: Փոքր տարիքէն ուսումը կէս ձգելով սկսած է ջուլհակութիւն ընել: Միաժամանակ մեծ սէր ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ եւ սկսած է կամաց-կամաց եղանակներ, խաղեր ու երգեր յօրինել եւ ելոյթ ունենալ ժողովրդական հաւաքներու ժամանակ:

Շնորհիւ իր տաղանդին՝ սկսած է շրջիլ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ, գտնուելով Պարսկաստան, Հնդկաստան, Օսմանեան կայսրութիւն, հասնելով մինչեւ Տարօն եւ այսպիսով ճանաչում ձեռք ձգել՝ ճանչցուելով Սայեաթ Նովա անունով (Սայեաթ պարսկերէն կը նշանակէ որսորդ, իսկ Նովա երգ): Ուսումնասիրողներ կը յայտնեն այն կարծիքը, որ սկզբնական շրջանին սկսած է երգել թրքերէնով եւ ապա անցած հայերէնի եւ վրացերէնի: Եղած է առաջինը, որ վրացերէնով երգեր ու խաղեր յօրինած է՝ օգտագործելով պարսկական բանաստեղծութեան ձեւերը, որուն համար հրաւիրուած է վրաց թագաւոր Հերակլ Բ.-ի մօտ՝ ըլլալու թագաւորական արքունիքի սազանդարը, աւելի քան տասը տարի:

Ամուսնացած է Մարիամ անունով աղջկայ հետ եւ թագաւորի հարկադրանքով քահանայ ձեռնադրուած է՝ ստանալով Տէր-Ստեփանոս անունը եւ ղրկուա՝ Կասպից ծովու հարաւը գտնուող Էնկելի նաւահանգիստը: Այնտեղ Սայեաթ Նովա ունեցած է ապաշխարութեան պահեր, արտագրելով Գրիգոր Նարեկացի «Մատեան ողբերգութեան»ը: Մարիամը մահացած է 1768-ին, իր ետին ձգելով չորս անչափահաս զաւակ, որմէ ետք փոխադրուած է վանք. սկզբնական շրջանին եղած է Հաղբատի միաբանութեան առաջնորդարանին մէջ եւ ապա նշանակուած է Ս. Նշան վանքի լուսարար:

Պատմութեան համաձայն, Սայեաթ Նովա զոհուած է Աղա Մահմութ Խան Ղաջարի արշաւանքներուն ժամանակ եւ թաղուած է Թիֆլիզի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Արա Յարութիւնեանի աշխատութեամբ, 1963-ին Երեւանի մէջ կանգնած է Սայեաթ Նովայի յուշաղբիւրը, իր անունով Երեւանի մէջ հիմնուած է երաժշտական դպրոց: Գիմ Արզումանեան 1960 թուականաին նկարահանած է «Սայեաթ Նովա» ժապաւէնը, որ կը պատմէ մեծանուն աշուղին սիրային կեանքը, որմէ մի քանի տարի ետք՝ 1967-1968 թուականներուն նկարահանուած է այլ ժապաւէն մը Սերկէյ Փարաջանովի աշխատութեամբ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021