ՏՈՒՆԸ ՄՆԱՑԱԾՆԵՐՍ

-Քանի՞ տարեկան ես:

-Ե՞ս. նոր 28 տարեկան եղայ անցեալ ամիս:

-Օ՜… ճի՛շդ ժամանակն է ամուսնանալու... դեռ ուշի՛ ալ մնացած ես... քեզի մէկը գտնենք: 

***

Ո՞վ ճշդած է ամուսնանալու ճի՛շդ ժամանակը՝ ո՛չ ոք գիտէ, սակայն հայկական իրականութեան մէջ այդ մէկը ընելու «հենց վախտն» է, որովհետեւ կրնաս ուշի մնալ եւ այդ յապաղումը ուրի՛շ բան չէ՝ եթէ ոչ «տունը մնաց»ած ըլլալու դժբախտ ճակատագիր: Մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունին ՀԲԿ-ի անդամներ (Հայ Բամբասող Կիներ), որոնք որպէս առաքելութիւն ու նուիրական գործ յանձն առած են «տունը մնաց»ածներն ու չմնացողները պիտակաւորելու վսեմ պաշտօնը: Համայնագէտներ, որոնք ինձ կամ քեզ ուրիշին պատշաճեցնելու ի վերուստ տրուած Աստուածային պարգեւով օժտուած են:

 Կրնաք վստահ ըլլալ, որ ՀԲԿ-ի անդամները ընդհանրապէս կա՛մ ընտանիքներու որոշումով եւ կա՛մ ալ աղջիկտեսի հնամեայ սովորութեամբ ամուսնացածներ են, որոնք ուխտած կը փորձեն վաղեմի այդ աւանդութիւնը քաշկռտելով կանգուն պահել:

Մեր ընկերութիւնը շատ անգամ կ՚անգիտակցի, որ ամուսնութիւնը ճակատագրական արարք մըն է մարդու կեանքին մէջ. ան կրնայ անհատի մը կեանքը ամուր հիմերու վրայ անխախտելիօրէն ամրացնել եւ միաժամանակ կրնայ քանդել ու խորտակել՝ ապականելով դեռատի ու մատղաշ կեանքեր:

Սակայն ինչո՞ւ այս ամուսնացնել ուզելու մարմաջն ու մոլուցքը: Գաղափարականօրէն պատասխանը մէ՛կն է. իրենց զաւակներուն ուրախութիւնը, սակայն էապէս տարբեր են անոնց տակ թաքնուած առաջադրութիւնն ու դիտաւորութիւնը, որոնք այլազան  են ու բազմադիմի:

Ցաւ ի սիրտ այս մոլուցքը շատ անգամ մայրեր կը վարակեն իրենց դուստրերուն, որոնք կեանքի առաջնահերթութիւն կը դարձնեն կարգուելու կենսականութիւնը, անոնց համար ամէ՛ն բարեւող ու ժպտացող կը դառնայ հաւանական թեկնածու մը:

Տարիներ առաջ կը յիշեմ հայ մայր մը, որպէս փաստ բերելով Պօղոս առաքեալի «ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ» խօսքը որպէս ապացոյց բերելով կը փորձէր իր աղջիկը համոզել. «աղջիկս, պայման չէ սիրես. սէր ըսուածը ի՞նչ է որ. արդէն ժամանակի ընթացքին կը վարժուիս եւ կ՚ընտելանաս այդ կեանքին. ինչու մենք սիրելո՞վ ամուսնացանք... ահա երեսուն տարիէ պապայիդ հետ կ՚ապրինք: Կարեւորը խելքն է»:

Հարց. ո՞վ կրցաւ հաւատալ, որ մօրը որպէս չափանիշ ընտրած խելքը իրապէ՛ս իմացականութիւնն ու մտածողութիւնն է: Կարդացէ՛ք Լեւոն Բաշալեանի 131 տարիներ առաջ՝ 15 յունիս 1890-ին գրած «Անժէլ» պատմուածքը, ուր հայ երիտասարդուհին ամուսնութեան որպէս պատճառ կը ներկայացնէ հետեւեալը.- «Հայրս վաճառատան մը մէջ պաշտօնեայ էր, եւ շատ բան մը չէր առներ։ Ուստի ուզեց ժամ առաջ ամուսնացնել զիս»: Ա՛յս է խելքը՝ որուն գովքը կը հիւսեն մեր ծնողները:

Գիտէ՞ք այդ «խելք»ին, ու հօր մը ոչ փայլուն եկամուտին պատճառով մեր ազգին մէջ քանի՜ կեանքեր զոհուած են ու դեռ կը շարունակեն զոհուիլ՝ նորաբոյս հոգիներու մէջ աւերներ գործելով:

Եւ այս կործանման արարողակարգը միայն աղջիկ զաւակներու համար չէ՛ որ տեղի կ՚ունենայ:

Տարիներ առաջ հայ երիտասարդ տղայ մը սիրահարած էր հայ օրիորդի մը եւ երկուստեք փափաք յայտնած էին Ս. Պսակով միացնել իրենց կեանքերը: Ի՜նչ նողկալի փափաք. կողմերը կը բոցավառին ու կը բորբոքին. աղջիկն ու անոր ընտանիքը ուրիշ կուսակցութեան համախոհ ու գաղափարակից են... կ՚ըլլա՞յ ամուսնանան. յետոյ մարդիկ ի՞նչ պիտի ըսեն «Յակոբի որդին ճակատի միւս կողմ անցնելով հարս վերցուցած եւ իր տունը բերած է...»: Ի՜նչ աւերներ գործած է «մարդիկ ի՞նչ պիտի ըսեն» լոզունգը:

Հայրը համոզելու համար իր որդին կը փորձէր այլ թեկնածու մը առաջարկել, սակայն տղան կը հակառակէր. «Ես չե՛մ ուզեր մարդոց մեծամասնութեան նման ամուսնանալ պարզապէս կին մը ունեցած ըլլալու համար, որուն հետ ճաշ պիտի կիսեմ, մի քանի տափակ խօսք փոխանակենք եւ երբ պառկելու ժամը գայ սենեակ քաշուինք. մե՛ղք է, քայքայում է երկուստեք»:  Հայրը բորբոքած կը պատասխանէ. «Այդ հաշուով քայքայուած պէտք է որ ըլլան գրեթէ բոլոր ընտանիքները»:

Եւ ցաւ ի սիրտ, անձնական հաշուի եւ շահախնդրութեան վրայ հիմնուած ընկերութիւն մը ինքնին կործանում ու քայքայում է:

Գացէ՛ք Կիւմրի, գացէ՛ք Հայաստանի ո՛ր տարածքաշրջանը որ ուզէք... գիւղերը լեցուա՛ծ են 20-21 տարեկան աղջիկներով, որոնք փոքր տարիքէն ամուսնացած, զաւակ ունեցած եւ կարճ ժամանակուայ մէջ վերադարձած են իրենց հայրական տունը, իսկ շատեր զրկուած են այդ բախտաւորութենէ նոյնիսկ... ծեծի տակ նոյնիսկ կը շարունակեն ապրիլ. «Բա ամուսինս ա... ուզի՛ կը ծեծի... ի՛նչ ուզի կ՚անի»:

Աւելի՛ պատուաբեր է ՀԲԿ-ի կողմէ «թրշու» նկատուիլ՝ քան զոհը դառնալ անգրագէտ մեր աւանդութիւններուն ու «պարտաւորութիւններ»ուն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԱՆՈՒԿ ԱԲԵՂԵԱՆ
(1865-1944)

Մեր թուականէն 77 տարիներ առաջ՝ 25 սեպտեմբեր 1944-ին Երեւանի մէջ մահացած է հայագէտ, գրականագէտ, լեզուաբան, բառարանագիր, բանահաւաք եւ հասարակական գործիչ Մանուկ Աբեղեան:

Մանուկ Աբեղեան ծնած է 17 մարտ, 1865 թուականին, Նախիջեւանի Աստապատ գիւղին մօտ գտնուող Թազաքէնթ գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ, ուր ցուցաբերած յառաջդիմութեան որպէս արդիւնք, 1876-ին ընդունուած է Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1882 թուականին: Աւարտելէ ետք Աբեղեան երկու տարի վարած է ուսուցչութեան պաշտօն Շուշիի թեմական դպրոցին, Թիֆլիզի Յովնանեան եւ Ներսիսեան դպրոցներուն մէջ: Ապա մեկնած է ուսանելու Ենայի, Պերլինի եւ Փարիզի համալսարաններուն մէջ, մասնագիտանալով գրականութեան եւ բանասիրութեան մէջ: Վերադառնալով Հայաստան եղած է Երեւանի Պետական համալսարանի հիմնադիր դասախօսներէն մին եւ անոր պատմագրական հիմնարկի ամպիոնի վարիչ:

Մանուկ Աբեղեան ուսուցչութեան կողքին աշխատակցած է «Նոր Դար», «Մուրճ», «Արարատ», «Ազգագրական Հանդէս» եւ այլ պարբերականներու: Հետազօտած է հայ ժողովուրդի բանահիւսութիւնը, գրականութիւնն ու ժամանակակից լեզուն։ Ուսումնասիրած է հին ու նոր հաւատալիքներն ու առասպելական զրոյցները, բացայայտելով անոնց մշակութային եւ պատմական արժէքը: Մեծ աշխատանք տարած է ուսումնասիրելու հայոց լեզուն ու անոր քերականութիւնը:

Աբեղեան 1925 թուականին կազմած է իր առաջին ռուսերէն-հայերէն բառարանը: Մեծ ներդրում ունեցած է «Ռուսերէն-հայերէն իրաւաբանական բառարան»ի եւ «Լատին-ռուսերէն-հայերէն բժշկական բառարան»ի ստեղծման գործին մէջ: Հսկայական աշխատանք տարած է հայերէնի ուղղագրութեան հարցով եւ դրած է հիմքը արդի արեւելահայ ուղղագրութեան՝ 1922 թուականէն սկսեալ:

Իր վաստակին շնորհիւ արժանացած է Հայաստանի Գիտութիւններու Վաստակաւոր գործիչի կոչման, ինչպէս նաեւ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս:

Ցայսօր, Աբեղեանի անունով կը կոչուի Հայաստանի «Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա»ն:

Բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ Աբեղեանի համար ըսած է. «Մ. Աբեղեանի մէջ ներդաշնակ կեանքով կ՚ապրին թէ՛ մեծ լեզուաբանը, թէ՛ մեծ գրականագէտը, թէ՛ մեծ բանագէտը, միաժամանակ տեղ տալով նաեւ մեծ պատմաբանին»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021