ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԳՐՔԻ ՕՐ ՈՒ ԳԻՇԵՐ»

Երէկ, Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութի նախաձեռնութեամբ հերթական անգամ կազմակերպուեցաւ «Գրքի օր ու գիշեր»ը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնի այս յայտնի գրախանութը վաղուց իր առաքելութեան անբաժան մասը կը համարէ գիրք-ընթերցող հանդիպման ապահովումը։ Այս գրախանութին եւ յարակից բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ երէկ նախատեսուած ձեռնարկները շարունակուեցան մինչեւ գիշերուայ ժամերը։ Նաեւ առցանց նախատեսուած ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ՝ ընթերցողը գիրքի կապելու ճանապարհին։

«Պուքինիստ»ի հիմնադիր տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան այս առթիւ «Արմէնփրէս»ին յայտնեց, թէ թանգարաններու գիշերուայ նախաձեռնութենէն ներշնչուելով ձեռնարկուած այս նախագիծը ունեցաւ յաջողութիւն, դարձաւ աւանդական ու պահանջուած՝ ժողովուրդին կողմէ։ Երբ կու գայ աշունը, բոլորը արդէն կը սկսին սպասել այս ձեռնարկին։

«Մեր առաքելութիւնը գիրք տարածելն է, իսկ գիրք ըսելով՝ միայն ընթերցանութիւն չենք հասկնար։ Գիրքը գիտելիքի ձեռքբերման հիմնական աղբիւրներէն մին է։ Մենք կ՚ուզենք լաւ, կիրթ հասարակութեան մէջ ապրիլ։ Մենք կ՚ուզենք, որ նոր սերունդը աւելի զարգացած, բարեկիրթ ու լաւ ըլլայ։ Գիրքը այս բանին կը նպաստէ։ Ինչ բանի որ հասած ենք՝ մեծ չափով կը պարտինք գիրքին», ըսաւ Խաչիկ Վարդանեան։

«Գիրքի օր ու գիշեր» ծրագիրով նախատեսուած ձեռնարկները միայն երէկուան օրով չսահմանափակուեցան։ Անոնցմէ ոմանք պիտի շարունակեն յառաջիկայ օրերուն՝ զանազան ժամանցային ծրագրերով եւ ածանցուելով Երեւանի մէջ նախատեսուած կարգ մը փառատօներու կամ ընկերային այլ ծրագրերու հետ։

Միւս կողմէ, Խաչիկ Վարդանեան տեղեկացուց, որ մտադիր է դիմել Հայաստանի կառավարութեան՝ յաջորդ տարի այս օրը գրքի տօն դարձնելու նպատակով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021