ՄԱՐԴՈՒՍ «ԵՍ»Ն Է ԻՐ ԻՍԿ ԱՄԵՆԱՎՆԱՍԱԿԱՐ ԹՇՆԱՄԻՆ
«Թշնամութիւն» բառը ամենէն նողկալի բառն է ամէն լեզուի բոլոր բառարաններուն մէջ։ Երանի՜ թէ չըլլար թշնամութեան զգացումը մարդոց մէջ եւ չգործածուէր այդ բառը՝ բոլոր լեզուներու մէջ անխտիր։ Բայց իրատես պէտք է ըլլալ՝ թշնամութիւնը արդէն իսկ սկսաւ մարդ էակին ստեղծագործութենէն ի վեր, այն պահէն՝ երբ մարդ անդրադարձաւ իր էութեան, հպարտացաւ ինքն իրմով եւ թշնամութեան հունտեր սկսան սերմանուիլ անոր սրտին եւ մանաւանդ մտքին մէջ…։
Շատ սովորական պիտի ըլլայ ըսել՝ թէ մարդուս իսկական թշնամին իրմէ դուրս չէ, այլ նոյն ինքն իր իսկ մէ՛ջն է, մարդ նախ իրեն թշնամի է, իրմէ կը բխի ամէն թշնամութիւն, ամէն թշնամական զգացում։ Մարդուս ամենավտանգաւոր եւ վնասակար թշնամին իր «ԵՍ»ն է։
Սուրբ Գրային ճշմարտութիւններ կը վկայեն, որ մարդուս առաջին մեղքը եղաւ՝ հպարտութիւնը, ի՛նչ որ կը նշանակէ հաւանիլ իր «ԵՍ»ին…։
Այս իմաստով, մա՛րդ թող չփնտռէ «թշնամի»ներ իրմէ դուրս, քանի որ իր մէ՛ջն է իր թշնամին՝ իր անպարտելի, անխուսափելի «Ե՛ս»ը…։ Մարդ եթէ կարենար հակակշռել ու տիրապետել իր իսկ «Ես»ին, այն ժամանակ գոյութիւն պիտի չունենար ո՛չ հպարտութիւն, ո՛չ մեծամտութիւն, ո՛չ ինքնահաւանութիւն։
«Ինքզինքդ ճանչցի՛ր»։ Այս տաճարային, այս սկզբունքային խօսքը՝ ճարն ու դարմանն է ամէն մոլութեան եւ որոնց արդիւնքն է, անխուսափելի հետեւանքը թշնամութիւնը, որ կը կարծուի, թէ դուրսն է, այլ հոն՝ ո՛ւր կը գտնուի մարդ ինք…։ Ուրեմն, ջանանք հակակշռել, զսպել, սանձել մեր «Ես»ը եւ զայն հպատակեցնել մտքին, բանականութեան, կիրքերը կշռել ու չափաւորելու աշխատինք, որպէսզի խաղաղ ու երջանիկ կեանք մը ունենանք եւ ապրինք համերաշխութեան մէջ։
Ուրեմն աղօթենք, որ մեր ներքին «թշնամի»ն հեռանայ մեզմէ, առիթ չտայ, որ ան ստեղծէ նոր թշնամիներ, որոնց մա՛յրն է «Ես»ը, ինքնամոլութիւնը, հպարտութիւնը։
Իսկ «Ես»էն ստեղծուած արտաքին թշնամիներուն համար աւելի եւս աղօթենք, ինչպէս աղօթեց Յիսուս։
«Յիսուս ըսաւ.- Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, քանի որ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (ՂՈՒԿ. ԻԳ 34)։ Ուստի թշնամիին համար աղօթել՝ կը նշանակէ ինքն իրեն համար աղօթել ամէն բանէ առաջ, եւ յետոյ «գոյացած թշնամի»ին համար…։
Նոյնպէս Սուրբ Գիրքը կը վկայէ թշնամութեան եւ թշնամիներու դէմ կատարելի ընթացքին. «Վասնզի մարդ մը եթէ իր թշնամին գտնելու ըլլայ, զանիկա թող կու տա՞յ որ խաղաղութեամբ երթայ, ուստի այսօր քու ինծի ըրածիդ փոխարէն Տէրը քեզի բարիք թող հատուցանէ» (Ա. ԹԱԳ. ԻԴ 20)։
«Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր, ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր» (ԱՌԱԿ. ԻԵ 21)։
Ուստի «սիրոյ պատուիրան»ը կը տարածուի եւ կ՚ընդգրկէ բոլոր թշնամիներուն վրայ։ Աւետարանի ըմբռնած ազատագրումը անյարիր է թշնամիին ատելութեան հետ, բայց ո՛չ այն ատելութեան հետ, որ մարդ կ՚ունենայ իր թշնամիին գործած չար արարքին հանդէպ։ Եւ մարդիկ՝ օժտուած են միեւնոյն հոգիով, ուստի բոլոր մարդիկ, անխտիր ունին նոյն բնութիւնը եւ նոյն ծագումը։ Ուրեմն բոլոր մարդիկ հաւասար արժանապատուութեան տէր են։
Աստուածաշունչ մատեանը Աբէլին իր եղբօր՝ Կայէնի ձեռքով սպանութեան պատմուածքին մէջ (ԾՆՆԴ. Դ 8-12) մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ կը յայտնէ մարդուն մէջ գոյութիւնը բարկութեան, ընչաքաղցութեան եւ թշնամութեան՝ հետեւանք սկզբնական մեղքին։ Եւ մարդը թշնամի՛ դարձաւ իր նմանին։ Աստուած կը մատնանշէ այս եղբայրասպանութեան նենգաւոր բնոյթը. «Ի՞նչ ըրիր»։ Եղբօր արեան ձայնը կ՚աղաղակէ դէպի ամէն շրջանի մարդուն։ Այս կը նշանակէ՝ անցեալին անմիջական փոխանցումը ներկային։
Արդարեւ «մարմնական մահ»ը, որմէ մարդ զերծ մնացած պիտի ըլլար եթէ մեղանչած չըլլար՝ կը հանդիսանայ մարդուն «վերջին թշնամի»ն, որ ի վերջոյ պիտի պարտուի. «Վերջին թշնամին որ պիտի բնաջնջուի՝ Մահը պիտի ըլլայ» (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 26)։
Արդարեւ Քրիստոս մեռաւ, քանի որ սիրեց մարդը՝ երբ տակաւին թշնամի էր իր նմանին. (ՀՌՈՄ. Ե. 10)։ Ուստի Ան կը պատուիրէ մարդոց՝ սիրել զիրար Իրեն պէս, եւ նոյնիսկ իրենց թշնամիները։
Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ, թէ սէրը չի բարկանար եւ անոխակալ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այն, որ անկեղծ սէր ունի, երբե՛ք չի թշնամանար իր նմանին։ Այլ ան կը խայտայ ճշմարտութեան մէջ. (Ա. ԿՈՐՆ. ԺԳ 4-7)։ Այսպէս, Աւետարանը կ՚առաջնորդէ Օրէնքը իր լիութեան, նմանելով երկնաւոր Հօր կատարելութեան, ներելով թշնամիներուն եւ աղօթելով հալածողներուն համար, ըստ օրինակին աստուածային առատաբաշխութեան. (ՄԱՏԹ. Ե 44)։
Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս կը յիշեցնէ պատուէրը. «Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) եւ այս պատուէրին վրայ կ՚աւելցնէ արգիլումը՝ բարկութեան, ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան։ Դեռ աւելի՛ն, Յիսուս կը պատուիրէ Իր աշակերտին միւս երեսը դարձնել եւ սիրե՛լ թշնամիները։
Յիսուս, Ինքն իսկ Ինքզինք չպաշտպանեց եւ ըսաւ Պետրոսին՝ որ սուրը պահէ իր պատեանին մէջ եւ չգործածէ՛։ Կամաւոր ատելութիւնը եւ թշնամութիւնը բոլորովին հակառա՛կ է սիրոյ։ Մերձաւորին ատելութիւնը մե՛ղք մըն է, երբ ան ազատակամօրէն անոր չարիքը կը ցանկայ եւ կը վերածուի թշնամութեան։
Մերձաւորին ատելութիւնը ծանր մե՛ղք է, երբ ազատակամօրէն անոր ծանր վնաս մը կը մաղթէ. «Բայց Ես կ՚ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, աղօթեցէ՛ք ձեզ հալածողներուն համար, որպէսզի որդիներ ըլլանք ձեր Հօրը՝ որ երկինքն է…» (ՄԱՏԹ. Ե 44-45)։
Թշնամութեան մէկ արտայայտութիւնն է՝ բարկութիւնը։ Բարկութիւնը որքան արտայայտութիւն, նոյնքան ալ պատճառն ու շարժառի՛թն է թշնամութեան։
«Բարկութիւն»ը փափաք մըն է վրէժխնդրութեան։ Վրէժխնդրութիւնը ապօրինի է, վրէժխնդրութիւն բաղձալը պատիժի արժանացած մարդուն գործած գէշութեան համար, եւս ապօրինի է։ Գովելի է սակայն անոր հատուցում պարտադրել մոլութիւնները սրբագրելու եւ արդարութիւնը պահպանելու համար։ Եւ եթէ բարկութիւնը հասնի մինչեւ մերձաւորին թշնամութեան՝ սպաննելու կամ զինք ծանրօրէն վիրաւորելու ազատակամ փափաքին, ան ծանրօրէն կը հակառակի, կը հակադրէ սիրոյն, եւ «մահացու մեղք»ի աստիճանին կը հասնի…։
Արդարեւ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ բարկանայ իր եղբօրը, պարտաւոր պիտի ըլլայ դատաստանի» (ՄԱՏԹ. Ե 22)։
Պիտի ըլլա՞յ արդեօք օր մը՝ առանց ատելութեան եւ թշնամութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 3, 2015, Իսթանպուլ