ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէսը։ Ներկայ էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան, տեղւոյն Թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ իր ընկերները, տնօրէն Արաս Տելիճէ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, վաստակաւոր տնօրէն Մարի Նալճը, ինչպէս նաեւ ծնողներ, որոնք փութացած էին ողջունելու շրջանաւարտները։ Յայտագրի բացման խօսքը արտասանեցին շրջանաւարտ դասարանի ուսուցչուհի Տիրուհի Պերին եւ Արաս Տելիճէ։ Ապա տղաքը ներկայացուցին անգլերէնով թատերախաղ մը՝ «Խաղալիքներու պատմութիւն»ը։ Յանուն շրջանաւարտներուն հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին Վարդան Մամիկոնեան եւ Ասլին Չերքեզօղլու։ Ժանին Իսքէնտէրօղլուի փոքրիկ համերգէն ետք պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ յիշատակներու տեսերիզ մը։ «Վերջին հայերէն դաս» թատերակի ներկայացումէն ետք բեմ առաւ աշակերտական երգչախումբը՝ Մելիքճան Զամանի խմբավարութեամբ։ Աւարտին պատուոյ հիւրերու եւ կրթական մշակներու ձեռամբ յանձնուեցան վկայականներն ու զանազան յուշանուէրներ։ Երեկոյթը եզրափակուեցաւ ընդունելութեամբ մը։