ՕՏԱՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Մերը կը ձգենք, ուրիշինը կը սիրենք:

Մենք շատ բարի ենք, անմիջապէս կը ներենք:

Կարճամիտ չենք, սակայն յիշողութեան հետ կապուած լուրջ խնդիրներ ունինք:

Առանց ներողութիւն խնդրելու՝ կը ներենք, կրնանք ներել:

Ժպիտի մը դիմաց դիւրին կը ձուլուինք:

Մերձաւորի բարիքը չենք գնահատեր, մինչդեռ օտարի ողորմութեան դիմաց գլուխ կը խոնարհենք:

Օտարասէր ենք, օտարապաշտ, օտարամոլ:

Այդ մենքը՝ հայն է, հայ ժողովուրդը, հայ ազգը: Մեր էութիւնը այսօր չէ, որ փոխուեցաւ: Այդպիսին էինք ու կանք: Այն արմատացած է մեր մէջ, վերածուելով ազգային բնաւորութեան:

Հայերէնի հարուստ բարբառներէն մին է Արցախի բարբառը, յայտնի իր աւելի քան երեսուն ենթաբարբառներով: Այդ բարբառով ես կը խորհիմ: Իմ ուրախութիւնը, տխրութիւնը, զայրոյթը կը ճայթեն քաղցրահամ բարբառովս: Մեր հարուստ բարբառը լի է բազում օտար բառերով ու արտայայտութիւններով: Մասնաւորապէս զգալի է ռուսերէնի ազդեցութիւնը: Արդիական դարձած է առօրեայ խօսակցական լեզուի մէջ գործածել բազում ռուսերէն բառեր ու արտայայտութիւններ: Ոմանք, ես կ՚ըսեմ շատեր, նոյնիսկ իրենց նախադասութեան կէսը կը կազմեն ռուսերէնով:

Ես նոյնպէս յատուկ սէր ու ակնածանք կը տածեմ ռուսերէն լեզուի, ռուս ժողովուրդի նկատմամբ: Երբ դպրոցահասակ էի, իմ բառապաշարի մէջ կը գերակշռէր ռուսերէն բառերը: Նոյնիսկ չէի նշմարեր, թէ որքան շատ կը գործածեմ: Օր մը մեր դպրոցի մէջ ականջալուր եկայ գրեթէ իմ տարեկիցներու երկխօսութեան: Անկեղծօրէն շատ հիասթափուեցայ: Այդ պահուն զգացի, թէ մենք որքան օտարապաշտ ենք եւ որքա՜ն կը սիրենք աղաւաղել մեր լեզուն: Որոշեցի իմ բառապաշարը մաքրել օտարածին բառերէ եւ մինչեւ այսօր ալ կ՚աշխատիմ այդ ուղղութեամբ:

Սկզբնական շրջանին բաւական դժուար էր, անսովոր, սակայն ես կրցայ յաջողիլ: Իսկ որոշ յաջողութիւններ արձանագրելէ վերջ, այլեւս իմ ականջներուն խորթ ու տգեղ կը հնչէին իւրաքանչիւր աղաւաղում:

Աւա՜ղ, մենք հակուած ենք աղաւաղելու ո՛չ միայն մեր լեզուն, այլեւ՝ կեանքը, ապրելակերպը, այն ամէն ինչ որ ազգային է՝ աւանդութիւնները, սովորութիւնները, մշակոյթը: Ցաւօք սրտի, մենք մանրաթելերով կապուած ենք այն բոլորին, ինչ որ ի սկզբանէ կը պատկանի մեզի: Հակուած ենք չնչին առիթի մը պարագային սրդողիլ, հիասթափուիլ մեր ունեցածէն: Աննշան դժուարութեան պարագային նեղսրտած կը լքենք մեր հայրենիքը: Օտարութիւնը կը թուի քաղցր ու անուշ: Կարծես Ռուսաստանի, Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու մէջ գրկաբաց, ոսկիներն ու զմրուխտները փռած մեզի կը սպասեն:

Սրդողած, երբեմն նոյնիսկ պախարակելով կը լքենք մեր երկիրը, պատճառաբանելով՝ երկիրը երկիր չէ: Վայրկեան մը, երկիրը երկիր է, պարզապէս դուն արժանի չես այդ աստուածատուր հողակտորին:

Ցաւալի է, որ Հայաստանը լքողներու մեծ մասը՝ իրենց հայրենի բնօրրանը լքելով հանդերձ կ՚այրեն բոլոր կամուրջները: Անմիջապէս, իրենց յօժար կամքով կը ձուլուին օտարութեան մէջ: Արտագաղթելով անոնք իրենց բերանները կը կողպեն: Այլեւս իրենց զաւակներու հետ շփուած ատեն, իրենց շուրթերէն չ՚ելլեր հայերէն նոյնիսկ մէկ բառ: Անոնց զաւակները, սերունդները դիւրութեամբ կը ձուլուին տուեալ երկրի վարք ու բարքին: Որպէս մայրենի կը սերտեն տուեալ երկրի պաշտօնական լեզուն: Հայ են, սակայն հայերէն չեն գիտեր: Ոգեւորուած ու շահագրգռուած են սերտելու անգլերէն կամ ուրիշ լեզու մը, սակայն ոչ հայերէն: Պատճառաբանութիւնը պատրաստ է՝ հայերէնը խրթին լեզու է, բաց աստի ո՞ւր պիտի գործածենք:

Աւելի ցաւալի երեւոյթ մըն ալ կայ: Հայրենադարձները: Տասնամեակներ առաջ Սովետական Ատրպէյճանէն Հայաստան փոխադրուածներու մեծ մասը հրաժարեցան հայերէնը սերտելէ. մինչեւ այսօր կը խօսին ռուսերէն: Նոյն ողբալի պատկերը կը նշմարենք նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած ռուսահայերու պարագային: Մարդիկ կը վերադառնան հայրենիք, սակայն կը շարունակեն կառչած մնալ, փայփայել ռուսերէնը:

Քաւ լիցի, ես բնաւ դէմ չեմ օտար լեզու իմանալու: Աւելի՛ն, օտար լեզուներու իմացութիւնը ցանկալի ու պարտադիր է: Ես դէմ եմ օտար լեզուն մայրենիի փոխարէն սերտուելուն: Այսինքն, ոչ մէկ պարագայի կարելի է առաջնայինը խառնել երկրորդայինի հետ:

Բաւական տգեղ երեւոյթ մըն է նաեւ, երբ հայը կը գանգատի, կը փնովէ իր սեփական երկիրը: Ասոնք կոպիտ սխալներ են, որոնց տուած պտուղները թունաւոր են եւ վնասակար՝ հայրենիքի առողջութեան համար:

Այսօրուայ Հայաստանի ողբերգական վիճակի պատճառներէն մին է նաեւ չափէ շատ օտարապաշտ ըլլալը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022