ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐ
Մթնոլորտը, որ կը տիրէ մեր Հայրենիքէն ու սփիւռքէն ներս, բաւական մտահոգեցուցիչ եւ յուսահատական է: Մտահոգեցուցիչ, որովհետեւ տարիներով մարդուժի մասին խօսած ենք, քարոզած, տեղի անտեղի բարբաջած, բայց այսօր մարդուժի չգոյութեան պատճառով, մեր Հայրենիքին ղեկը անցած է խումբ մը բախտախնդիրներու ձեռքը, որոնք բացի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերէն, ամէն ինչի մասին կը մտածեն եւ ամէն տեսակ կ՚աշխատին իրենց ու իրենց շրջապատին կեանքը բարելաւելու, միւս կողմէ հակառակորդին ու օտարներուն հաճելի ըլլալու համար: Մինչ, մեր դժբախտ ու տառապած ժողովուրդը, կը շարունակէ դժբախտանալ ու տառապիլ, յոյսը չկտրելով, որ օր մը մեր երկրի երկնակամարին պայծառ առաւօտ կը բացուի եւ հայն ալ, ի վերջոյ, կ՚ապրի մարդավայել ու արժանապատիւ կեանքով:
Անորոշութիւնը եւ անվտանգութեան բացակայութիւնը կը մտատանջէ իւրաքանչիւր հայու, որ առողջ դատողութիւն եւ խիղճ ունի: Ըսուած է, որ անորոշութիւնը մարդուն ամենէն մեծ թշնամին է եւ ամենէն ուժեղ զէնքը, որ կը կազմաքանդէ, կը կազմալուծէ զօրաւոր հաւաքականութիւններ ու անհատներ:
2018 թուականին կատարուած «յեղափոխութիւն»էն այս կողմ, ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը՝ որ կը տիրէ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, կարծէք աննախընթաց է եւ բազմաթիւ վտանգներով լեցուն: Այսօրուան իշխողները լաւապէս կը հասկնան ու կը գիտակցին իրենց կատարածին եւ այդ ուղղութեամբ իրենց հաշուառկները լաւագոյնս կատարած են: Օգտագործելով նախկիններուն արդէն իսկ հինցած ու մաշած երգը, կը շարունակեն գինովութեան մէջ պահել մեր ժողովուրդի այն մասը, որուն համար Հայրենիքը այնքան ալ կարեւոր կամ առաջնային չէ, ինչքան իր ստամոքսը, աչքը շոյող տեսարաններն ու ականջը փայփայող լոզունգները:
Այսօրուան իշխանաւորներուն գործողութիւնները, հրապարակային ելոյթները, յայտարարութիւններն ու գրառումները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ նուաստացում եւ անարգանք զիրենք իսկ ընտրած ժողովուրդին: Շնորհիւ անոնց եւ արհեստական եւ անողնաշար ընդդիմութեան մեր երկրի գերագոյն մարմիններէն մէկը՝ Ազգային ժողովը վերածուած է կրկէսի մը, ուր ի՜նչ ըսես կարելի է գտնել՝ ակնկալած ու չակնկալած:
Այս բոլորին ի տես, պահ մը կը կանգնիս ու կը հարցնես: Լաւ, մեր ժողովուրդը ինչպէ՞ս կամ ինչո՞ւ համար նման բախտախնդիրներու վստահեցաւ երկրին ղեկը: Բազմաթիւ ձեւերով կարելի է պատասխանել այս հարցումին:
Ամենէն կարեւոր ազդակը նախկիններէն ձերբազատուիլն էր, ինչ բանը վարպետօրէն օգտագործեցին այսօրուան բախտախնդիր իշխանութիւնները: Այս մէկը անշուշտ կը վերաբերի 2018-ին կատարուած իրադարձութիւններուն:
Ինչ կը վերբերի յետպատերազմական ժամանակաշրջանին կատարուած ընտրութիւններուն, ապա փաստ է, որ այդ ընտրութիւններուն զգալի մասը մեր ժողովուրդին չմասնակցեցաւ, որովհետեւ արդէն իսկ հասկցած էր ինչ կը կատարուի, աւելին՝ ի՛նչ կրնայ կատարուիլ եթէ նախկինները կամ արդէն իսկ նախկին դարձած ներկաները վերստին յայտնուին իշխանութեան ղեկին: Առ այդ, այդ մասը մեր ժողովուրդին նախըտնրեց չմասնակցիլ, որովհետեւ արդիւնքը նախքան ընտրութիւններն իսկ յայտնի էր:
Ինչ կը վերաբերի մասնակցողներուն եւ ընտրողներուն, ապա Արամ Աբրահամեանի հետեւեալ գրութիւնը պատասխաններէն մէկը կարելի է համարել: Աբրահամեան, խօսելով Ազգային ժողովի ներկայ կազմի մասին, կը գրէ.
«Նման՝ սարսափելի ցած, փրիմիթիվ մտաւոր մակարդակը իսկապէս «աննախադէպ է» հայկական փարլամենթարիզմի 30 տարուայ պատմութեան մէջ: Եւ ես այս մէկուն այլ բացատրութիւն չունիմ, քան մեր ընտրողներու համապատասխան մակարդակը: Պատգամաւորները կ՚ընեն այն, ինչ իրենցմէ կը սպասեն ընտրողները: Անոնք շատ կ՚ուրախանան, եօթներորդ երկինքի մէջ կը յայտնուին, երբ, ըսենք, վարչապետը, ըստ էութեան, չպատասխանելով հարցերուն, կ՚ըսէ այն, ինչ որ իր մօտ լաւ կը ստացուի՝ որեւէ ընդդիմադրի «շշում է»: «Բա ճիշդ կ՚ընէ, անոնք ո՞վ են, որ հարց տան, 30 տարիէ ի վեր երկիրը թալանած են»,- էքսթազիի մէջ կ՚իյնայ «ժողովուրդը»: Նոյնպիսի հրճուանք կ՚ապրին «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքի ընտրողները, երբ անոնք կը լսեն կամ կը կարդան «Օմեկա Արօ» արտայայտութիւնը:
Այնպէս որ՝ ամէն ինչ տեղի կ՚ունենայ ժողովրդավարական նորմերուն համապատասխան: Մինչեւ չփոխուին ընտրողները՝ չի փոխուիր նաեւ խորհրդարանը»:
Մեր բուն հարցը մեր ժողովուրդին մտային մակարդակը բարձրացնելն է: Անցնող երեսուն տարիներուն՝ նախկիններուն ժամանակ, ժողովրդային բառապաշարով՝ խելքը գլուխը մարդ չէր մնացած երկրին մէջ, եւ այդպիսիները կամայ եւ շատ յաճախ ակամայ կերպով արտագաղթած էին: Հինցած նորերուն իշխանութեան գալուն սկզբնական շրջանին մեծ յոյս կար, որ կամաց-կամաց այդ արտագաղթողները կը սկսին վերադառնալ, միւս կողմէ նախկիններուն օրով երկրին մէջ մնացած՝ սակայն մութին մէջ ապրող խելք-գլուխ ունեցողները լոյս աշխարհ կու գան, որով սկիզբ կ՚առնէին մեր դարերով երազած պետականութեան հզօրացումը եւ մեր ժողովուրդին ազատ ու որպէս քաղաքակիրթ ապրելու ժամանակաշրջանին սկիզբը, այն ինչ՝ նոր հագուստներով հիներէն աւելի արմատական հիները նոյն քաղաքականութիւնը որդեգրեցին՝ ինչ նախկինները որդեգրած էին, եւ ի տարբերութիւն անոնց, ասոնք չբաւարարուեցան «խնամի, ծանօթ, բարեկամ» աշխատանքի տեղաւորելով, այլ՝ 2018-ին կատարուած իշխանափոխութեան ժամանակ անոնք որոնք շիշ մը բռնած ու երկարած էին բախտախնդիրներուն՝ որոնք փողոցներ կը փակէին եւ փողոցներով կը քայլէին, այդ շիշ բռնողները սկսան տեղաւորել բարձր պաշտօններու: Մէկ խօսքով, երեսուն տարիներու խեղկատակութիւնը նո՛ր թափով եւ նոր մեթոտներով շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի:
Այսպիսով, մինչեւ մեր ժողովուրդին մտային մակարդակը չբարձրանայ, հիները իրենց հագուստները փոխելով եւ իրենք զիրենք նոր անուանելով իշխանափոխութիւն պիտի ընեն: Իսկ եթէ իւրաքանչիւր նոր եկող վերջին նորերուն նման վարուի, այսինքն հողերը ձրի կերպով յանձնէ հակառակորդին՝ առանց մտաբերելու հազարաւոր հայորդիներու թափած արիւնը, առանց յարգելու մեր հերոսներուն ծնողները, ապա յառաջիկայ հարիւր տարիներու ընթացքին դժուար է ենթադրել, թէ մենք կրնա՞նք մեր գոյերթը շարունակել մարդկութեան պատմութեան մէջ:
Իրավիճակը դարձեալ կը կրկնեմ մտահոգեցուցիչ եւ յուսահատական է, սակայն մեր ժողովուրդը փիւնիկի յատկութիւն ունի: Ճիշդ է, մեր ժողովուրդին կեանքը տառապալից եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ, ճիշդ է, որ այսօր գոյատեւելու կամ չգոյատեւելու հարցին դիմաց կանգնած ենք, ճիշդ է, որ յուսահատական է մեր վիճակը այսօր, սակայն Հայոց Հայրիկին՝ Խրիմեանին խօսքերը աւելի քան երբեք զօրաւոր կերպով կը թնդան մեր ականջներուն մէջ.
«Սակայն դուք մի վհատիք, Աւետարանի հարուածեալ որդիքներ. յոյս առ ու քաջալերուէ, ժողովուրդ Հայոց, երկհազար ամ է որ իշտ ջախջախուիս ու չես մեռնիր: Պարսիկ, Յոյն, Արաբացին եւ Կովկասեան բարբարոս ազգերը միշտ արշաւեցին ու քանդեցին քո հայրենիք, բայց դու անվկանդ՝ անյուսահատ ոգի մի ունիս, որով կ՚ապրիս ու կը մնաս մինչեւ ցայսօր:
«Հաւատք քո կեցուցին զքեզ», ասաց Քրիստոս, ուրեմն հաւատա, որ երկնից նախախնամութիւն արդար եւ բարերար է. քո սերմն ու արմատ պիտի պահէ այդ բնիկ հողին մէջ, որ քո հայրենատուր ժառանգութիւն է. ընդունայն կը ճգնին այն ձեռք, որ կ՚աշխատին զքեզ արմատախիլ առնել»:
Ամո՛ւր կառչինք այդ անվկանդ՝ անյուսահատ ոգիէն, յուսալով որ շուտով մեր ժողովուրդին արշալոյսն ալ կու գայ: Հաւատանք ու վստահինք Նախախնամութեան արդարութեան ու բարերութեան, որով մեր արմատը պիտի պահուի ու պահպանուի մեր բնիկ հողին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
21 յունուար 2022, Վաղարշապատ