Կիրակի 2, Փետրուար 2025
«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԱՅՑԸ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սաները վերջին օրերուն այցելեցին հոգելոյս Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայրը՝ մինչ նշուեցաւ իր նահատակման 15-րդ տարելիցը։ Յիշողութեան վայրի համակարգող Նայադ Գարաքէօսէ եւ հիմնարկի Թուրքիա-Հայաստան ծրագրի համակարգող Թալին Սիւզմէ ուղեկցեցան աշակերտներուն՝ բացատրութիւններ տալով անոր կենսագրութեան ու գաղափարներուն շուրջ։
Ի յիշատակ այս այցելութեան տղաքը նկարահանուեցան հիմնարկի պատասխանատուներուն եւ իրենց ուսուցչուհիներուն հետ։
Չորեքշաբթի, Յունուար 26, 2022