ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԸ

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է այս վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը՝ ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ, երբ պոլսահայ կրթական հաստատութիւնները լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Այս խնդիրներէն անմասն չէ նաեւ «Հրանդ Տինք» դպրոցը, որու ի նպաստ նուիրահաւաքը նախատեսուած է՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ, Հորոզօղլու ամոլը երէկ այցելեց խմբագրատունս, ուր մեզի ներկայացուց բազմակողմանի բացատրութիւններ դպրոցի մասին՝ ներառեալ պիւտճէի կարիքները։ «Հրանդ Տինք» դպրոցը այս տարի ունի 80 աշակերտ։ Հասկնալի պատճառներով դպրոցի աշակերտութեան թիւը այս տարի որոշ չափով նուազած է։ 16 հոգիէ բաղկացեալ ուսուցչական կազմը անոնց կը ջամբէ անհրաժեշտ գիտելիքները՝ դասաւանդելով ծրագրի ընդգրկած բոլոր առարկաները։ Դպրոցը ունի նաեւ երկու պաշտօնեայ։

Բացառիկ առաքելութիւնով, հետեւաբար նաեւ բացառիկ նշանակութիւնով այս հաստատութեան պիւտճէի բացը ներկայիս կը կազմէ 1 միլիոն 100 հազար լիրա։ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները երէկուան մեր զրոյցի ընթացքին խորին երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան համայնքային բարերարներուն կողմէ ցայսօր այս դպրոցին նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան, հոգածութեան եւ զօրակցութեան կապակցութեամբ։ Եթէ չըլլար անոնց վերաբերմունքը, ապա դժուար թէ այս դպրոցը գոյատեւէր, ինչ որ պիտի նշանակէր տարիներէ ի վեր անոր շեմէն անցած սաներու ցիրուցան դառնալը։ Այժմ, կամաւոր հոգաբարձուները հերթական անգամ կը դիմեն համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան եւ բարերարներու աջակցութեան։ Անոնք կը սիրեն յուսալ, թէ այս տարի եւս դպրոցը անհրաժեշտ աջակցութեան առարկայ պիտի դառնայ՝ իր գործունէութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու համար։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022