ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ներ­կայ ամ­րան ըն­դա­ռաջ Գնա­լը կղզիի մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու բա­րե­կարգ­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ բազ­մա­կող­մա­նի ծրագ­րի մը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նե­տար իր ընտ­րուած օ­րէն ի վեր շատ դրա­կան վե­րա­բեր­մունք ցոյց կու տայ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն նկատ­մամբ, նե­րա­ռեալ թրքա­հա­յու­թիւ­նը։ Այս շրջագ­ծով ան ցարդ ան­մի­ջա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կած է մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ եւ այս ամ­բող­ջին մէջ ող­ջու­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը կ՚ու­նե­նայ մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, որ իր խորհր­դա­կանն է։

Ամ­րան ե­ղա­նա­կին ըն­դա­ռաջ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը հիմ­նա­կան ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է Գնա­լը կղզիի վրայ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի ա­մա­րա­նո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կար­գադ­րու­թեամբ բա­րե­կար­գուած է պար­տէ­զը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Գնա­լը կղզին ամ­րան շրջա­նին կը դառ­նայ մեր հա­մայն­քին սիր­տը, այս ամ­բող­ջին մէջ Պատ­րիար­քա­րա­նի ա­մա­րա­նոցն ալ կը վե­րա­ծուի բա­նուկ ժա­մադ­րա­վայ­րի մը։ Հե­տե­ւա­բար, Պատ­րիար­քա­րա­նի ա­մա­րա­նո­ցի պար­տէ­զին բա­րե­կար­գու­մը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այ­ցե­լու­նե­րը պատ­շաճ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ա­ռու­մով։

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի զօ­րակ­ցու­թեան երկ­րորդ հաս­ցէն ե­ղած է Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի կազ­դուր­ման կա­յա­նը։ Այս­պէս, «Գրի­գոր Ճամ­պա­զեան» խա­ղա­վայ­րին յա­տա­կը ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գուած է, նաեւ տղոց մարմ­նա­մար­զի պա­րապ­մունք­նե­րուն հա­մար ստեղ­ծուած են անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րը։

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը իր խնամ­քին ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած է նաեւ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ձմրան շրջա­նին ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րի բա­ցօ­թեայ հա­տ-ւած­նե­րէն ներս յա­ռա­ջա­ցած են զա­նա­զան վնաս­ներ, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը աշ­խա­տանք­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ այդ բո­լո­րի վե­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Հարկ է նշել, որ վե­րո­յի­շեալ ամ­բողջ գոր­ծը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ կղզի ու­ղարկուած վար­պետ­ներն ու բա­նուոր­նե­րը։ Ա­նոնք կը յայտ­նեն, որ ար­դէն քա­նի մը օ­րուան ըն­թաց­քին ա­մէն ինչ հա­սած պի­տի ըլ­լայ իր ա­ւար­տին։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015