ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի կազմութեան երկրորդ տարեդարձին ձօնուած հաւաքոյթ մը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Երիտասարդ երախտաւորներու ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ ամփոփելու համար քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած վերջին երկու տարիներու դժուարին ժամանակաշրջանին այս յանձնախումբի ծաւալած աշխատանքին կարեւոր նշանակութիւնը։ Արդարեւ, այդ գործունէութեան շնորհիւ հարիւրաւոր ընտանիքներու կարիքները թէկուզ մասամբ դիմագրաւուեցան, բայց մեր համայնքի օրակարգէն երբեք չպակսեցաւ համախումբ ըլլալու զօրակցութեան մէջ, նաեւ աղօթակից մնալու անհրաժեշտութիւնը։ Երէկուան ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ Քրիստին Տինչքայըքճըի եւ Առէն Տատըրօղլուի կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը, որ կը ցոլացնէր երկամեայ աշխատանքը։

Ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լիտիա Ալաչամի եւ Տայք Միսիսեանի։ Ընկերային զօրակցութեան յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խրախուսական վերաբերմունքին համար։ Խաչիկ Ճանէլ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ այն երիտասարդ կամաւորներու մասին, որոնց ջանքերուն շնորհիւ յանձնախումբի գործունէութիւնը դարձած է նպատակասլաց։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով, որու ընթացքին ան իր պատգամը փոխանցելէ վերջ ապահովեց սրահէն ներս երկխօսութեան մթնոլորտ։ Այս փուլին կամաւորներն ու իրենց ընտանիքները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին իրենց կարծիքները, որպէսզի յառաջիկայ աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դառնայ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, բոլոր կամաւորներուն եւ հաստատութիւններուն կողմէ դրսեւորուած զգայնութեան համար։

 

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022