ՁԻՒՆՈՏ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ձիւնոտ առաւօտ մըն էր, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պիտի ուղղուէի դէպի Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Տնտեսի կիրակիին։ Օդը ցուրտ, ճանապարհը դժուար, սակայն մեր կայանը օրհնալից, յատկապէս կիրակնօրեայ պաշտամունքին պատրաստուածներուս համար։ Ձիւնը կը պատէ մեր շրջակայքը եւ չունինք աչքի պայծառ դոյզն հորիզոն մը։ Իսկ միւս կողմէ տակաւ առ տակաւ կը սկսին զօրանալ ականջները մեր սրտերուն եւ կը լսեն երգը ձիւնին, մեղեդին գեղեցիկին եւ մաքուրին, ըստ որում Սուրբ Էջմիածնի Տաճարով միացած գեղածիծաղ երկինքը ազդած է ուղեւորներուս վրայ դրականութեան բոլոր ազդակներով։

Հետեւաբար, մի քիչ ռոմանթիք է մեր ճանապարհը այս առաւօտ, սակայն նոյնքան իրապաշտ է ուղեկից քայլերուն մէջ։ Խաղաղ ու հանգիստ առաւօտեան կը սկսինք աղօթքով, կը պայծառանանք շարականով, կը պարուրուինք խունկով ու բուրմունքով եւ կ՚ուղեւորուինք դէպի այս շաբթուան մեր նպատակակէտը. Ս. Պատարագ, քարոզխօսութիւն եւ յատկապէս գոհո՜ւթիւն Հայաստանի մեծագոյն տաճարին մէջ։

Այսպիսի տրամադրութեամբ մօտ կէս ժամուայ ճանապարհէն յետոյ հասած էի արդէն իսկ Երեւանի Ս. Գրի-գոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Քաղաքի մէջ առաւել եւս զգալի էր ցուրտն ու բուքը։ Այլապէս մի առ մի բարձրացայ դէպի եկեղեցի առաջնորդող աստիճաններէն եւ յաջորդիւ մուտք գործեցի հսկայ Մայր տաճարէն ներս։ Եկեղեցին այնպէս մը կազմուած է, որ իւրաքանչիւր այցելու նախ պէտք է խոնարհի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքներուն առջեւ եւ ուխտի աղօթք բարձրացնէ առ Աստուած։ Ահա մասունքի վրայ կը գտնուէր կաթողիկէ մը, որուն վրայի զարդանաշխերը յայտնի կը դարձնէին, թէ անոնք բաւական հին ժամանակներէ հասած էին։ Սուրբ Էջմիածնի պատերուն վրայի զարդերով որքա՜ն նմանողութիւններ ունէին գոյները եւ նկարները որքա՜ն պատմական ոճով պատրաստուած էին, հետեւաբար պատմական կաթողիկէի մը ներքեւ գտնուած արդիական սակայն խորհրդաւոր սիւներուն առջեւ ողջո՜յն տուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքներուն եւ փառք տուի ժամանումիս համար յԵրեւան։ Յաջորդիւ արդէն իսկ իրազեկ դարձայ, թէ այս նկարները քանի դարու պատմութիւն ունէին։

Յաջորդիւ արդէն մօտեցայ դէպի Ս. Խորան եւ ողջունեցի քահանայից եւ սարկաւագաց դասը։ Տէր Ղեւոնդը, Տէր Առնակը, Տէր Դաւիթը, Տէր Մատաթիան եւ տակաւին այլք այդտեղ էին արդէն իսկ արարողութեան համար։ Եկեղեցւոյ պատկառազդու երգչախումբի եւս պատրաստութենէ յետոյ արդէն իսկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագը։ Հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր նաեւ այս մէկը նուաստիս, քանի կանգնած էի այնպիսի հսկայ ու փակ վարագոյրի մը, ինչպէս նաեւ մեծ ու խորհրդաւոր Ս. Խաչի մը առջեւ, ակամայ արարողութեան ընթացքին մտածեցի որպէս մարդ՝ մեր փոքրութեան եւ որպէս Արարիչ՝ Տիրոջ մեծութեան մասին։ Բաց աստի, տեսնել կ՚արժէր այն հաւատացեալները, որոնք դժուարին պայմանները յանձն առնելով փութացած էին եկեղեցի եւ իրենց աղօթքներով կը ջերմացնէին մթնոլորտը։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Տնտեսի կիրակիին խորհուրդին մասին քարոզելու տրամադրութեամբ բարձրացայ Ս. Խորան եւ խօսելէ առաջ քիչ մը դիտարկեցի ժողովուրդը։ Քանակով շատ էր ժողովուրդը եւ նստարանները բոլորովին լեցուն անհատներով։ Սակայն զգացածս այն էր, թէ քանակին առընթեր հաւատացելոց հաւատալի նայուածքը, եկեղեցիէն ու եկեղեցականէն սպասած Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իղձը առաւել եւս զգալի էր։ Սակայն այս իղձը անօթութենէ չէր բղխեր, այլ՝ նախապէս քանիցս Տիրոջ Խօսքով սնանած, աճած ու զօրանալ փորձած հաւատացեալին, վերստին Տիրոջ Խօսքին առջեւ կանգնելու նայուածքն էր։ Այս առումով, մաղթեցի, որ Աստուած ուժ եւ կարողութիւն պարգեւէ իրենց տեսուչ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն։ Նման պարագաներուն ժողովուրդը իր բուռն ներկայութեամբ, նաեւ հոգեւորականին կը յիշեցնէ, թէ տնտեսներն ենք մենք ժողովուրդին եւ անոնք ալ մեր արժէքները։

Ահա այսպէս անցաւ արարողութիւն մը, որուն աւարտին վերջին օրհնութեամբ հոգեւորականներս փոխանցեցինք օրհնութիւն եւ ժողովուրդին մաղթեցինք, որ խաղաղ շաբաթ մը ունենան։ Այս բոլորին մէջ վերստին կ՚արժէր տեսնել իրենց այն մեծ ջանքը, որով կը մօտենային հոգեւորականներուն, որպէսզի անձամբ օրհնութիւն ստանային հոգեւորականներէն։ Ուղղակիօրէն շրջապատուած էինք հոգեւորականներս ժողովուրդով, տեսարան մը, որ որքա՜ն կը մխիթարէ նաեւ մեզ։ Հետեւաբար, Առաքելական խօսքերուն հետեւելով կ՚եզրափակենք Տնտեսի կիրակին.

«Ուստի ես ալ, երբ իմացայ Տէր Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքը, եւ այն սէրը զոր ունիք բոլոր սուրբերուն հանդէպ, չեմ դադրիր գոհութիւն յայտնելէ ձեզի համար՝ յիշելով ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ» (Եփս. 1.15-16)։

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՆՑԵԱԼՈՎ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին, Երեւանի գլխաւոր եկեղեցին է, որ մարմնացումն է երկարատեւ աշխատութիւններէ յետոյ կեանքի կոչուած ծրագրի մը։ Եկեղեցւոյ կառուցողական աշխատանքները սկսած են 1996-ին եւ աւարտած՝ 2001-ին։ Հայաստանի նշանաւոր կոթողներէն մին դարձած այս «Մայր տաճար»ին պատմականը արդէն իսկ ապացոյցն է, թէ որքա՜ն երկար, սակայն ամուր քայլերով ի կատար ածուած է այս ծրագիրը։

Այսքան հսկայածաւալ եկեղեցի մը կառուցանելու գաղափարը առաջին անգամ մտայղացած է երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ 14 յուլիս 1989-ին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եւ Ճարտարապետական յանձնախումբի համատեղ նիստին մէջ որոշուած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօնք հռչակման 1700-ամեակի առթիւ «…մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կառուցել մեծաշուք եկեղեցի մը, հայկական դասական ճարտարապետական ոճի հիման վրայ, ուր շուրջ երկու հազար հինգ հարիւր հաւատացեալներ կարողանան միատեղ աղօթել»։ Այս որոշումէն յետոյ, արդէն իսկ Երեւանի քաղաքապետարանը Մայր եկեղեցւոյ կառուցման համար Օղակաձեւ զբօսայգիի (Circular Park) մէջ, Երուանդ Քոչարի փողոցի հարեւանութեամբ կը յատկացնէ 1.5 հեկտարնոց հողատարածք մը։

Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ 31 մարտ 1990-ին, Մայր եկեղեցւոյ կառուցելի վայրին կը զետեղուի յուշաքար մը։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքերուն մէջ կ՚ըսէ. «Իմ հայեացքն ուղղելով դէպի մօտ ապագան, մօտ տասը տարի յետոյ, իմ հոգու աչքերով կը տեսնեմ այն հոյակապ տաճարը, որ պիտի բարձրանայ այստեղ, եւ սուրբ խաչը պիտի սլանայ դէպի երկինք։ Հաւանաբար ես այստեղ չեմ ըլլար, բայց գուցէ յիշեցէք ինձ այդ օրը»։ Ապրիլ 1990-ին յայտարարուած է Մայր եկեղեցւոյ նախագծի մրցոյթ եւ ներկայացուած են 33 նախագիծեր Հայաստանէ եւ սփիւռքէ։ Փետրուար 1991-ին Մրցոյթի յանձնաժողովը մրցանակի արժանի նկատած է Ստեփան Քիւրքճեանի եւ Ա. Ղուլեանի նախագիծերը։ Սակայն հեղինակներուն նաեւ յանձնարարուած է, որ դիտողութիւնները եւս նկատի ունենալով վերամշակեն աշխատանքը։

Երանաշնորհ Վազգէն Վեհափառի եւս մասնակցութեամբ, յանձնախումբը 8 հոկտեմբեր 1992-ին այն եզրակացութեան կը յանգի, որ Ստեփան Քիւրքճեանի նախագիծին հիմքով պէտք է բարձրանար տաճարը։ Իսկ յաջորդ փուլերուն արդէն իսկ վախճանած էր Վազգէն Վեհափառը, սակայն իր փափաքը արդէն իսկ կեանքի կոչուիլ սկսած էր։

Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան յաջորդող շրջանին, ծրագիրը արդէն իսկ թափ կը ստանայ եւ 7 ապրիլ 1997-ին, Աստուածածնայ տօնին, Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը։ Այս արարողութեան ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ Պոլսոյ Պատրիարք երանաշնորհ Գարեգին Բ. Սրբազան Արքեպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ Գարեգին Արք. Ներսիսեան, որ ապագային որպէս Հայրապետ պիտի օրհնէր այս եկեղեցին։ 

Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետը յընթացս արարողութեան, իր խօսքերուն մէջ կ՚ըսէ. «Ես մտքով այժմ կը սաւառնիմ դէպի մօտիկ ապագան եւ կ՚երեւակայեմ, որ այս երկինք ու այս շրջապատը այսպէս պիտի չըլլան, ինչպէս է այսօր։ Մեր աչքերը պիտի լեցուին Հայոց մի Կաթողիկէով, շքեղակերտ Մայր եկեղեցւոյ մը կառոյցով, որ ինձ համար երկինքէն պոկուած Աստուծոյ ներկայութեան շունչ մըն է երկրի վրայ, մեր երկրէն դէպի Աստուած բարձրացող խունկ է՝ Նարեկացիի բառերով, մեր սրտերու կրակի վրայ ճենճերող եւ դէպի Աստուած անուշաբոյր բարձրացող»։

Իրերայաջորդ ամիսներէ յետւոյ երբ աշխատութիւնը կը շարունակէ եւ եկեղեցին բարձրանալ կը սկսի, Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւս կը վախճանի, իսկ միւս կողմէ ապագայատեսիլ մեծ ծրագիրը ամենայն յաջորդականութեամբ կը շարունակէ։

Երբ 2000-ի դարադարձի յոբելենական մեծ հազարամեակը կը հասնի, նորընտիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կը վիճակի եկեղեցւոյ խաչքարերու օծումը։ Իսկ 23 սեպտեմբեր 2001-ին, 1700-ամեակի ծիրէն ներս պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ Հայրապետական անդրանիկ Ս. Պատարագը կը մատուցուի, ձեռամբ՝ Վեհափառ Հայրապետին։ Այս պատմական արարողութեան ներկայ կ՚ըլլան Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր աթոռներու գահակալները, որոնց շարքին էր երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պոլսեցի Պատրիարքը։

Ահա, այս պատմական առիթով, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը թէ՛ գոհունակութիւնը կը յայտնէ տեսնելով եկեղեցաշինական աշխատութեան կատարելութիւնը եւ թէ՛ 1700-ամեակին հասած տասնամեայ ծրագրին յաջողութիւնը։ Այս առիթով, իր հայրապետական պատգամը կը փոխանցէ, ըսելով.

«Յոբելենական խորհուրդով ներշնչուած, շքեղակառոյց այս տաճարի կամարներուն ներքեւ խոնարհումով ու աղօթքով կը յիշենք Վազգէն Ա. եւ Գարեգին Ա. Մեր նախորդ հոգելոյս Հայրապետները, որոնք երախտարժան վաստակ ունին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցման գործին մէջ։ Այսօր իր դռները կը բանայ այս եկեղեցին բարեպաշտ մեր զաւակներուն առջեւ։

«Հպարտ ենք մեր ժողովուրդով, որ դժուարութիւններու մէջ յանձնառու եղաւ կառուցանելու այս փառահեղ տաճարը՝ հայոց ամենամեծ եկեղեցին, քանզի հոգիի իր ամենաազնիւ մղումը, մտքի լաւագոյն յօրինուածքը եւ ձեռքի ամենաճարտար կերտուածքը միշտ մատուցած է Աստուծոյ, որուն օրհնութեամբ Հայ Եկեղեցին եղած է եւ է «մեզ մայր անարատ, եւ ի սմանէ ծնանիմք որդիք լուսոյ եւ ճշմարտութեան»։

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՐՋԱԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Եկեղեցւոյ երկու մատուռները կը գտնուին մայր մուտքի աջակողմեան եւ ձախակողմեան հատուածին մէջ, որոնք բաւականին մեծ եւ իրարու հաւասար մատուռներ ըլլալ կը թուին։ Ձախակողմեան մատուռը կոչուած է Ս. Տրդատ, իսկ աջակողմեան մատուռը՝ Ս. Աշխէն։ Մատուռներու վերեւ կը գտնուին կաթողիկէ գմբէթները, որոնք ամբողջութիւն կը կազմեն Մայր տաճարի ընդարձակ կաթողիկէին հետ։

Այս եկեղեցին կրնայ համարուիլ հայկական ամենէն խոշոր եկեղեցիներու շարքին։ Եկեղեցւոյ խորանը եւս, համալիրին համընթաց ձեւով խոշոր է, որուն ետեւի բաժինը կը գտնուի երկու խոշոր աւանդատուներ։ Իսկ խորանի երկու կողմերը փոխանակ սրբապատկերի, հսկայ քարերու վրայ քանդակուած են տասներկու առաքեալներու դիմանկարները։ Բաց աստի, խորանի վրայ կանգնած մարմարեայ Ս. Սեղանը, այնքան հսկայ է, որուն վրայ Աստուածամօր եւ Յիսուս Մանուկի սրբապատկերը եւ ընդհանուր կառուցուածքը, սովորական անձէ մը աւելի մեծ է։ Իսկ միւս կողմէ այստեղ կրնան սպասարկել, տասնեակ սարկաւագներ հանդիսաւոր արարողութիւններու ընթացքին։ Յատկապէս հայրապետական ս. պատարագներուն, ձեռնադրութիւններուն եւ հանդիսաւոր առիթներով կատարուած արարողութիւններու ընթացքին, այս ընդարձակ խորանը եւս բաւական գործածական կը դառնայ, հանգստութեամբ շարժելու եւ ծիսակատարութեան համար։

Կայ նաեւ ընդարձակ վերնատուն մը, որուն մէջ բազմամարդ երգչա խումբ մը ամենայն հանգստութեամբ կրնայ երգել։ Եկեղեցւոյ մէջ նոյն պահուն կրնան աղօթել 3 հազար անձինք։ Բաց աստի, եկեղեցւոյ տակ կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի յուշահամալիրը, գրադարան, դահլիճներ եւ աշխատասենեակներ։ Բաց աստի, մատուռները կառուցուած են ընդհանրապէս պսակներու, մկրտութիւններու եւ հոգեհանգիստներու ժամանակ գործածելու տրամադրութեամբ։

Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ կը պահուի 2000-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ Մայր եկեղեցի հասած մասունքները։ Այս բաժինը արդէն իսկ կառուցուած է նմանողութեամբ Սուրբ Էջմիածնի Իջման Ս. Սեղանի, ըստ որում չորս սիւներու վրայ բարձրացած գմբէթաւոր բաժնին առջեւ, իւրաքանչիւր ուխտաւոր ծունկի կու գայ եւ իր աղօթքը կը մատուցանէ առ Աստուած, բարեխօսութեանը դիմելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին։ Այս կառուցուածքին կեդրոնը զետեղուած է մասունքները, իսկ կողքին կանգնած է նաեւ հետեւեալ յիշատակարանը.

«Մարմարակերտ չորեքին սիւնքս եւ գմբէթս այս կառուցեալ ի վերայ Սրբոյ Միածնաէջ Սեղանոյ Մայր Տաճարի ի կաթողիկոսէն Եղիազարու Այնթափցւոյ (1681-1691) հրամանաւ Երանաշնորհ Տ. Վազգէնի Ա. Կաթողիկոսին փոխադրեցան ի Մայր Աթոռոյ ի վանս Սրբոյ Գայիանեայ եւ վերակառուցան իբրեւ զմասունս Սրբոյ Խորանին յամի Տեառն 2001 տնօրինութեամբ Տ. Տ. Գարեգնի Բ. Հայրապետին Ամենայն Հայոց արդեամբ եւ ծախիւք Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի մարմարակերտ սիւնքն եւ գմբէթն տեղադրեցան ի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի Երեւանայ եւ Նշխարքն Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի զետեղեցան ձեռամբ Սրբազան Հայրապետին մերոյ ընդ գմբէթս որն եւ սեամբքն իւրովք ամպովանի եղիցին սրբազան նշխարացն. ամէն»։

Բաց աստի, կը գտնուի նաեւ եկեղեցւոյ հսկայ զանգակատունը, որուն կառուցուածքը եւս հսկայութեամբ կը ներկայանայ այցելուներուն, ինչպէս նաեւ զանգակներուն ղօղանջը կը պարուրէ Երեւան քաղաքը։

Այս եկեղեցին հայկական դասական ճարտարապետական մոթիֆներ ունենալով հանդերձ, առաւել եւս կ՚ընկալուի որպէս արդիական ճարտարապետութիւն մը։ Իսկ միւս կողմէ, իր ընդարձակութեամբ յիշեցուց Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որուն մէջ եւս արարողութիւն կատարող հոգեւորականը բաւական փոքր կը մնար հսկայ սիւներուն եւ կամարներուն ներքեւ։ Իսկ այս հսկայ եկեղեցւոյ մէջ, անշուշտ, թէ ամենէն դժուարն է ձայնի տարածումը եւ լաւագոյն երգեցող մը իսկ դժուարութիւն պիտի ունենար, եթէ չըլլար բարձրախօսի դրութիւնը։

Եկեղեցին կառուցուած է նաեւ շրջակայքէ աւելի քան 10 մեթր բարձրութեան վրայ, բան մը որով եկեղեցին տեսանելի ըլլայ շրջակայքէն։ Իսկ դէպի եկեղեցի առաջնորդող աստիճաններն ու եկեղեցին, արդէն իսկ զիրար կ՚ամբողջացնեն։

Եկեղեցւոյ վարչական դրութիւնը եւս տնօրինութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, կը տարբերի ծխական այլ եկեղեցիներէն, որոնք կը գտնուին Երեւան քաղաքին մէջ։ Երեւանի ծխական եկեղեցիները Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդութեան ենթակայ կը գործեն, իսկ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին ունի տեսուչ սրբազանը, որ կը հսկէ եկեղեցւոյ առօրեային։ Ներկայիս այս պաշտօնը ստանձնած է Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեանը։

ՏՆՏԵՍԻ ԱՌԱԿԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Հետեւաբար լոյսի որդիներուն վայել ապրեցէ՛ք» (Եփս. 5.9) 

Մեծ պահքը դժուար ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը սկսի Բարեկենդանով՝ դրախտային խորհուրդով եւ տակաւ առ տակաւ աւելի խիստ ձեւով մեր մորթին վրայ կը զգանք, թէ ինչ կը նշանակէ մեղքը։ Ի՞նչ կը նշանակէ մեղքին անէծքը։ Ի՞նչ կը նշանակէ մեղքով մեր իրականութեան մէջ մուտք գործած խաւարը։

Պօղոս առաքեալ ի զուր չէ որ, լոյսի որդիներ կը կոչէ Քրիստոսի հետեւողները, աշակերտները, որովհետեւ այս աշխարհը լոյսի եւ խաւարի մարտնջումն է։ Մեծ պայքար մը կայ, մեղքի եւ բարութեան միջեւ, բարիի եւ չարի միջեւ, բարեգործութեան եւ մեղաւորութեան միջեւ։ Եւ մենք այս ճանապարհորդութեան ընթացքին կը տեսնենք, որ կանչուած ենք ըլլալու լոյսի որդիներ։ Սակայն իւրաքանչիւրս մարդկային բնութեան տէր ըլլալով, կամայ եւ ակամայ, կը հեռանանք մեր լուսաւորութեան կոչումէն։ Մենք մարդկային բնութեամբ կամայ եւ ակամայ մեղք կը գործենք, որովհետեւ մեր բնութեան մէջ խառնուած է Ադամի եւ Եւայի մեղաւորութիւնը, Աբէլի եւ Կայէնի թշնամութիւնը։ Աստուածճանաչողութենէ եւ եղբայրսիրութենէ հեռանալ… Եւ դժբախտաբար այս է, որ մեզ մեղքի կ՚առաջնորդէ։ Սակայն լոյս Քրիստոսը յայտնուած է մեր կեանքէն ներս, ըսելով, թէ «դուք լոյսի եւ օրհնութեան որդիներ էք։ Դուք ստեղծուեր էք արարչագործութեան ժամանակ, որպէս գագաթնակէտը արարչագործութեան, ձեր Տէրը դիտեր է ձեզ, նայեր է ձեզի եւ ըսեր է, ո՜վ մարդ արարած, ստեղծեցի ամէն ինչ կատարելութեամբ, սակայն այս կատարելութեան գագաթնակէտը, դո՜ւն ես ո՜վ մարդ»։ Մենք ենք, որովհետեւ մենք պիտի հնձենք, մենք պիտի գործենք արարածոց մօտ։ Հետեւաբար, մենք կը կոչուինք տնտես Աստուծոյ։ 

Մենք Աստուծոյ տնտեսներն ենք։ Ճիշդ է, թէ որդիներն ենք Աստուծոյ, սակայն պէտք չէ մոռնալ տնտեսութեան մեր հանգամանքը։ Որդի ըլլալու գաղափարին մէջ տնտեսութիւնը որքա՜ն մեծ իմաստ կը շահի։ Որովհետեւ, որդին մարմնական յաջորդականութիւնն է. բան մը, որ մեր մարմնէն դուրս կ՚ելլէ։ Սակայն, տնտեսութիւնը հաստատուած է վստահութեան գաղափարին վրայ։ Մարդիկ աշխարհ կրնան զաւակ բերել, դառնալով ծնողք։ Չեն կրնար ուրանալ եւ նոյնիսկ ընտրել իրենց մարմնէն ծնածը։ Սակայն մենք կրնանք ընտրել մեր տնտեսները, քանի յանուն մեզի գործելու կանչուած են։ Հետեւաբար, տնտեսութեան գաղափարը անկ է մեր բոլորին վստահութենէն։ Հետեւաբար, տնտեսութեան վստահութեան վրայ հիմնաւորուած ըլլալու գաղափարը, մարդու եւ Աստուծոյ յարաբերութեան մէջ, հետեւեալ խորհուրդը կու տայ մեզի. Աստուած կը վստահի մեզի։ Սա որքա՜ն մեծ առաւելութիւն մըն է, քանզի Աստուած մեզի վստահած է։ Մեզի վստահած է Իր Աստուածային պատկերը։ Մեզի վստահած է Իր Աստուածային արարչագործութեան արդիւնքը։ Մեզի վստահած է ամէն ինչ, որ տեսանելի է այս աշխարհին մէջ։ Հետեւաբար, Տնտեսի առակին ընդմէջէն առաջին գլխաւոր յիշեցումը այս մէկն է. որպէս տնտեսներ, ինչպիսի՞ պատասխանատուութիւններ ունինք։

Լոյսի որդիները լոյսի տնտեսներն են։ Հետեւաբար, մենք կանչուած ենք լոյսը պահելու, պահպանելու եւ աւելին՝ այս խաւար աշխարհին մէջ բարձրացնելու լոյսը, եւ այդ լոյսով լուսաւորելու Քրիստոնէական հաւատքով՝ նախ մեր ինքնութիւնը, ապա մեր շրջակայքը, յաջորդիւ բոլոր աշխարհը։ Ահա այս է մեր կոչումը։ Այս ուղղութեամբ Տնտեսի առակը կը խօսի Աւետարանական դրուագով եւ Քրիստոս պատգամ մը կը փոխանցէ բոլորիս։

Տնտեսի առակը շատ ատեններ, եթէ Աւետարանը լաւ չենք սերտած, ընդհանուր պատկերով չենք ընթերցած Ս. Գիրքը, մենք կրնանք շփոթիլ այս առակով։ Որովհետեւ աշխարհիկ մամոնան է խնդրոյ առարկան եւ զինքը գործածելու գործելաոճը։ Առակին մէջ բոլորիս ծանօթ տնտես մը կար եւ այս տնտեսը պատմելով իր աշակերտներուն խօսեցաւ։ Հետեւաբար, այս պատգամը զուտ առաքեալներուն ուղղուած էր։ Որովհետեւ աշակերտները տնտեսներու գլուխներն էին, տնտեսապետերը՝ Քրիստոնէական լոյս հաւատքին։ Ուրեմն, Քրիստոս Իր աշակերտները կը յորդորէ այս առակով, սակայն մենք եւս մաս եւ բաժին ստանալու կը հրաւիրուինք մեր իրականութեան մէջ։

Ըստ Աւետարանին, տնտես մը կար եւ այդ տնտեսը իր վարպետէն վստահուած, յանուն իր վարպետին կը գործէր։ Սակայն օր մը այդ վարպետին, այսինքն տիրոջ կ՚երթան ու կ՚ամբաստանեն տնտեսը, ըսելով, թէ վստահուած տնտեսը կը դաւաճանէր տիրոջ, գործելով մեծ սխալներ։ Լաւ չի վարեր տնտեսը իրեն վստահուածը։ Տէրը յաջորդիւ կը կանչէ տնտեսը եւ կ՚ըսէ. «Տուր տնտեսութեանդ հաշիւը» (Ղուկ. 12.2)։ Ես ինչքերս քեզի վստահած էի, պէտք էր լաւ գործէիր։ Պէտք էր գործէիր այնպէս, ինչպէս ես պիտի գործէի։ Սակայն, կ՚իմանամ, որ դուն սխալած ես եւ որպէս հետեւանք պէտք է հեռանաս։

Տնտեսը կը մտածէ, թէ ի՞նչ կրնայ ընել։ Մինչեւ այդ օր տնտեսութիւն կատարած էր եւ իր գործն էր սա։ Ուրիշ գործ կատարելու հնարաւորութիւն չունէր։ Եւ մինչեւ այդ օրը գործը մամոնայի հետ եղած էր եւ շատերուն՝ ատելութիւնը շահած։ Որո՞ւն քով պիտի երթար, որո՞ւն հետ խօսէր, որո՞ւն մօտ աշխատէր։ Կը մտածէ եւ ապագային մէջ կը տեսնէ խաւարը, իր յոյսը կը կորսնցնէ, սակայն այդ պահուն իր մէջ կը խօսի իմաստութիւնը։ Մամոնան լաւագոյնս օգտագործելու իմաստութիւնն էր սա։ Կը մտածէ տնտեսը եւ կ՚ըսէ. Երթամ այն անձերուն մօտ, որոնք պարտք ունին տիրոջս եւ նուազեցնեմ իրենց պարտքը։ Երբ տէրը զիս վռնտէ, գոնէ իրենց մօտ կ՚երթամ ու կրնամ ապաստանիլ, քանի բարիք ըրած եմ անոնց։ Տէրը կը լսէ այս իմաստուն քայլը եւ կը գնահատէ։      

Մենք եւս գնահատուած այս իմաստութիւնը կեանքի պէտք է կոչենք։ Ապագան դիտենք, ինքնաքննութիւն մը կատարենք եւ մեր ձեռքը ունեցած նիւթական արժէքները օգտագործելով ապագայի խաւարը փարատենք եւ խաւարին մէջ լոյսը ծագեցնենք։ Տնտեսի առակին գլխաւոր պատգամներէն մին է սա։ Որովհետեւ մենք կ՚ապրինք նիւթական աշխարհի մը մէջ. բան մը, որ անուրանալի իրականութիւն մըն է։ Եւ նիւթական աշխարհի մէջ սոսկ մեր ձեռքերը բացած՝ միայն աղօթելով մեր կեանքը չենք կրնար շարունակել։ Առաւօտէն մինչեւ գիշեր աղօթելով, թէկուզ մեր հոգին կը զօրացնենք, սակայն այս հոգին, որ կը գտնուի մարմնին մէջ, պէտք է գիտնայ նաեւ մարմնի կարիքները։ Պէտք է ճաշել, գործել, հանգիստ ընել, խնամել… Հետեւաբար, պէտք է այս զանազանութիւնը դնենք նախ եւ առաջ։

Լաւ հաւատացեալ ըլլալ չի նշանակեր սոսկ աղօթել։ Լաւ հաւատացեալը գիտէ, որ տնտեսն է նաեւ իր մարմնին ու լաւ պէտք է խնամէ, առանց չափազանցութեան սահմաններէն դուրս ելլելու։ Որովհետեւ այդ մարմինը օգտագործելով պէտք է խնամենք նաեւ մեր հոգին։ Նիւթականը գործածել, հոգեւորին համար… Սակայն, այս շփոթութիւնը նաեւ կրնայ առաջնորդել այլ թիւրիմացութեան։ Քանի որ նիւթական աշխարհի մէջ ենք, բոլորովին մտածենք նիւթականին մասին, հոգեւորը մէկդի թողելով։ Այս փորձիչ մտածելակերպը եւս կրնայ մեր մէջ ներմուծուիլ, որպէս խաւարային պատգամ։ Եւ իւրաքանչիւրս մի առ մի մեր կեանքերը երբ քննենք, պիտի տեսնենք, թէ տարբեր փորձութիւններով այս թիւրիմացութիւնը մեր կողքին կը գտնենք։

Ուրեմն, հարցը հետեւեալն է. նիւթական կանոններուն վրայ հաստատուած եւ չարի թագաւորութիւն կոչեցեալ այս աշխարհին մէջ ինչպէ՞ս պիտի ընթանանք։ Քրիստոս հետեւեալ ձեւով ուղարկեց իր աշակերտները այս աշխարհ։ «Ահաւասիկ ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ։ Այսուհետեւ խորագէ՛տ եղէք օձերու պէս եւ միամիտ՝ աղաւնիներու նման» (Մատթ. 10.16)։ Այնպէս մը գործածենք մեր միտքը, որ դժուարութիւնը երբ մեր դիմաց կանգնի, կարողանանք իրենց պատասխանել ու իմաստուն քայլեր առնել։ Քրիստոսին պատգամն է սա։ Քրիստոս իր աշակերտները ուղարկեց աշխարհ, գիտնալով այս աշխարհի խաւար բնութիւնը, սակայն իր աշակերտները խրատեց, որպէսզի երթան ու իր մասին պատմեն, իսկ եթէ տուներէն ներս ընդունելի չըլլայ առաքելոց ներկայութիւնը, շարունակեն իրենց ճանապարհը։ «Եւ ով որ չ՚ընդունիր ձեզ եւ չի լսեր ձեր խօսքերը, այդ տունէն կամ քաղաքէն ելլելու ատեն թօթուեցէ՛ք փոշին ձեր ոտքերէն» (Մատթ. 10.14)։ Բայց միշտ մնան լոյսի դեսպաններ ու լոյսը տարածելու կոչուածներ։

Հարցը հետեւեալ ձեւով կրնանք լուծել մի քիչ։ Մենք ինչպիսի՞ տնտեսութիւն ունինք։ Իւրաքանչիւր անձ կեանքի դժուարութիւններ ունի, յատկապէս սա ներկայ դարուս։ Սա հիւանդութիւնը եւ պէս-պէս փորձութիւնները նեղութիւններ յառաջացուցած են իւրաքանչիւրիս մօտ։ Հաւատացեալը, ժողովուրդը խաւարը կը տեսնէ, յոյսը կը կորսնցնէ, երբ դիտէ ապագան։ Տեւական գէշ լուրեր, յուսալքիչ լուրեր, պատերազմներու ձայներ՝ եղբայր եղբօր դէմ, թագաւորութիւն թագաւորութեան դէմ։ Այս բոլորին մէջ նիւթական պէս-պէս տագնապներ կը յայտնուին։ Շատերս թէկուզ մեր մորթին վրայ կը զգանք նեղութիւնը, սակայն այս մէկը աշխարհի իրականութիւնն է։ Փորձութիւններ պիտի ըլլան, երբեմն շատ եւ երբեմն քիչ։ Սակայն մենք որպէս տնտեսները մեր Քրիստոնէական հաւատքին, մեր Հայ ինքնութեան, ինչպէ՞ս պիտի ընթանանք։ Մենք նեղութիւններուն մէջ պիտի փնտռենք մեր յոյսը քրիստոնէական, պիտի գործածենք մեր իմաստութիւնը Աստուածային եւ այնպէս մը պիտի ընթանանք ու պիտի ըսենք դժուարութեան դիմաց կանգնած, թէ ո՜վ դժուարութիւն, եկեր ես յարձակելու, քրիստոնէութիւնը մեզմէ հեռացնելու, սակայն մենք արթուն եւ պատրաստ ենք ու ամուր քայլերով կանգնած ենք դժուարութեան դիմաց։ Ո՜վ դժուարութիւն, եկեր ես հայկական ինքնութիւնը մեզմէ խլելու, սակայն մենք աւանդութեան վրայ, ինքնութեան վրայ, ստեղծագործութեան վրայ, հոգւոյն վրայ կանգնած պիտի կենանք նեղութեան դիմաց։ Մենք տնտեսն ենք մեր Հայութեան ու Քրիստոնէութեան։

Ուրեմն կ՚առաջարկեմ, որ այս մասին մտածենք։ Իւրաքանչիւրս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակները՝ տնտեսներն ենք մեր ունեցածին։ Ուրեմն, լաւ արժեւորենք մեր գանձը, զօրութիւնը եւ այս բոլորը օգտագործելով այնպէ՜ս մը ընթանանք, այնպէ՜ս մը շարժինք, այնպէ՜ս մը մտածենք, որ դժուարութեան պահուն արդէն մեր մէջէն բխի մեր պատասխանը, իմաստութիւնը խօսի, նիւթականին դէմ կանգնելի հոգեւոր զօրութիւնը։

Տնտեսի կիրակիին անշուշտ պէս-պէս պատգամներ կան։ Սակայն փափաքն ունիմ անոնցմէ միոյն վրայ կեդրոնանալու, յիշեցնելու համար, թէ նիւթական աշխարհի մէջ հոգեւոր տնտեսներ ենք իւրաքանչիւրս։ Եւ որպէս հոգեւոր տնտեսներ պէտք է ընթանանք մեր տնտեսութեան վայել ձեւով։ Այնպէս մը պէտք է մտածենք, որ եթէ մենք Տիրոջ վստահութիւնը կորսնցուցած ենք, այդ ժամանակ անդունդի խաւարին մէջ կը մնանք յաւիտենապէս։

Չկորսցնենք Աստուծոյ վստահութիւնը, Աստուած իւրաքանչիւրիս վրայ իր վստահութիւնը կը յայտնէ, Տնտեսի առակով կը շեշտադրէ։ Չկորսնցնենք Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած վստահութիւնը։ Եւ եթէ կ՚ուզենք, որ Աստուած մեզի հանդէպ վստահութիւնը չկորսնցնէ, մենք ալ Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութիւնը չկորսնցնենք։ Մեր վստահութիւնը դնենք Աստուծոյ վրայ, մեր յոյսը դնենք Աստուծոյ, մեր զօրութիւնը դնենք Տիրոջ առջեւ, մեր ամբողջ էութիւնը նուիրենք Յիսուս Քրիստոսին եւ Տիրոջմով լուսաւորուած անձինք, շարունակենք մեր ճանապարհորդութիւնը։

Կը մաղթեմ, որ Մեծ պահոց շրջանը իւրաքանչիւրիս համար դառնայ օրհնութեան շրջան եւ մենք ապաշխարութեան խորհուրդով առաւել եւս մեր հաւատքին վրայ կանգնած, շարունակենք մեր աչքերը սեւեռել Ս. Յարութեան մեծ աւետիսին, որպէսզի որպէս յոյսի որդիներ, որպէս լոյսի որդիներ, մեր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դրած ըսենք. Ո՜վ Տէր, քեզմով գտայ կեանքս, քեզմով գտայ տնտեսութեանս նշանաբանը։ Տիրոջ շնորհքը, սէրը եւ ողորմութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։ Ալէլուիա։ Ալէլուիա։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

26 մարտ 2022, շաբաթ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022