ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակութեան հերթական տօնը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ շաբաթ առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Օրուան պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Ներկայ էին մեր քահանայից դասէն զանազան ներկայացուցիչներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Ս. Պատարագի ընթացքին բազմաթիւ հաւատացեալներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։

Արարողութիւններու աւարտին, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ Պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեց հոգեւորականաց դասու անդամներուն, դպիրներուն եւ հաւատացեալներուն համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022