Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան շաբաթավերջին Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց արարողութիւններուն։ Զեքիեան Գերապայծառ այս առթիւ եկեղեցական չորս փոքր աստիճաններ շնորհեց Լեւոն Եունքէսին։
Եկեղեցական արարողութենէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022