ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ԶԱՏԻԿԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը Ս. Յարութեան տօնը ողջունեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Վարչութիւնը ձմրան դասընթացքներու մասնակից պատանի մարզիկներուն բաժնեց զատկական աւանդական կարմիր հաւկիթներ։ Տղաքը միասնաբար ըմբոշխնեցին տօնական ուրախութիւնը, իրենց մարզիկներով եւ վարչայիններով հանդերձ։ Ստեղծուած հրճուանքի վառ ապացոյցը դարձան մարզասրահներու մէջ տեղի ունեցած հաւկթամարտերը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022