ԹԱՔՍԻՄԻ «ԱԹԱԹԻՒՐՔ» ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՐՔԻ Գ. ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ՝ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած եւ արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի ժառանգութեան ձօնուած գիրքի երրորդ տպագրութեան շնորհանդէսը։ Հարկ է նշել, որ ՀԱՅՃԱՐ-ի «Պալեաններ» գիրքի հեղինակն է Պիւքէ Ուրաս եւ անոր երրորդ տպագրութիւնը իրականացուած է Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ։
Երէկուան ձեռնարկի բացումին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պիւլենտ Պիլմէզ։ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան փոխ-ընդհանուր քարտուղար Մահիր Փոլատն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Մինչ Պիւքէ Ուրաս այս գիրքի պատրաստութեան փուլերուն եւ բովանդակութեան շուրջ ծաւալուն բացատրութիւններ տուաւ, հակիրճ ելոյթներով ներկաներուն դիմեցին նաեւ ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ համայնքային գործիչ Արսէն Եարման։ Ձեռնարկը արժանացաւ կոկիկ թիւով հետաքրքիրներու ուշադրութեան։