ՄՇՈՅ ՊՈՒԼԱՆԸՔԻ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԻԿԻՆ
Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ պահուած հարուստ արխիւներէն մէկուն՝ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի արխիւին հիման վրայ լոյս տեսած է «Մշոյ Պուլանըք գաւառի հայաբնակ գիւղերն ըստ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսին ուղղուած նամակներուն» աշխատութիւնը, որուն հեղինակը հայրենի երիտասարդ գիտնական, հետազօտող Վերա Սահակեանն է:
Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց 125-րդ կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Խրիմեանի արխիւին մէկ մասը՝ շուրջ 8 հազար միաւոր վաւերագիր, կը պահուի Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ: Ի սկզբանէ այդ արխիւը պահուած էր Սուրբ Էջմիածին եւ յետագային, Կաթողիկոսական դիւանէն զատ, իբրեւ անհատական արխիւ, տարուած է Մաշտոցեան մատենադարան։ Ուսումնասիրողը կը նշէ, որ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի արխիւը կարեւոր սկզբնաղբիւր է՝ հայաբնակ բնակավայրերու ուսումնասիրման համար:
Խրիմեան Հայրիկի արխիւի վաւերագրերուն 17 թղթապանակներուն մէջ ամփոփուած են հիմնականօրէն հայ գաղթականութեան նամակները, խնդրագրերը, վկայագրերը՝ ուղղուած Խրիմեան Հայրիկին: Անոնց մէջ կան նաեւ Սուրբ Էջմիածնին մէջ ապաստանած գաղթականներու ցուցակներ: Ինչպէս հետազօտողը կը փաստէ, այդ վաւերագրերը ներկարուած են թղթապանակներու մէջ եւ կնքուած կաթողիկոսական կնիքով։ Այնտեղ չկան պաշտօնական գրութիւններ եւ կոնդակներ։ Թղթապանակներուն մէջ ընդգրկուած են 1893-1907 թուականներու ընթացքին Հայոց Հայրիկին ուղղուած գաղթականութեան դիմումները, որոնցով անոնք հաց կամ հագուստ կը խնդրեն, հանգանակութեան արտօնութիւն՝ բանտերէն իրենց հարազատները ազատելու համար եւ հագուստի, կացարանի, բժշկուելու առընչութեամբ դիմումներ կը կատարեն: Նամակներէն ոմանց հեղինակները յատուկ հասած էին Վաղարշապատ
եւ կը սպասէին գիրերը կաթողիկոսին յանձնելու յարմար առիթի։ Նամակներ կան նաեւ այն կարօտեալ գաղթականներէն, որոնք կաթողիկոսի յատուկ յանձնարարականով որոշ ժամանակով հաստատուած էին որեւէ գիւղի մէջ:
Կարեւոր տեղեկութիւններ պարունակող այս գիրքը, մեծ հաշուով, նուիրուած է Մշոյ Պուլանըք գաւառին, որ կը գտնուէր Պուլամա (Պուալն) լիճի հիւսիսային կողմը, համանուն լեռներէն հիւսիս-արեւմուտք, Պլեճան լերան ստորոտը, Կոփ գետի ափին։ Հեղինակ Վերա Սահակեան կը նշէ, որ Օսմանեան վերջին շրջանին Պուլանըք գաւառը Մանազկերտի, Վարդոյի, Մշոյ դաշտի եւ Սասունի գաւառներու (միայն մէկ փոքր մաս) հետ միասին կը կազմէր Պիթլիսի (Բաղէշ) նահանգի Մշոյ կուսակալութիւնը (սանճաք): Ըստ տեղագրութեան այն տարածուած էր Մուշի սանճաքի հարաւ-արեւելեան մասը։ Հիւսիսէն սահմանակից էր Մանազկերտի գաւառին, որուն պատկանելով մինչեւ 1881 թուականը, բաժնուած եւ վերածուած էր զատ քազայի։ Պուլանըքը արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն սահմանակից էր Մանազկերտի գաւառին (քազա), հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Էրզրումի նահանգի Խնուսի գաւառին, հարաւ-արեւելքէն՝ Խլաթին, իսկ արեւմուտքէն եւ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Վարդոյի եւ Մուշի գաւառներուն։
Օսմաներէն նորայայտ աղբիւրներու միջոցով գիրքին մէջ անդրադարձ կը կատարուի գաւառի կազմաւորման եւ յենելով նամակներուն մէջ նշուած բնակութեան հասցէներուն՝ կատարուած է Պուլանըք գաւառին մէջ ընդգրկուած հայաբնակ բնակավայրերու ուսումնասիրութիւն: Գիտնականը միաժամանակ հարկ համարած է նշել, որ արեւմտահայ մասնագիտական գրականութեան մէջ տեղանունը կը բերուի բացառապէս Պուլանըք ձեւով, իսկ արեւելահայ մասնագիտական գրականութեան մէջ՝ Բուլանիք եւ Բուլանըխ ձեւերով։
Վերա Սահակեան գիրքի նախաբանին մէջ կը յայտնէ, որ 2017 թուականին իրեն յանձնարարուած էր ուսումնասիրել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Մատենադարանէն ներս պահուող վաւերագրերը: Ուսումնասիրուող նիւթի ծիրէն ներս, ան, ի թիւս այլոց, առանձնացուցած է Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի արխիւը, ապա խմբաւորած է վաւերագրերը ըստ գաւառներու, հրատարակուելիք գիրքին համար առանձնացուցած է Մշոյ Պուլանըք գաւառին վերաբերող նիւթերը եւ արտագրած:
Հրատարակուած գիրքը շարքին առաջինն է, նոյն հեղինակը Խրիմեան Հայրիկի արխիւին հիման վրայ կը պատրաստէ նաեւ ուրիշ աշխատութիւններ ու յոյս ունի, աջակիցներ գտնելու պարագային, զանոնք եւս հրատարակել:
Վերա Սահակեան կը նշէ, որ Օսմանեան շրջանին որեւէ հայաբնակ գաւառի պատկանող գիւղերու թուաքանակին եւ անոնց անուններուն առընչութեամբ բաւական մեծ անհամապատասխանութիւն կայ: Այս երեւոյթը ան կը բացատրէ մէկ կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կրկնուող վարչական վերաբաժանումներուն, միւս կողմէ՝ արխիւային փաստաթուղթերու անհասանելիութեան եւ ոչ-բաւարար սկզբնաղբիւրներու առկայութեամբ:
Իր կատարած հետազօտութեան շրջանակներուն մէջ, գիտական լայն հանրութեան դատին յանձնելով պատմագիտութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող շուրջ 200 վաւերագիր նամակ, միեւնոյն ժամանակ հայկական, օտար եւ օսմանեան աղբիւրներէ օգտուելով, Վերա Սահակեան իրականացուցած է Պուլանըք գաւառի անուան, ձեւաւորման եւ տեղագրութեան հարցի քննութիւն, յստակեցուցած է յատկապէս Պուլանըք եւ Մանազկերտ գաւառներու սահմաններն ու անոնց մէջ ընդգրկուած գիւղերը։
Խրիմեան Հայրիկին ուղղուած նամակներու ուսումնասիրման ընթացքին գտած է նամակներ՝ գրուած այնպիսի գիւղերէ, որոնք օտար աղբիւրներու մէջ կը համարուին զուտ քիւրտաբնակ կամ զուտ չէրքէզաբնակ, իսկ հայկական աղբիւրներու մէջ այդ գիւղերուն հայկական կամ հայաբնակ ըլլալուն մասին տեղեկութիւնները գրեթէ կը բացակային:
Գիտնականը կը յայտնէ, որ Վերին Պուլանըքի արեւմտեան գիւղերը եւ քիչ բացառութեամբ ամբողջ Ներքին Պուլանըքի բնակչութիւնը Բշէրիմի, Սասնոյ, Մօտկանի եւ Տարօնի գաւառներու նախկին բնակիչներն են։ Անոնց լեզուն կը պատկանի Տարօնի եւ Մշոյ գաւառաբարբառին: Ըստ այդմ, յստակ է, որ պուլանըքցի նամակագիրներէն շատերու հաղորդակցութեան լեզուն կը պատկանի բարբառներու արեւմը-տեան խմբակցութեան Մուշ-Տիգրանակերտի կամ հարաւ կեդրոնական բարբառախումբին եւ կը բնորոշուի նշուած բարբառի հնչիւնական, քերականական, շարահիւսական եւ լեզուաոճական շարք մը յատկանիշներով։ Մուշ-Տիգրանակերտի բարբառը (որ հայերէնի «կը» ճիւղին պատկանող բարբառներէ է) խօսուած է Մշոյ դաշտի հայաբնակ տարածքներուն, Ալաշկերտի, Պուլանըքի եւ յարակից այլ վայրերու մէջ։
Քանի որ Վերա Սահակեանի այս ուսումնասիրութիւնը հասցէագրուած է նաեւ իրենց արմատները փնտռող լայն հանրութեան, ուստի նամակներուն մէկ մասը թարգմանուած է անգլերէնի, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ գտնելու եւ կարդալու պուլանըքցի իր ազգականին խօսքը:
Յաւելուածի տեսքով գիրքին մէջ զետեղուած են նաեւ արտագրած նամակներէն մի քանիին լուսապատճէնները, Թուրքիոյ Ազգային արխիւէն (Devlet Arşivleri Başbakanlığı) Բաղէշ նահանգի ձեռագիր քարտէսը, Մաշտոցեան մատենադարանին, ինչպէս նաեւ Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ պահ-ւող Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսէն քանի մը լուսանկար:
Բացառութեան կարգով Վերա Սահակեան արտագրած եւ ծանօթագրած է նաեւ «Պուլանըքի գութաներգ» եւ «Երգ Մշեցոց» բանաստեղծութիւնները, որոնք Մշոյ դաշտի երբեմնի շէն հայկականութեան կնիքը կը կրեն:
Այս գիրքով Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսին հասցէագրած նամակներու ուսումնասիրման եւ արժեւորման հիմքը դրուած է, բաւական բծախնդիր եւ ծանր աշխատանք կատարած է հետազօտողը, որուն փափաքն է յաջորդ հատորներով գաւառ առ գաւառ իրականացնել նաեւ միւս հայաբնակ բնակավայրերու ուսումնասիրումը՝ շարունակաբար տեսակով, բնոյթով, վաւերագրերու լեզուով եւ բովանդակութեամբ եզակի այդ նամակներուն հանրահռչակումը:
Այս հատորը նուիրուած է Մկրտիչ Խրիմեանի ծննդեան 200-ամեակին, սակայն հեղինակը չէ անդրադարձած Խրիմեան Հայրիկի կեանքին, անոր հայրապետական շրջանի գործունէութեան, գրական, գիտական ժառանգութեան արժեւորման, նկատի ունենալով, որ բազում գիրքեր գրուած են այդ մասին: Ինչպէս հեղինակը կը վկայէ, այս գիրքին շնորհիւ հայ եւ օտար ընթերցողը հնարաւորութիւն կը ստանայ կարդալու Մշոյ Պուլանըք գաւառի հայութեան պարզ խօսքը, կիսելու անոր ցաւը եւ զգալու Հայոց Հայրիկի եւ Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ հայուն անսահման հաւատքն ու նուիրումը, Ամենայն Հայոց Հայրապետի գործադրած ջանքերը՝ ուղղուած Հայաստան աշխարհի շէնացման, հայ գաղթականութեան փրկութեան եւ հայապահպանման գործին:
Ուսումնասիրութիւնը իր լրումին հասցնելու համար հեղինակը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Հայկական Ազգային գիտակրթական հիմնադրամի (ANSEF) հոգաբարձուներու խորհրդին, աղօթք եւ օրհնութիւն կը յղէ գիտական խորհրդի նախագահ պարոն Երուանդ Թերզեանի անմար յիշատակին: Դժբախտաբար, աշխարհահռչակ գիտնականը չհասցուց հրատարակուած տեսնել կատարուած այս աշխատանքը:
Շնորհակալութիւններ ուղղուած են նաեւ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանին՝ ցուցաբերած յարատեւ օժանդակութեան համար, Մատենադարանի Արխիւային բաժնին՝ ամէն դիւրութիւն ապահովելու համար, Մաշտոցեան մատենադարանի թուայնացման բաժնին՝ նիւթերը ժամանակին եւ արագ տրամադրելու, Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի նախկին տնօրէն Կարօ Վարդանեանին՝ նկարներու տրամադրման եւ արխիւային նիւթերու սպասարկման համար:
Վերա Սահակեան շնորհակալութիւններ ուղղած է նաեւ Մատենադարանի եւ յատկապէս Արեւելագիտութեան բաժնի իր գործընկերներուն, գիրքի խմբագիր՝ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յակոբ Մուրատեանին, անգլերէնի սրբագրիչ Ռեպեքա Էմենաքերին, Հայագէտ Հայկանոյշ Մեսրոպեանին եւ Լուսինէ Մինասեանին:
Երբ գիրքը հրատարակութեան կը պատրաստուէր, թագավարակի պատճառով բոլոր գրադարանները փակ էին, ուստի գիրքի պատրաստման մէջ շնորհակալութեան մեծ բաժին ունի ամերիկահայ մտաւորական Գէորգ Պ. Յակոբեանը, որ հեղինակին տրամադրութեան տակ դրած է անհրաժեշտ ամբողջ գրականութիւնը: Վերա Սահակեան երախտապարտ է նաեւ «Քաշաթաղի՝ Գուրգէն Մելիքեանի անուան բազմազաւակ ընտանիքներու հիմնադրամին»՝ իր համալսարանական կրթութիւնը ապահովելու համար, գրաբարի իր դասախօսին՝ Ռուզաննա Շաբոյեանին, Մարիամ Բրուտեանին՝ սրտանց ու նուիրումով աշխատելու համար։
Հեղինակ Վերա Սահակեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքեր ուղղած է իր ամուսինին՝ Եուրի Յարութիւնեանին, ընտանիքին՝ զաւակներուն, քոյրերուն, եղբօր, մօր՝ Անիկ Սահակեանին եւ վաղամեռիկ հօր՝ Գուրգէն Տէր Անանիայի Սահակեանին՝ հայրենասէր զաւակներ դաստիարակելու համար: Եւ անշուշտ, խունկ եւ օրհնութիւն Մատենադարանի նախկին տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանին:
ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Նամակներուն մեծ մասը շարադրուած է բարբառախառն հայերէնով, բայց անոնց մէջ կան նաեւ ճոխ ու գրական լեզուով շարադրանքներ։ Հեղինակը նեղ ու մասնագիտական միջամտութիւններ կատարած է՝ պահպանելով արխիւային նիւթերու բնագրերու հրատարակման չափանիշները։
Կը ներկայացնենք քանի մը նամակ.
*
Ամենախոնարհաբար խնդիր
Վեհափա՛ռ Հայրապետ,
Ահի մեր յիշեալ ընտանեօք հերու Կառնուայ Թազայ գիւղ անցուցինք։
Իսկ գարուն օդի վատութենէն դուրս եկանք։ Երբ տեսանք, որ մեր ընտանեաց վիճակ գէշ կը լինի ֆիզիքապէս, յայնմ օրէ ցարդ գիւղէ գիւղ, թափառական շրջեցանք։
Իսկ այսօր, երբ տեսանք ալ անհնար է, եւ չենք կարող ապրել առանց Ձերին Հայրական խնամոց, դիմեցինք Ձերին վեհութեան հովանոյն, մեզ եւ մերայնոց ձմեռային ցրտէն պահպանուելու մի պատսպարան ընդունելու։
Վասն զի մերկ եւ բոլորովին անծածկոյթ եմք եւ այս երկու օր է, որ եկած եմք վանքիս պլանը։ Բայց այն տեղ կը տեսնեմք, որ մեզ բոլորովին անյարմար է, զի այն անասուններուն մէջ մեր ընտանիք չէ կարող շարժիլ։
Ուստի կաղաչեմք Վեհափառութիւնէդ՝ մեզ մի ձմեռնային պահպանութեան տեղի որոշելու հրաման ընէք, որ ձմեռն անցնինք։
ԱՄԵՆԱԽՈՆԱՐՀ ԱԿՆԱԾՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՏՉԻՄ Ի ՀԱՄԲՈՅՐ
ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՆՈՒԱՍՏ ԾԱՌԱՅ՝ ՄԱՌԴՕ ԵՒ ԸՆԿԵՐՔ
1895, Հոկտեմբեր 22
Ի Վաղարշապատ
*
ՆՈՐԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՏԵԱՌՆ ՄԿՐՏՉԻ Ա.
ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍԻ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
ՄՇՈՅ ՊՈՒԼԱՆԸԳ ԳԱՒԱՌԻ ԵՕՆՃԱԼՈՒ ԳԻՒՂԱՑԻ ԳԻՒԼԻԶԱՐ
ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԷ
Աղերսախառն խնդիր
Վեհափա՛ռ Տէր,
Թշուառ կին մ՚եմ, երկու զաւակաց տէր, զորս, աւա՜ղ, չկարողացայ հետս բերել եւ միայն գլուխս առնելով` հեռացայ՝ հետս ունենալով տագրս՝ Մկրտիչ Մհէրեան, եւ ամենափոքրիկ մանկիկս, զոր բաբէ՜, Բագրեւանդայ
Խասդուր գիւղի մէջ հողին յանձնեցի։
Ո՛, Հայրիկդ Հայոց, շնորհ առնիմ Ձեր Վեհափառութենէն, մի ամիսէ հետէ Մայր Աթոռոյ մէջ կը կերակրուիմ տագերս հետ։ Այլ ամօթխածութիւնս կստիպէ զիս բաւ համարել եւ խնդրել Ձեր Վեհափառութենէն մի միջոց՝ ձմրան մեր երկուքիս ապրուստին համար, մինչեւ գարնան տեսնենք, թէ Աստուած ի՞նչ այցելութիւն կ՚ընէ մեզ եւ մեր հայրենեաց։
ՊԱՏԻՒ ՈՒՆԻՄ ՄՆԱԼ ՅԱՐԱԺԱՄ ՄԵԾԻ ՎԵՀԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՁԵՐՈՒՄ
ԽՈՆԱՐՀ ԱՂԱԽԻՆ՝ ԳԻՒԼԻԶԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
1894 Դեկտեմբեր 11
ի Ս. Էջմիածին
*
ՆՈՐԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՏԵԱՌՆ ՄԿՐՏԻՉ
ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
ՄՇՈՅ ՊՈՒԼԱՆԸԳ ԳԱՒԱՌԻ ԵՕՆՃԱԼՈՒ ԳԻՒՂԻ ՄԱՐԳԱՐ ԱՒԴԱԼԵԱՆ
ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆՑԷ
Աղերսախառն խնդիր
Վեհափառ Սրբազնագո՛յն Հայր,
Անտանելի թշուառ դրութիւնս հարկադրեց զիս հեռանալ հայրենեաց գրկէն եւ այսօր իսկ խոնարհ խնդիրս հանել յատենի Ձեր Վեհափառութեան։
Սակայն, ո՜, Հայրդ Հայոց, ամօթահար կը լքանիմ՝ խորհելով, որ պարտաւորած եմ միանգամայն խղճալի աղքատութեանս պատճառը ցոյց տալ։
Հա՛յր Վեհափառ, օտար ոք չկործանեց հայրենական շէն տունս։ Այո՛, օտար չէր, որ զիս հասուց այս դառնաղէտ վիճակին, այլ արիւնակիցս եւ ազգակիցս՝ հօրեղբօրորդիս՝ մատնիչն Մխիթար Մէլիքեան, իւր արժանաւոր հօր անարժան զաւակն, որ երեք տարիներէ հետէ, իբրեւ մարախ կաւերէ զՊուլանըգ, զԵօնճալու եւ մանաւանդ՝ զնուաստս։
Մի քանի անգամ զրպարտութեամբ բանտի եւ տուգանաց դատապարտել տալով զիս՝ դարձուց աղքատ ու պարտական։
Այո՛, Խաչատուրի տան զաւակներն արար հացակարօտ եւ մուրացկան,
որով միանգամայն կորցուց մեր տան համարումը Պուլանըգայ եւ ամէն ազգայնոց մէջ։ Այժմ վարանած կը խորհիմ, թէ ինչպէ՞ս ապրեցնեմ կարօտ զաւակներս, մանաւանդ թէ ինչպէ՞ս ազատուիմ պարտապահանջներուս ձեռքէն, որոց տուածները փոխարինելու համար հայրենական ժառանգութիւնս իսկ անբաւական է։
Սորա համար դիմելով յոտս Ձեր Վեհափառութեան կը խնդրեմ մի օգնութիւն՝ ի մխիթարութիւն հացակարօտ զաւակացս։
Խոնարհ համբոյրս մատուցանելով Ձեր Հայրական Ս. Աջոյն՝ պատիւ կը համարիմ մնալ յաւէտ Մեծի Վեհափառութեանդ Ձերում խոնարհ ծառայ
եւ որդի։
Ն. ՄԱՐԳԱՐ ԱՒԴԱԼԵԱՆ
1894 Դեկտեմբեր, 28 ի Տփղիս
*
ՆՈՐԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՏԵԱՌՆ ՄԿՐՏԻՉ Ա.
ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
ԽՈՆԱՐՀ ԽՆԴԻՐ ԵՕՆՃԱԼԵՑԻ ԱՒԴԱԼ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԷ
Վեհափա՛ռ Տէր,
Ստորագրեալքս Պուլանխայ Եօնճալու գիւղէ լինելով՝ ամենադառն անասելի հանգամանքներ զմեզ ստիպեցին թողուլ մեր ամենապատուական արտն ու ափը, մեր սիրելիքը, մեր տուն եւ տեղ, շալակեցինք մեր սիրասուն զաւակները, բռնեցինք մեր ընտանեաց ձեռնէն։ Գիշերուան մութն մեզ փրկարար միջոց գտնելով՝ անցած եմք երկիւղալի վայրերէն, մահուան վտանգներէն։ Վերջապէս հասած եմք ռուսական փրկարար հողը՝ հանգիստ շունչ քաշած։
Տասն երկու շնչով եկած ապաւինած եմք Շիրակայ Թիքնիս գիւղն եւ արդէն ունեցածնիս ուղեցոյցի տալով՝ վատնած էինք եւ որոնցմէ եւս թալանուելով՝ մնացած եմք բոլորովին մերկ եւ անխնամք։
Այժմ մեր ամբողջ ընտանիք ամենադառն դրութեան մատնուած, նօթի, մերկ եւ ցրտի ներքեւ կը դողդողան։ Ձեր փրկարար դռներուն կը հային, յօգնութիւն կը յուսան…
ՄՆԱՄՔ ԽՆԴՐԱՆԱՑ ՑԱՆԿԱՑՈՂ՝
ՎԱՐԴԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ, ԱՒՏԱԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
1894, Նոյեմբեր 29
Սուրբ Էջմիածին
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 01/31/2025