ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ «ՇՈՒՆՉ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ ձեռագործներու ցուցահանդէս մը։ «Կենաց ծառ» անուանումով միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած են յախճապակիի եւ կերպասի բանման աշխատանոցներ։ Եղանակի ընթացքին տարուած աշխատանքին արդիւնքը երէկուան ցուցահանդէսով ներկայացուեցաւ՝ «Շունչ» անուանումին ներքեւ։
Ցուցահանդէսի բացման առթիւ միութեան երդիքին տակ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Հաւաքոյթի հանդիսավարն էր Մարալ Էպէօղլու-Սաթար։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու, փոխ-ատենապետ Ալին Շէնճան, ինչպէս նաեւ «Կենաց ծառ» աշխատանոցներու պատասխանատու Լինտա Քումտակեզէր։ Ընդունելութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Երիտասարդ ջութակահարուհի Սարին Նեւրուզ ծափահարութիւններու արժանացաւ իր յաջող կատարումներով։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր երգչախումբի խմբավար Սեւան Շէնճանի հսկողութեան ներքեւ ալ մեկնաբանուեցան հայկական երաժշտութենէն սիրուած նմոյշներ։
Ցուցահանդէսի բացման առթիւ հատուեցաւ նաեւ «Կենաց ծառ» կարկանդակը։
«Շունչ» ցուցահանդէսը բաց կը մնայ ներկայ շաբաթավերջի ողջ տեւողութեան։