ԵՐԵՒՈՒՄՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻ

Յինանց կիրակիներուն հինգերորդ կիրակին, նուիրուած է Սրբոյ Խաչի Երեւման յիշատակին։

Աւանդութեան համաձայն, 351 կամ 352 մայիս 7-ին, Երուսաղէմի երկինքին վրայ լուսեղէն խաչ մը երեւցած է, որու լոյսը Գողգոթայէն Ձիթենեաց լեռ տարածուած է եւ արեգակին լոյսը նսեմացուցած է։ Այս հրաշքը կատարուած է Սուրբ Կիւրեղ Եպիսկոպոսի ժամանակ։ Երկար ժամանակ տեւած է այս հրաշքը, որուն ականատես եղած են թէ՛ քրիստոնեաները, թէ՛ հրեաները եւ թէ հեթանոսները։ Յայսմաւորուքին համաձայն, աւելի քան 100 հազար հոգի հաւատացած են Քրիստոսի ու մկրտուած։ Այս առթիւ, Սուրբ Կիւրեղ Եպիսկոպոս օրուան՝ Կոստանդ Արիոսեան կայսրին գրած է նամակ մը, որու մէջ նկարագրած է պատահած հրաշքը։ Ծիսակարգին համաձայն, այդ նամակը սոյն օրը Առաւօտեան Ժամերգութեան ընթացքին կ՚ընթերցուի։

Շատեր այս հրաշքը կրնան սոսկ որպէս դրուագ, երեւակայութիւն եւ կամ առասպել համարել, եւ առանց ուշադրութիւն դարձնելու անցնին։ Սակայն, ուշադիր պէտք է ըլլալ։ Հրաշքները մարդու կեանքին մէջ կը ծառայեն ա՛լ աւելի խորանալու, ամրանալու եւ զօրանալու հաւատքի կեանքին մէջ, ա՛լ աւելի մօտենալու, ապաւինելու եւ կատարեալ վստահութիւն ունենալու Աստուծոյ նկատամամբ, եւ ի վերջոյ հասկնալու եւ լաւապէս ըմբռնելու, թէ առանց Աստուծոյ՝ մարդ արարածը ոչինչ է։ Տակաւին հրաշքները որ կը կատարուին մեր կեանքի ընթացքին, թատերախաղեր եւ կամ լաւ արարներ չեն, որոնք հաճոյք եւ ուրախութիւն կը պատճառեն մեզի համար, այլ՝ անոնք առիթներ են դասեր քաղելու կատարուածներէն եւ աստիճան մը եւս մօտենալու Աստուծոյ։

Գալով Սուրբ Խաչի երեւումի հրաշքին։

Շատեր կու գան ըսելու, ի՞նչ իմաստ ունի խաչին երեւումը երկնակամարին վրայ։ Սակայն Յայսմաւուրքը կու գայ մեր հարցումին պատասխանելու, թէ՝ այդ օր աւելի քան 100 հազար հոգիներ հաւատացած են Քրիստոսի եւ մկրտուած են։ Այդ ժամանակի համար նման հրաշքի մը կարիքը կը զգացուէր այդ կերպով, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը տակաւին նոր սկսած էր տարածուիլ աշխարհով մէկ։

Այսօր, սակայն, մօտաւորապէս 1700 տարիներ անցած են այդ թուականէն, նման հրաշք մը շատերու համար անկարեւոր կը թուի…, սակայն, ամենէն շատ ա՛յսօր նման հրաշքի մը կարիքը ունի ամբողջ մարդկութիւնը. որովհետեւ կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր իշխող ուժը միայն մամոնան ու գիտութիւնն են, մէկ խօսքով՝ նիւթն ու նիւթականը։ Այսօր, աւելի քան երբեք, մեզմէ իւրաքանչիւրը կարիքն ունի Սուրբ Խաչի երեւումին՝ մեր ներքին աշխարհին մէջ, որպէսզի մեր մէջ բոյն դրած խաւարը փարատի, եւ փոխարէնը լուսաւորուինք աստուածային՝ երկնային լոյսով, որ լուսաւորելու կողքին նաեւ կ՚ազնուացնէ, կ՚իմաստնացնէ եւ կը խոնարհեցնէ։ Եթէ այսօր լաւապէս սերտենք մեր շրջապատը՝ կ՚անդրադառնանք, թէ այնքա՜ն կարիքը ունինք լուսաւորեալ, ազնիւ, իմաստուն եւ խոնարհ մարդոց, որոնք կարենան առաջնորդել մարդկութիւնը դէպի յաւիտենական երջանկութիւն։

Այստեղ, մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք հատուածներ, 14 մայիս 1905-ին, «Լոյս» շաբաթաթերթ, կրօնական, գրական, բանասիրական, քաղաքական պարբերականին մէջ լոյս տեսած Երեւման Խաչի կիրակիին նուիրուած գրութենէն:

Քրիստոսի Խաչելութենէն եւ Յարութենէն ետքը՝ երբ սկսաւ Աւետարանի քարոզութիւնը արմատ բռնել մարդկութեան մէջ, Քրիստոսի անձին ու անուան վերաբերեալ ամէն բան նուիրական եղաւ քրիստոնեաներու, հետեւաբար եւ քրիստոնէական հաստատութիւններու՝ Եկեղեցիներու՝ մէջ: Խաչը, որ Քրիստոսի մահուան գործին էր, անշուշտ ամենէն աւելի առարկայ պիտի ըլլար հետաքրքրութեան, նուիրագործութեան, յարգանքի, պաշտամունքի՝ կանոնաւոր աստիճանաւորութեամբ մը: Ասի հոգեխօսական ամենէն բնական վիճակ մըն է մարդոց համար, որոնք երկրագունդի վրայ ո՛ր կլիմայի տակ ալ գտնուին, արտայայտած են ու կ՚արտայայտեն միեւնոյն վիճակը՝ իրենց սրտին խօսող իրողութիւններու եւ յիշատակութիւններու մասին: Մեր սիրելիներուն վերաբերեալ ո՛րեւէ առարկայ, ո՛րեւէ յիշատակ, երբ այլ եւս մենէ բաժնուած են անոնք, նուիրակա՛ն են մեզի համար. կը գուրգուրանք այդ առարկաներուն եւ յիշատակներուն վրայ, կը յարգենք ու կը պաշտենք զանոնք: Եւ հոգեկան այս վիճակին մէջ արտայայտուած յարգանքը, պաշտումը, եւ այլն, ուղիղ կը համեմատին մեր սիրոյն: Գեղարուեստը ամէն դարու մէջ մեծ մեծ օգնութիւններ ըրած է մարդոց այս վիճակը արտայայտելու եւ զարգացնելու համար: Նոյն իսկ կերպով մը կարելի է ըսել՝ թէ մարդոց այս վիճակն է՝ որ զարգացուցած է գեղարուեստը ինչ ինչ հսկայ տեսակէտներով: Երբ այս բոլորը տեղի կ՚ունենան կրօնքի կալուածին վրայ՝ կ՚արտայայտեն հոգեխօսական-կրօնախօսական ընդհանուր վիճակ մը, որուն նուիրագործած առարկաները, պատուած յիշատակները, անմահացուցած պատիւները պաշտօնական հանգամանք մը կ՚առնեն, եւ այս հանգամանքներու մէջ ատոնց շուրջը կը կազմուի պաշտօնականութեան, աւանդականութեան, պատմականութեան կեղեւ մը՝ պահուելու եւ պաշտպանուելու համար արտաքին ազդեցութիւններու դէմ. ազդեցութիւններ՝ որոնք իրենց լաւ կամ վատ, լա՛ւ եւս, իրենց եղափոփոխ հանգամանքներով կու գան սրբագրել այդ բոլորը:

Քրիստոսի խաչին գիւտը եւ անկէ ետքը, մինչեւ հիմա, խաչին շուրջ յուզուած ամէն տեսակ խնդիրներ ամենէն կրօնախօսական վիճակներ կը շեշտեն քրիստոնէութեան կեանքին վրայ: Նոյն իսկ չափազանցութեան դէմ չափաւորութիւն, մոլեռանդութեան դէմ պարզութիւն, խաչապաշտութեան դէմ խաչամարտութիւն քարոզներ կը շեշտեն միեւնոյն վիճակը: Վասն զի եթէ այսօր քրիստոնէական բաւական խոշոր համայնքներ կան, որոնք, զոր օրինակ, շատ թունդ չեն խաչի նկատմամբ  եւ կամ բոլորովին անտարբեր են այդ մասին, անոնք ալ կ՚արտայայտեն հոգեխօսական-կրօնախօսական վիճակ մը: Աւելի պարզ խօսելով, այսպէս ըսենք, եթէ խաչապաշտներ խաչը յարգած են սկիզբէն ի վեր ու կը յարգեն, եթէ ուրիշներ ալ՝ որ քրիստոնեայ ըլլալով հանդերձ խաչը չեն յարգած սկիզբէն ի վեր ու չեն յարգեր, խաչի շուրջը արտայայտուած այս երկու հակառակ վիճակներ ալ հոգեխօսական-կրօնախօսական միեւնոյն վիճակը կը կազմեն. մէկը Քրիստոսը կը սիրէ եւ անոր համար կը սիրէ նաեւ Քրիստոսի խաչը. միւսը կը սիրէ Քրիստոսը եւ իր սէրը չ՚ուզեր Քրիստոսէն զատ բանի վրայ կեդրոնացնել (Անդ, էջ 473-474):

Մեր կրօնին եւ եկեղեցւոյ մէջ խաչը, սակայն, պարզապէս յիշատակի մը ներկայացուցիչը չէ՛, ինչպէս է, զոր օրինակ, առարկայ մը կամ պատկեր մը մեր տան մէջ: Ճիշդ է այս եւ արդէն այսպիսի տարբերութիւն մը անհրաժեշտ է՝ որ գտնուի ատոնց մէջ: Վասն զի խաչը կը համբուրենք, խաչը կը խնկարկենք, եւ այլն:

Երկու գլխաւոր կէտերու ուշադրութիւն պէտք է ընել այս յարգանքին ու պաշտամունքին արժէքը վերլուծելու համար:

Առաջին. խաչը քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ եթէ այնքան բուռն կերպով յարգուեցաւ ու պաշտուեցաւ, պատճառն նոյնինքն Քրիստոսի անձն է: Եկեղեցական պատմութեան մէջ քիչ շատ հմուտներ գիտեն՝ թէ կարգ մը հերետիկոսներ Քրիստոսի տնօրինութիւնները ուրացան. այդ բոլորը երեւութեական բաներ էին իրենց համար եւ ասկէ առին երեւութականք (տե՛ս Լոյս եր. 254 եւ 279-81) անունը: Արդ, ասոնք կ՚ըսէին, թէ Քրիստոսի խաչելութիւնն ալ երեւութական կամ առա աչօք բան մըն էր: Այսպիսի կարծիք մը ոչ միայն հակաքրիստոնէական էր, այլ մա՛նաւանդ հակապատմական: Քրիստոս իրապէս խաչուեցաւ, մեռաւ. ասի պատմական իրողութիւն մըն էր: Եւ խաչը արդէն նուիրական քրիստոնէից համար, իբր Քրիստոսի յիշատակը, աւելի եւս յարգելի, աւելի եւս պաշտելի դարձաւ Քրիստոնէից համար երեւութականներու բարբաջումներուն հետեւանքով: Կարելի չէ՛ր աւելի գործնական կերպով պաշտպանել Քրիստոսի խաչը: Կը տեսնէք, թէ ո՛րչափ բնական, ո՛րչափ բանաւոր, ո՛րչափ պատմական, նոյնչափ ալ հոգեխօսական-կրօնախօսական իրողութիւններու շարքով մը կը վերլուծուի խաչին յարգանքն ու պաշտամունքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ:

Երկրորդ. Խաչը ամենէն գեղեցիկ եւ ամենէն շինիչ յուշարար մըն է Քրիստոսի փրկագործութեան: Քանի որ Անոր մահով է՝ որ քրիստոնէութիւնը կեանք առաւ, բնական է հետեւցնել՝ թէ Իր մահուան գործին ամենէն յարգի առարկան պիտի ըլլար քրիստոնէութեան համար: Ճիշդ այս սկզբունքով է՝ որ խաչը կը յարգենք, եւ խաչին վրայ կը պաշտենք Քրիստոսը: Եթէ անպատեհութիւն մը չկայ Քրիստոսը սիրելու եւ պաշտելու մէջ, ի՞նչ անպատեհութիւն կրնայ ըլլալ միեւնոյն Քրիստոսը,- որ Առաքեալի բացատրութեամբ նո՛յն է «երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան»- մտովի տեսնել խաչին վրայ եւ յիշել զԱնի իր տնօրինական գործերու ամենէն փառաւոր հանգրուանին վրայ:

Խաչին նիւթը, ինչչափ ալ մեծարժէք ըլլայ ան, այո՛ խաչին նիւթը չէ՛՝ որ կը պաշտուի, այլ Խաչեցեալը: Այս է բուն եւ ճշմարիտ ըմբռնումը խաչին քրիստոնէութեան մէջ. այսպէ՛ս ըմբռնած ու քարոզած են նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն նշանաւոր Վարդապետները խաչին նշանակութիւնը:

Միակ անպատեհութիւնը այսպիսի խնդիրներուն մէջ ռամկութիւնն է, որ նիւթը կը շփոթէ հիւթին հետ, խաչը խաչուածին հետ, պատկերը պատկերուածին հետ, եկեղեցին եկեղեցացածին հետ: Եւ այս անպատեհութիւնը առարկայէն չէ՝ որ կը ծագի, այլ՝ ենթակայէն: Ուրեմն ենթական պէտք է կրթել, ուղղութեան առաջնորդել, չթողուլ՝ որ բարձր ըմբռնումները թանձրացնէ եւ հոգին շփոթէ նիւթի հետ: Դժբախտաբար ամէն կրօնի եւ ամէն եկեղեցիի, նոյն իսկ ինքզինքը ամենէն նուազ ծիսական դաւանող եկեղեցիներու մէջ՝ ռամիկը ստէպ կը հեռանայ իրականէն եւ տեղի կու տայ անպատեհութիւններու: Այս պարագային մէջ՝ ամէն բան, որ կրօնական կալուածին վրայ է, կրնայ իր բնութիւնը փոխելու վտանգին ենթարկուիլ. բայց այն չէ իրականութիւնը եւ մա՛նաւանդ պէտք չէ այսպիսի սխալ իրականութիւններու կռթնիլ՝ ուղիղներուն ալ արժէքը գնահատելու ատեն (Անդ, էջ 476-477):

Երբ Հայ Ս. Եկեղեցին Քրիստոսի Յարութեան փառքերով օծուն Զատկի յաջորդական կիրակիներէն մէկն ալ Խաչի յիշատակին կը նուիրէ՝ Երեւման Խաչի տօնին առթիւ, լաւագոյն առիթ մը կ՚ընծայէ հաւատացեալներուն, որպէս զի Խաչին նշանը երբ տեսնեն կամ կը յարգեն՝ գիտնան ատոր բուն նշանակութիւնը, հեռի՜ նիւթէն եւ թանձրացումէն, սեւեռուելու համար Խաչեալին, ապրելու համար Անոր բարձր կեանքը:

Երանի՛ թէ Խաչը միշտ իր իսկական նշանակութեամբ երեւէր եւ ազդէր, ո՛չ միայն Երեւման Խաչի տօնին, ո՛չ միայն քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մէջ, ո՛չ միայն Հայ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, այլ նաեւ խօսէր ամէն տեղ, ամէն առթիւ՝ իւրաքանչիւր Քրիստոնէի սրտին եւ մտքին (Անդ, էջ 480):

Ի վերջոյ, թող որ Երեւման Սուրբ Խաչի յիշատակի այս տօնը, մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ըլլայ վերանորոգուելու եւ վերաթարմանալու առիթ, որպէսզի վերանորոգուած ու վերաթարմացած հոգիներով, կարենանք տոկալ, դիմանալ ու համբերել ամէն տեսակի դժուարութիւններու ու փորձութիւններու, քաղցրութեամբ տանելու մեր ուսին դրուած խաչը եւ անով հասնելու յաւիտենականութեան։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

8 մայիս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 14, 2022