ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած հանդէսին առթիւ հիւրընկալուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մուրատ Չաքան, կրթական մշակներ, ծնողներ, դպրոցի պատասխանատուներ եւ հիւրեր։ Բացօթեայ հանդէսի վերահսկողութիւնը ստանձնած էին Պելինտա Չըրաք, Էլմաս Էրօղլու եւ այլ ուսուցիչներ։ Փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան զանազան ելոյթներով։ Յայտագիրը եզրափակուեցաւ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի խօսքով։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին բոլորը ուղղուեցան թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահը, ուր սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ժամանակ հատուեցաւ նաեւ փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։