ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ քաղաքիս Պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտն ու Մարտինի եւ Տիարպաքըրի առաջնորդ Սալիպա Էօզմեն մետրապոլիտը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Մօտաւոր անցեալին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ օծումէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալուած էր Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Տէյրիւլզաֆարան եւ Մոր Կապրիէլ պատմական վանքերէն ներս։ Այդ հանդիպումէն վերջ, ներկայիս արդէն Իսթանպուլի մէջ նոր տեսակցութեան առիթ մը ստեղծուեցաւ։ Երկու քոյր դաւանակից եկեղեցիներու բարւոք յարաբերութիւններու յարիր միջավայրի մը մէջ զրուցեցին հոգեւոր առաջնորդները, որոնց մաղթանքն էր, որ խաղաղ համակեցութեան գլխաւոր ազդակը՝ իրերհասկացութիւնն ու փոխադարձ սէրն ու յարգանքը տիրապետեն համայն աշխարհի վրայ, բոլորի սրտէն ներս։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022