ԱՐԻՒՆՈՏ ՅՈՒՆԻՍԻ 3-Ը - 1
Փողոց մը վեր գինիի փառատօն էր, իսկ փողոց մը վար՝ հայը կը թափէր հայու արիւնը: Այսպիսին էր արիւնոտ յունիսի 3-ը:
Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր Երեւանի կեդրոնին մէջ կը շարունակուին Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ ձեռնարկուած «Դիմադրութիւն» բողոքի շարժման դրսեւորումները: Օփերայի յարակից Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, շուրջ ամիս մըն է ամէն օր կը հաւաքուին տասնեակ հազարաւոր մտահոգ, հայրենասէր ու ազգային մտածելակերպով մարդիկ եւ կ՚ուզեն իրենց լուման ներդնել հայրենիքի փրկութեան բարդ գործընթացին: Ազգադաւ իշխանութիւնը կը շարունակէ սրընթաց պառակտել հասարակութիւնը:
Այսօր Հայաստանի մէջ մարդիկ բաժնուած են քանի մը խումբերու.
Նիկոլականներ՝ որոնք կը գտնուին խոր մոլորութեան մէջ եւ կը հրաժարին տեսնել իրենց համար կուռքի, պաշտամունքի առարկայի վերածած կերպարի սխալները, թերութիւնները: Թերութիւն կամ սխալներ ըսել՝ բաւական մեղմ է, անոնք վաղուց վերաճած են դաւաճանութեան, ազգակործանումի մէջ: Այս խումբը՝ հայութեան գիտակից հատուածը կը կոչէ ժեխ:
Անտարբերներ՝ վտանգաւոր են: Ոչ մէկ կերպով կ՚ուզեն կողմնորոշուիլ: Ասոնց համար միեւնոյնն է, թէ ինչ կը կատարուի: Միեւնոյնն է, որ այսօր փուլ կու գան Հայաստանն ու Արցախը: Ձեւով մը ո՛չ կը հետաքրքրուին, ո՛չ ալ կը հաւատան այն ամէնին, թէ ինչ կրնայ տեղի ունենալ:
Տատամսողներ՝ չեն կողմնորոշուած. նիկոլական են, թէ սրտացաւ քաղաքացիներ:
Եւ վերջապէս արցախապաշտներ, հայրենասէրներ՝ որոնք կը գտնուին խոր վիշտի մէջ: Կ՚ուզեն բան մը փոխել: Աւա՜ղ, տակաւին սայլը տեղէն չէ շարժած: Հոգ չէ, մենք մեր յոյսը չենք կորսնցուցած: Կը շարունակենք մեր աստուածահաճոյ պայքարը յանուն Հայաստանի ու Արցախի հայկական ապագայի: Եւ այս կրնանք յաջողիլ միմիայն Աստուծմով: Աւա՜ղ, Աստուծոյ անունը, Աստուծոյ խօսքը կը հնչէ ո՛չ մէկ բարձրագոյն հարթակներէ, ո՛չ մէկ բարձրաստիճան պաշտօնեայի բերնէն, ինչ որ մտահոգիչ է ու տխուր:
Ինչո՞ւ յունիսի 3-ի արեւածագը խաղաղ էր՝ իր մայրամուտը կարմիրով ներկած: Յունիսի 3-ը վճռորոշ օր մըն էր՝ ջրբաժանի ժամ: Պետական բարձր պաշտօններ զբաղեցնողներէն իւրաքանչիւրը՝ մասնաւորապէս պատգամաւորները, այդ օր ընդդիմութեան պահանջով պէտք է յստակ դիրքորոշում յայտնէին Հայաստանի ու Արցախի վաղուայ օրուան շուրջ: Այդ օրը պէտք է հրապարակուէր Հայաստանին ու Արցախին «կողմ» ու «դէմ» արտայայտուածներու անունները:
Քանի որ օրը վճռորոշ էր, պահն ալ ինչպէս միշտ օրհասական՝ Զաւէնը մարմնամարզի պարապմունքի չղրկեցի՝ կարեւոր հարցեր ունէինք լուծելու: Իմ երկու փոքրիկներուն ու մայրիկիս հետ ժամը չորսին Ֆրանսայի հրապարակն էինք, ուրկէ մեկնարկեց բողոքի ցոյցն ու երթը:
Հաւաքուած էին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնց մէջ կային նաեւ մանկահասակ երեխաներ: Մեր երթի առաջին կանգառը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքն էր: Խաղաղ ցուցարարները այլեւս յայտնի դաւաճան վարչապետէն կը պահանջէին դուրս գալ եւ իր դիրքորոշումը յայտնել Հայաստանի ու Արցախի հարցի շուրջ: Սակայն ինչպէս սպասելի էր, ողորմելի ազգադաւը մինչեւ ցուցարարներու ժամանումը ճողոպրած էր: Ժամ մը մնացինք կառավարութեան շէնքի դիմաց:
Շարժուեցանք դէպի կառավարական ամարանոցներ՝ ուր կը բնակի հայոց նեռը իր ընտանիքով: Հազարաւոր ոստիկաններ շրջապատած էին տարածքը: Իսկ, դէպի կառավարական ամարանոցներ տանող գլխաւոր մուտքը կորսուած էր իրերայաջորդ քանի մը տասնեակ ոստիկանական պատերուն ետին: Գլխաւոր մուտքը կը հսկէին ոստիկանական ստորաբաժանումներէն՝ կարմիր պարէտաւորները, որոնք յայտնի են իրենց սառնասրտութեամբ, կոշտութեամբ ու դաժանութեամբ:
Քանի որ ճանապարհը երկար էր, իմ չորսամեայ Զաւէնը յոգնեցաւ ու խնդրեց, որ զինքը գրկեմ: Մեզի հետ միասին հաշմանդամական անուասայլակներուն գամուած պատերազմի երկու մասնակից ալ կը մասնակցէին ցոյցին: Անոնք իրենց զոյգ ոտքերը թողած էին Արցախի մէջ: Իսկ այսօր յանուն Հայաստանի ու Արցախի ելած են պայքարի: Ամէն օր կը մասնակցին ցոյցերուն եւ իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն: Անոնցմէ մին, որ աւելի երիտասարդ էր, տեսնելով Զաւէնիկին յոգնութիւնը՝ իր գիրկը առաւ: Նախապէս Զաւէնը ամչցաւ, յետոյ վարժուեցաւ: Գոհ էր իր կեանքէն, կը ժպտար:
Երբ հասանք կառավարական առանձնատուներ՝ երթի ընթացքը դանդաղեցաւ, այնուհետեւ կեցաւ: Հեռուէն մեր ականջներուն կը հասնէին անհանգիստ ձայներ: Մասնակիցները գերլարուած, իրենց շունչերը պահած կը սպասէին դէպքերու զարգացումին։ Սադրիչներ յայտնուած էին եւ ցուցարարներու ուղղութեամբ նետեցին շիշեր: Իրավիճակը հետզհետէ կը լարուէր: Առանց ոտքերու մնացած երկու հերոսները՝ Զաւէնը ինծի յանձնելով՝ յառաջացան դէպի կիզակէտ: Մենք ալ սկսանք անոնց համար հոգ ընել:
Զաւէնը թողնելով մայրիկիս քովը, ես վեցամսեայ Դանիէլը գրկած քիչ մը յառաջացայ դէպի ոստիկանական բազմաշերտ պատը: Այստեղէն տեսանելի էին դաժան պատկերներ, մարդիկ կը ծեծէին զիրար:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի...
Երեւան