ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի այս տարուայ շրջանաւարտներու հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ներկայ էին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ Գատըգիւղի ընտանիքէն այլ բազմաթիւն ներկայացուցիչներ։ Հանդէսը տեղի ունեցաւ դպրոցի յարակից Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Արիաննա Էմիրզէօղլուի եւ Ալեքսան Եշիլչիմէնի։ Եռալեզու ծրագրի ծիրէն ներս տղաքը հանդէս եկան յաջող ելոյթներով, որոնցմով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։
Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորութեան խօսքէն վերջ, նախակրթարանի այս տարուայ 23 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։