ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթօ Արմանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։ Շաբաթավերջի տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ թաղականները Գումգաբու փութացած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի ծաւալած աշխատանքին շուրջ եւ յղեց ապագայ յաջողութեան մաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2022