ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերջին օրերուն իր յարկէն ներս հիւրընկալեց երկու դեսպաններ, մին հրաժեշտի, իսկ միւսը բարի գալուստի առթիւ։
Այսպէս, Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնէր Մորէլ, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Հանդիպման ժամանակ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Մայր Աթոռի եւ դեսպանատան միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերուն, ինչպէս նաեւ կարեւորեց հայ-գերմանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղեալ դեսպանին ջանքերը։
Խօսելով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին մասին, Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ շարունակուող քննարկումները ունենան դրական հանգուցալուծում։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ Գերմանիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը օրինակ պիտի ծառայէ այլ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար՝ նպաստելով նաեւ մարդկային կեանքի մէջ նման ողբերգութիւններու կանխարգիլումը։
Իր հերթին դեսպան Մորէլ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ ջերմ վերաբերմունքի եւ համագործակցութեան համար։
Իսկ Երեւանի մօտ Արժանթինի նորանշանակ դեսպան Կոնզալօ Ուրլիօլապեիտիա փութաց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, փափկավարական այցելութիւն մը տալու համար Վեհափառ Հայրապետին։
Նշանակման առթիւ շնորհաւորելով դեսպանը՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ խօսեցաւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ դէպի Արժանթին կատարած իր հովուապետական այցելութիւններուն մասին։
Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով նշեց, որ Մեծ եղեռնէն մազապուրծ բազում հայորդիներ կայք հաստատած են Արժանթինի հիւրընկալ երկրին մէջ եւ այսօր ալ կը շարունակեն վայելել Արժանթինի իշխանութիւններու հոգատար վերաբերմունքը։
Դեսպանը իր հերթին հաւաստիացուց, որ պիտի ջանայ ըստ ամենայնի զօրացնել երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը։ Անդրադառնալով Արժանթինի հայ համայնքին՝ դեսպանը ընդգծեց, որ ընդունուած, սիրուած ու գնահատուած է ան՝ իր ազնուութեան ու աշխատասիրութեան, երկրի զարգացման ու ամրապնդման բերած կարեւոր նպաստին շնորհիւ։
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր բարեմաղթանքները ուղղեց դեսպանին՝ արդիւնաւոր առաքելութեան մաղթելով իրեն Հայաստանի մէջ։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024