ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Վաղը, կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ տաղաւար տօներէն երրորդը՝ Տէր Յիսուսի Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը, այլ ասոյթով՝ այլակերպութիւնը, իսկ ժողովրդական հասկացողութեամբ վարդավառը:
Նախքան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարելը՝ այստեղ կ՚ուզեմ անդրադառնալ այն ցաւոտ երեւոյթին, որով որոշ հոսանքներ կը քննադատեն ու կը մեղադրեն Հայ Եկեղեցին, ըսելով, թէ հեթանոսական տօները կը պահէ եւ սատար կը հանդիսանայ, որպէսզի հեթանոսութիւնը չվերանայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջէն: Յայտնենք, որ Վարդավառը վաղ հայկական տօն մըն էր, որ կապուած էր Աստղիկ եւ Անահիտ չաստուածուհիներու պաշտամունքին: Այլ ենթադրութիւն մը կ՚ըսէ, թէ Վարդավառի տօնը սերած է Նոյ նահապետէն, երբ տապանէն դուրս գալէն ետք՝ օդի տաքութեան հետեւանքով հրահանգած է իր որդիներուն, որպէսզի ամէն տարի այդ շրջանին յիշատակեն այս առիթը իրարու վրայ ջուր սրսկելով: Մէկ խօսքով, Վարդավառը հին ժամանակներէն եկող աւանդութիւն մըն է, որ Հայ Եկեղեցին պարզապէս պահած է զայն, որպէս մշակութային դրսեւորում մը, որը սակայն ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի Տէր Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան խորհուրդին հետ: Դժբախտաբար, այդ քննադատ-գիտոսիկները, երբ արեւմտեան երկիրներու մէջ յայտնուին եւ այնտեղ բաեկենդաններու-դիմակահանդէսներու (carnaval-ֆր. - carnival-անգլ.) ներկայ գտնուին, մեծ ոգեւորութիւն կ՚ապրին եւ կը քաջալերեն նմանատիպ երեւոյթներ, ըսելով, թէ մշակութային դրսեւորման երեւոյթներ են: Լաւ, եթէ օտարինը մշակութային դրսեւորման երեւոյթ է, ինչո՞ւ համար մերը հեթանոսական է, ինչո՞ւ համար մերը խոտելի է, թէ չէ օտարինը մի՛շտ քաղցր է, մի՛շտ հաճելի է, բայց մերը՝ արհամարհելի եւ տհաճ, ինչո՞ւ որովհետեւ մեր պատկանած հոսանքին հետ առընչութիւն չունի, կամ մերը չէ, այլ՝ Հայ Եկեղեցիին է: Նման պահուածքներն ու դրսեւորումները արտայայտութիւն են միտքի ամլութեան եւ չարի սպասաւորները ըլլալու հանգամանքին, եւ ո՛չ աւելին:
Կրկնենք, դատապարտելի է իւրաքանչիւր հոգեւորականի արարք կամ բացատրութիւն, որով Վարդավառի հին ընկալումով տօնին կը փորձէ հոգեւոր իմաստ եւ խորհուրդ տալ, ատկէ անդին որեւէ քննադատութիւն կամ դատապարտութեան խօսք Վարդավառի հեթանոսական տօն ըլլալուն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հեթանոսական տօները պահպանելուն, պարզապէս անլուրջ է եւ ատելութենէ ու նախանձէ մղուած է, եւ ո՛չ աւելին:
Գալով Տէր Յիսուսի Պայծառակերպութեան դրուագին եւ անոր հոգեւոր խորհուրդին:
Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ գրած ու կրկնած ենք, թէ ժամանակաշրջանը՝ որ կ՚ապրինք ներկայիս նիւթականացած է եւ ամէն ինչ նիւթի հետ յարաբերակցութեամբ կ՚ընկալուի կամ կ՚ըմբռնուի: Աւետարանական ու Աստուածաշնչական նման դրուագներն ու դէպքերը սակայն, կու գան փաստելու մեզի, թէ մարդ ինչքան ալ նիւթականանայ, մարդ գիտական ի՜նչ նուաճումներու ալ հասնի, եթէ հոգեւորը բացակայ է իր կեանքէն, ապա իր բոլոր ձեռքբերումներն ու նուաճումները անկատար եւ անիմաստ կը մնան, մինչ՝ երբ հոգեւորը ներկայ ըլլայ, այդ բոլորը տարբեր իմաստ, տարբեր գոյն եւ տարբեր ընկալում կը ստանան, ինչպէս պատահեցաւ երեք աշակերտներուն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ, որոնց Տէրը Իր հետ Թաբոր լեռ բարձրացուցած էր, եւ անոնց դիմած պայծառակերպուած:
Արդարեւ, երեք աշակերտները անցնող շուրջ երեք տարիներու ընթացքին մնայուն կերպով ընկերակցած էին իրենց Վարդապետին, լսած էին Անոր ուսուցումները, ականատես եղած էին Անոր գործած հրաշքներուն եւ միշտ հիացած էին Անոր բարոյական ընկալումներով, մէկ խօսքով, իրենց Վարդապետի կերպարին մէջ գտած էին բոլոր այն յատկութիւնները, որոնցմով մարդ կրնար խաղաղ կեանք մը ապրիլ: Պայծառակերպութեան դէպքը սակայն, անոնց ներաշխարհը իրար անցուց, տարբեր քաղցրութիւն մը, տարբեր զգացում մը ապրեցան այս անգամ, որ մինչ այդ չէին զգացած, որ մինչ այդ չէին նկատած իրենց Վարդապետին վրայ, որով Պետրոսը ըսաւ իր Վարդապետին.
-Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ՚ըլլայ, որ հոս մնանք. եթէ կ՚ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար (Մտ 17.4):
Աշակերտները այնքա՜ն տպաւորուած էին կատարուածով, որ չէին ուզեր հեռանալ այդ վայրէն, չէին ուզեր, որ այդ պահը վերջանար, ընդհակառակը կ՚ուզէին ինչքան հնարաւոր էր երկար մնային այդտեղ ու վայելէին իրենց Վարդապետին այդ կերպարը:
Աշակերտները, տակաւին չէին հասկցած կատարուածը, երբ ամպի մը մէջէն ձայն մը եկաւ ա՛լ աւելի խառնելու իրենց ներաշխարհը: Ձայնը կ՚ըսէր.
-Այս է Իմ սիրելի Որդիս, որուն Ես հաճեցայ. Անոր մտիկ ըրէք (Մտ 17.5):
Աւետարանիչը կը շարունակէ.
Երբ աշակերտները լսեցին ասիկա, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան: Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ.
-Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք (Մտ 17.6-7):
Աշակերտները տակաւին լաւապէս չէին կրցած ըմբռնել կատարուածը, չէին կրցած հասկնալ, թէ ինչպէս Մովսէսն ու Եղիան յայտնուած էին իրենց Վարդապետին աջ ու ձախ կողմը (Մտ 17.3), հրապուրուած էին այդ պահի երկնային ու աստուածային վայելքով եւ չէին ուզեր, որ այդ պահը վերջանար, եւ ահա ձայն մը ամպին մէջէն կու գար զանոնք առաւել եւս խառնելու եւ սարսափեցնելու: Ամպին մէջէն եկած ձայնը հակառակ անոր, որ սարսափեցուց աշակերտները, սակայն միւս կողմէ բացայայտ վկայութիւն մըն էր իրենց Վարդապետին Աստուածութեան մասին, Աստուծոյ Որդին ըլլալու մասին, ինչ որ յետագային իրենց ուժ պիտի տար, կարենալ դիմագրաւելու զանազան փորձութիւններ ու նեղութիւններ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի պայծառակաերպութեան այս դէպքին մէջէն գլխաւորաբար պէտք է մեր ուշադրութիւնը դարձնենք հետեւեալ արտայայտութեան, որպէսզի մեր կեանքերն ալ այլակերպին.
-Այս է Իմ սիրելի Որդիս, որուն Ես հաճեցայ. Անոր մտիկ ըրէք (Մտ 17.5):
Աստուծոյ կողմէ տրուած այս վկայութիւնը ո՛չ միայն որպէս վկայութիւն պէտք է ընկալել, այլ՝ որպէս խրատ, պատուէր հետեւելու եւ լսելու Տէր Յիսուսին: Տէր Աստուած Իր կատարած այս վկայութեամբ կը յայտնէ մեզի, թէ Իր հաճութիւնը տուած է Իր Սիրելի Որդիին, եւ միւս կողմէ կը թելադրէ մեզի, որպէսզի մտիկ ընենք Անոր: Այս վկայութիւնը անհերքելի փաստ մըն է այն մասին, որ Հայրն ու Որդին մէկ են, անբաժանելի են եւ միշտ միասին են: Կարդանք Յովհաննէսի Աւետարանին առաջին գլուխը. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց: Կեանքը Անով սկիզբ առաւ» (Յհ 1.1-4): Եւ. «Չեմ աղօթեր միայն իրենց համար, այլ նաեւ անոնց համար՝ որոնք անոնց քարոզութեամբ Ինծի պիտի հաւատան: Կ՚աղօթեմ որ անոնք բոլորն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս որ Դուն, ո՛վ Հայր, Իմ մէջս ես եւ Ես Քու մէջդ, այնպէս ալ անոնք մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ, որ Դուն ղրկեցիր զիս: Այն փառքը որ Ինծի տուիր՝ իրենց տուի, որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս որ Ես եւ Դուն մէկ ենք: Ես անոնց մէջ ըլլամ եւ Դուն՝ Իմ մէջս, այնպէս որ անոնք կատարեալ կերպով մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը գիտնայ թէ Դուն ղրկեցիր զիս եւ թէ սիրեցի զանոնք, ինչպէս որ Դուն զիս սիրեցիր» (Յհ 17.20-23): Նոյն Աւետարանիչը իր ընդհանրական առաջին նամակը այսպէս կը սկսի. «Մենք լսեցինք, մեր աչքերով տեսանք եւ մեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր: Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ: Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով Անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ: Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ Անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ, եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը» (Ա. Յհ 1.1-4):
Մէջբերուած համարները վկայութիւն են Աստուծոյ եւ Որդիին մէկութեան, առաւել եւս վկայութիւն մըն են այն մասին, որ եթէ մենք՝ մարդիկս հնազանդինք աստուածային պատուիրանին, թէ՝ Անոր մտիկ ըրէք, ապա արժանի կը դառնանք Միածին Որդիի խոստումին, թէ՝ այն փառքը որ Ինծի տուիր՝ իրենց տուի, որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս որ Ես եւ Դուն մէկ ենք: Ես անոնց մէջ ըլլամ եւ Դուն՝ Իմ մէջս, այնպէս որ անոնք կատարեալ կերպով մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը գիտնայ թէ Դուն ղրկեցիր զիս եւ թէ սիրեցի զանոնք, ինչպէս որ Դուն զիս սիրեցիր: Մեզմէ իւրաքանչիւրին որոշումն է, միանա՞լ Աստուծոյ եւ Անոր Որդիին, թէ՞ հեռու մնալ անոնցմէ եւ աշխարհի կատաղի ալեկոծումներուն մէջ ի սպառ կորսուիլ ու վերանալ:
Մեր այսօրուան կեանքը կարիքն ունի այլակերպութեան, կարիքն ունի Քրիստոսով պայծառակերպուելու, որովհետեւ չարիքն ու ատելութիւնը, նախանձն ու քինախնդրութիւնը դարձած են մեր առօրեային անմասն ընկերակիցները: Այս բոլորը հետեւանքն են մեր թերութեան, Աստուծմէ հեռանալուն եւ փորձելուն մեր կեանքը կազմաւորել ու կազմակերպել առանց Աստուծոյ ներկայութեան եւ օրհնութեան, անգիտանալով, որ ինչքան հեռանանք Աստուծմէ, ինչքան մերժենք մեր սիրտերուն դռները բանալ Անոր դիմաց, ապա մեր կեանքը պիտի շարունակէ ա՛լ աւելի ամայանալ ու անապատանալ, որովհետեւ Աստուած Ի՛նք է, որ մեր կեանքը կը լուսաւորէ, պտղաբեր ու արգասաբեր կը դարձնէ, կը պայծառակերպէ: Կառչի՛նք Աստուծմէ, մեր կեանքերը այլակերպենք, պայծառակերպենք, որպէսզի կարենանք համարձակութեամբ կանգնիլ մեր Տիրոջ առջեւ ու ըսել. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք» (Ղկ 17.10):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
18 յուլիս 2022, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024