ԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ժողովը։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հաստատման զուգահեռ՝ ERVAB-ի հարթակին վրայ լուրջ աշխուժութիւն ստեղծուած է շաբաթներէ ի վեր։ Նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած մեկնաբանութիւններու տարբերութիւններն ու տարակարծութիւնները, ըստ երեւոյթին, յաչս համայնքային վարիչներուն յարաբերաբար աւելի բիւրեղացած են ներկայիս։ Արդարեւ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչները մօտաւոր անցեալին փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական վարիչներուն հետ ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնք յստակացուցին նոր կանոնադրութեան գործադրութեան հիմնական առանցքներն ու գրաւոր բանաձեւումներու հաւանական ճկունացման սահմանները։
Այս բոլորէն վերջ համայնքային վարիչները այսօր հերթական լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը կ՚իրականացնեն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ։ ԹՎՄ-ի հարթակին վրայ արդէն միջոցէ մը ի վեր թեքնիք պատրաստութիւններ ալ յառաջ կը տարուին՝ մասնաւորապէս ընտրողներու ցուցակները կատարելագործելու եւ այժմէականացնելու ուղղութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ անցեալ շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուղղեալ կոչով մը հանդէս եկած էր առկախեալ ընտրութիւններու եւ նոր կանոնադրութեամբ հաստատուած նոր դրութիւնով ստեղծուած կացութեան շուրջ։
Ընտրական նոր կանոնադրութիւնով շրջանային դրութիւն պիտի հաստատուի համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնը կազմակերպելու համար։ Շուրջ 10 տարիէ ի վեր կը սպասուէր նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան՝ մինչ այժմու վարիչներուն մեծամասնութիւնը արդէն մօտաւորապէս 15 տարիէ ի վեր գործի գլուխ կը գտնուին։