«ՏԵՍՆԵԼ» ՄԱՏՆԵՐՈՎ, ԶԳԱԼ ՍԻՐՏՈՎ…
Տեսողութենէ զրկուած մարդոց համար գիրքը շատոնց հասանելի է: 1824-ին ստեղծուած Պրէյլի այբուբենը քանի հարիւրամեակէ ի վեր կոյր մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ մատներու շօշափումով ընթերցելու գիրքը՝ անոր վրայ կազմուած ուռուցիկ-կէտային համակարգի շնորհիւ: Ամբողջ աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր գիրքեր տպագրուած են այդ այբուբենով եւ տեսողութեան հարց ունեցող մարդիկ դասական եւ ժամանակակից գրականութեան լաւագոյն նմոյշները կը կարդան առանց դժուարութեան: Կոյրերու համար ստեղծուած են նաեւ ձայնային գիրքեր, որոնք նոյնպէս գրականութեան ծանօթանալու ձեւեր են անոնց համար, որոնք կը նախընտրեն շօշափելու փոխարէն լսել գիրքերը:
Վերջերս ի յայտ եկած է նաեւ միջոց մը, որ տեսողութեան հարց ունեցողներուն կարելիութիւն կու տայ դիտելու կերպարուեստի գործերը: Ընդհանրապէս, տեսողութեան հարց ունեցող մարդիկը քիչ կ՚այցելեն պատկերասրահներ. արուեստի գործերուն մասին անոնք միայն կը լսեն եւ կը պատկերացնեն, թէ այս կամ այն յայտնի նկարիչը ի՛նչ նկարած է կտաւներուն վրայ:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է բացառիկ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած են Ազգային պատկերասրահէն ներս պահուող գլուխ-գործոցներէն հինգ հատին շօշափելի կրկնօրինակները, որոնք պատրաստուած են տեսողութեան հարցեր ունեցողներուն համար: Այդ գործերը իրենց բնօրինակներուն հետ այսուհետեւ կը ցուցադրուին պատկերասրահին մէջ: Պատկերասրահներուն, թանգարաններուն մէջ արգիլուած է որեւէ նկարի դպչիլ, մինչդեռ տեսողութեան հարցեր ունեցող մարդոց համար նախ շօշափելիքի զգայարաններն են, որ աշխարհը տեսնելու պատուհան կը դառնան: Անոնք այս նախագիծի ծիրէն ներս իրաւունք ունին դպչելու, շօշափելու նկարները եւ միայն այդ ձեւով կրնան զգալ, թէ ի՛նչ պատկերուած է նկարին մէջ: Նկարին ցցուն ելեւէջերուն դպչելով՝ կը զանազանեն պատկերները, բնորդներուն դիմագիծերն ու հագուստը, բնանկարներուն, ճարտարապետական կոթողներուն մանրամասնութիւնները: Ուռուցիկութիւնը պատրաստուած է դիւրազգացութիւն չյառաջացնող արհեստական նիւթով՝ աշխարհի նմանօրինակ փորձին հիման վրայ:
«Խօսող կտաւներ» կը կոչուի ներառական այս նախագիծը, որ նպատակ ունի տեսողութենէ զրկուած մարդիկը ներգրաւել արուեստի աշխարհ: Ծրագրին առաջին փուլին ընթացքին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ներկայացուած են Մարտիրոս Սարեանի «Հայաստան», Գրիգոր Խանճեանի «Հացը լեռներուն մէջ», Մինաս Աւետիսեանի «Խնոցի», անյայտ հայ նկարիչի «Սեւանի Աստուածամայր» եւ Սարգիս Մուրատեանի «Կոմիտաս. վերջին գիշեր» կտաւները: Ասոնք հայ եւ համաշխարհային արուեստի մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունեցող ստեղծագործութիւններ են, որոնք հիացուցած են օտարները:
Կոյր մարդոց համար այս ծրագիրը մեկնարկած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն, քանի որ այն հայկական կերպարուեստի գանձարանն է: Նախաձեռնողները նպատակ ունին ծրագիրը շարունակելու նաեւ միւս թանգարաններուն մէջ եւ տեսողութենէ զրկուածներուն կարելիութիւն տալու այցելելու նաեւ մեր բոլոր պատկերասրահները:
Նախագիծը կեանքի կոչուած է «Սարեր» մշակութային հասարակական կազմակերպութեան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի համագործակցութեամբ՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ: Անոնք տեսողութենէ զրկուած մարդոց համար շատ կարեւոր կը նկատեն այս նախաձեռնութիւնը նախ հոգեբանական առումով, քանի որ այս ձեւով կը փշրուին բոլոր կարծրատիպերը, կոյր մարդուն մօտ կը յաղթահարուի թերարժէքութեան բարդոյթը եւ ինքն ալ արուեստի աշխարհի անցուդարձին ուղղակի մասնակից կ՚ըլլայ, ինքզինք կը զգայ այս աշխարհին մէկ մասնիկը: Ցուցահանդէսը կարեւոր է մանաւանդ այդպիսի մանուկներու համար, որոնք փոքր տարիքէն կը վարժուին պատկերասրահներ այցելելու:
Շատեր նոյնիսկ ուշացած կը նկատեն այս նախաձեռնութիւնը, քանի որ աշխարհի մէջ տարիներ առաջ արդէն նմանօրինակ ծրագիրներ կային: Աշխարհի մեծ պատկերասրահները, յայտնի թանգարանները շատ մեծ տեղ կու տան հաշմանդամութիւն եւ շարժողական, տեսողական այլ հարցեր ունեցող արուեստասէրները ներգրաւելու ձեռնարկներուն:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ 17-20-րդ դարերուն պատկանող այս հինգ շօշափելի կտաւները կ՚ուղեկցուին ձայնային նկարագրութեամբ, յայտնի դերասանները ձայնագրութեամբ շօշափողին կը պատմեն նկարին պատմութիւնը, իսկ կցեալ, Պրէյլի գիրով հակիրճ գրութիւն մը կայ նկարին մասին: Այսինքն, տեսողութիւնը կորսնցուցած այցելուն միաժամանակ թէ՛ կը շօշափէ կտաւը, թէ՛ անոր մասին յիշարժան բացատրութիւն կը լսէ եւ թէ՛ առիթ կ՚ունենայ նաեւ իր գիրով կարդալու այդ մասին:
Այս նկարները, ցուցադրուելով սովորական ցուցասրահին մէջ, պատկերասրահ այցելող միւս այցելուներուն նաեւ կը բացայայտեն ուրիշ իրականութիւն մը, որուն մէջ ապրող մարդիկը այլ կերպով կը բաւարարեն իրենց արուեստի պահանջքները եւ ցոյց կու տան, որ այդ մարդիկը կ՚ապրին մեր կողքին եւ ունին նոյն իրաւունքները, ինչպէս միւսները:
«ՍԵՒԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐ»
Այս ցուցահանդէսին ինքնատիպ խորհրդանիշն է անյայտ հայ նկարիչի վրձինին պատկանող «Սեւանի Աստուածամայր» սրբապատկերը: Ըստ աւանդութեան, այս սրբապատկերը ուժ, զօրութիւն եւ առողջութիւն կը պարգեւէ կոյրերուն: «Սեւանի Աստուածամայր»ը Հայ Եկեղեցւոյ հնագոյն սրբապատկերներէն է (ստեղծուած հաւանաբար՝ 16-րդ դարու վերջաւորութեան կամ 17-ի սկիզբը), որուն հեղինակը մինչեւ հիմա անյայտ է, հակառակ որ նկարը հանրահռչակ է:
Սրբապատկերին առանձնայատկութիւնը այն է, որ մանուկ Յիսուսը պատկերուած է՝ խաչը գրկած: Ան կը ներկայացնէ Աստուածամօր «չարչարանաց» տեսարանը, որ ձեւաւորուած է 15-16-րդ դարերու կէսերուն, իտալական եւ յունական կերպարուեստներուն մէջ:
Ընդհանրապէս, «չարչարանաց» տիպարի դասական օրինակներուն մէջ հիմնականօրէն հրեշտակները խաչափայտը եւ չարչարանքի գործիքները երկու կողմերէն կը մօտեցնեն մանուկ Յիսուսին եւ մանուկը կարծես երկիւղած աւելի կը դառնայ դէպի մայրը, մինչդեռ «Սեւանի Աստուածամայր» կտաւը, ըստ վերլուծողներուն, սկզբունքօրէն կը տարբերի քրիստոնէական պատկերագրութեան մէջ ընդունուած այդ դասական օրինակներէն: Նկարը ակնառու է զուսպ գունաշարով, կը գերիշխէ կապոյտը: Անյայտ նկարիչը փորձած է հոգեբանական նուրբ բնութագրումներ տալ Տիրամօր եւ մանուկ Քրիստոսին: Անոնք հանգիստ են, հանդարտ, իսկ մանուկը կարծես հաշտուած ըլլայ իր ճակատագրին հետ։ Մարիամն ալ գլխահակ է՝ Որդւոյն սպասող փորձութիւններուն գիտակցումով: Անոր գլխուն շուրջը կը փայլի արեւագոյն լուսապսակը: Փայտեայ սեղանին նստած է մանուկ Յիսուսը՝ մոխրագոյն մազազգեստ հագած: Երկու ձեռքով ան գրկած է մեծ խաչը եւ խաղաղ ու ժպտադէմ է: Ան շրջապատուած է մատնութիւնն ու չարչարանքները խորհրդանշող առարկաներով՝ փուշերով, աքցանով, մուրճով, գամերով, գեղարդով, նիզակին անցուած քացախի թաթխուած սպունգով, արծաթեայ դրամներով, Յուդային սեւ ձեռքով, նարտիի քուէով եւ Յիսուսին արիւնը խորհրդանշող կարմիր ծաղիկով:
ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆ ԲՈՒԺՈՒԵՑԱՒ…
«Սեւանի Աստուածամայր»ը, ըստ եղելութեան մը, կ՚առընչուի հայ մշակոյթի մեծ երախտաւորներէն մէկուն՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցական գործիչ, հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի անունին հետ:
1692 թուականին կարճ ժամանակով Սեւանի վանքին մէջ հաստատուած է Մխիթար Սեբաստացին: Ան, թոյլ տեսողութիւն ունենալով եւ գտնուելով կուրնալու շեմին՝ օրեր շարունակ աղօթած է այս պատկերին առջեւ եւ շուտով վերագտած տեսողութիւնը։
Ծանօթ է, որ 1692 թուականին Մխիթար Սեբաստացին Պոլիսէն կ՚երթայ Էջմիածին՝ միաբանելու։ Սակայն հիասթափուած, շուտով կը մեկնի Սեւան, ուր ալ կը տառապի ակնացաւով: Շուրջ տասն օր հոն մնալէն եւ հրաշագործ բուժում ստանալէն ետք կը վերադառնայ Բասէն:
Մխիթար Սեբաստացիի սեւանեան այդ օրերուն մասին Ղեւոնդ Ալիշան գրած է. «Սեբաստացի սարկաւագն Մխիթար, յայնժամ 18 ամաց, եկեալ այսր յուխտ, յամի 1692, արժանաւորեցաւ խոստման Տիրամօրն, օգնական յինելոյ աստուածասէր ըղձանացն, մինչ աղերս արկանէր աոաջի պատկերի նորին, որ եւ ցարդ պահի անդ, թէ եւ հնացեալ եւ խանգարեա, որոյ է օրինակս. եւ քաջալերեալ՝ յաջողեցալ նորին Տիրամօր շնորհօք հաստատել զկրօնս իւր, շինելով վանըս նախ ի Մեթոն Մոռէայ, եւ ապա ի Վենետիկ…»։
Հայագէտ Սուրէն Շտիկեան եւս կը վկայակոչէ այդ պատմութեան՝ աւանդութեան վերածուած տարբերակը. «Հայաստանէն մէկ ընդ միշտ հեռանալէն առաջ Մխիթար Սեբաստացին Սեւանայ կղզիին մէջ կ՚աղօթէ այդ պատկերին առջեւ եւ Տիրամօրմէն կը խնդրէ, որ իրեն ուժ ու զօրութիւն տայ։ Ըստ աւանդութեան, այդ ժամանակ շարժած են Տիրամօր շուրթերը եւ Մխիթարը լսած է իր խնդրանքին պատասխանը՝ Եղիցի»:
Մխիթար Սեբաստացին, ըստ մասնագէտներուն, հաւանաբար, այս սրբապատկերին անմիջական ազդեցութեամբ է, որ գրած է Աստուածամօր նուիրուած իր գողտրիկ տողերը: Անոր «Անճառին խորան» տաղը կ՚երգեն Սուրբ Աստուածածնին նուիրուած տօներուն՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին:
1983 թուականին պատմաբան Ա. Առաքելեան «Հայագիտական հանդէս»ին մէջ կը գրէ, որ նախապատրաստուելով Մխիթարեան միաբանութեան երկուհարիւրամեայ յոբելեանին, Ղեւոնդ Ալիշան փորձած է հաւաքել այն բոլոր մասունքները, որոնք առընչուած են Աբբահօր կեանքին։ Այդ նպատակով 1890-1900-ական թուականներուն ան շարք մը նամակներ յղած է Էջմիածնի միաբանութեան անդամներուն՝ խնդրելով Սեւանայ կղզիին մէջ գտնուող Աստուածամօր պատկերը, որուն առջեւ աղօթած է իրենց ուխտին հիմնադիրը, նմանատիպ գունանկարի կամ ալ լուսանկարի ձեւով ղրկեն: Ընդ որում, Ալիշան յոյս ունեցած է, որ ընդօրինակութիւնը կը կատարէ նկարիչ Վարդգէս Սուրենեանցը: Սակայն կարգ մը պատճառներով, հաւանաբար կապուած 1891 թուականին Էջմիածնէն հեռանալու հանգամանքներուն հետ, մեծանուն նկարիչը կարելիութիւն չէ ունեցած կատարել Ալիշանի ցանկութիւնը: Այնուհետեւ, 1896-1901 թուականներու միջոցին Ալիշան դարձեալ նամակներ կը յղէ Էջմիածին՝ նորոգելով «Սեւանի Աստուածամայր» սրբապատկերին գունանկարը ստանալու իր խնդրանքը: Ալիշանին ուղղուած պատասխան նամակը կ՚ըսէ, թէ այդ կտաւը Հայոց կաթողիկոսին յանձնարարութեամբ, որպէս հին արուեստի լաւագոյն նմոյշ, արդէն Սեւանի մէջ չէ եւ հոնկէ փոխադրուած է Էջմիածին եւ միայն կարելի նկատած են Վենետիկ ղրկել անոր լուսանկարը: Ըստ ուսումնասիրողներուն, շուրջ 15 տարի տեւած բանակցութիւնները եւ Ալիշանի հիմնական փափաքը՝ իրենց մօտ ունենալ այդ կտաւը, դրական լուծում չեն ստացած:
Այնուհետեւ, 1902-1903 թուականներուն ընթացքին, Խրիմեան Հայրիկ «Սեւանի Աստուածամայր» կտաւը Վենետիկ ղրկելու անյաջող փորձէն յետոյ, Մխիթարեաններուն բաղձանքը որոշ չափով կատարած ըլլալու համար, գեղանկարիչ Ենովք Նազարեանցին կը յանձնարարէ ընդօրինակել յիշեալ կտաւը եւ զայն որպէս նուէր կը ղրկէ Վենետիկ: Այդ կրկնօրինակը այսօր կը ցուցադրուի Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան սրահներէն մէկուն մէջ, իսկ սրբապատկերին բնօրինակը կը զարդարէ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը։
Շատ հետաքրքրական պատմութիւն ունեցող «Սեւանի Աստուածամայր» կտաւը այսօր կը շօշափեն տեսողութենէ զրկուածները, անոր առջեւ կ՚աղօթեն յոյսով, որպէսզի ուժ եւ զօրութիւն ստանան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան