ԾԱՆՕԹՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՆԾԱՆՕԹ

Ծանօթներու մէջ ինքզինք անծանօթ, օտար զգալ եւ կամ բազմութեան մէջ մինակ մնալ, առանձին՝ ապրիլ ուրիշ միջավայրի մը մէջ կամ տարբեր աշխարհի մը վրայ։ Բնաւ զգացա՞ծ էք օտար ձեր բարեկամներու, ծանօթներու հաւաքոյթին մէջ եւ կամ առանձին՝ բարեկամներու խումբի մը մէջ։ Իրապէ՛ս շատ վատ զգացում մըն է այդ մէկը՝ ախտանշան մը թերեւս խռոված, վրդոված մինչեւ իսկ ախտաւոր հոգիի մը։

Կեանքէն չախորժիլ, դժգոհ ըլլալ, ինքնակեդրոն՝ իր իսկ ներքին աշխարհին մէջ ապրիլ, բնականաբար հոգեպէս խառնուածքի մը նշաններն են, մանաւանդ երբ անոնք տեւական են մարդուն կեանքին մէջ՝ միացած իր ինքնութեան եւ «նկարագիր» դարձած։ Արդարեւ, ամէն մարդ կրնայ ատեն ատեն հեռանալ ընթացիկ, առօրեայ կեանքի եւ ձանձնացուցիչ միօրինակ ժխորէն։ Հասկնալի եւ ներելի է այն։ Բայց կեանքին վշտանալ, դասալիք ըլլալ, յուսալքուած եւ աննպատակ ապրիլ՝ ահա ա՛յդ է որ վտանգաւոր վիճակ մը կը պարզէ մարդուն համար։

Գալով այն հարցին, թէ երբ մարդ ինքզինք օտար եւ անծանօթ կը զգայ ծանօթներու, նոյնիսկ բարեկամներու եւ հարազատներու մէջ, ահաւասիկ հոն «հարց» մը, «խնդիր» մը կայ, որ պէտք է դարմանել, մասնագէտ հոգեբոյժներու դիմելով։ Արդարեւ, մարդ որքան ալ գիտակից ըլլայ եւ մինչեւ իսկ մասնագէտ այս մասին, երբեք ինքն իր մասին ախտաճանաչում չի կրնար ընել, որովհետեւ մարդուն «Ես»ը արգե՛լք կը հանդիսանայ ասոր։ Եւ ո՛չ մէկը կ՚ընդունի իր թերութիւնը, պակասը, մանաւանդ հոգեկան եւ մտային մարզերու մէջ։ Մասնագէտ եւ հմուտ հոգեբոյժ մը, իր հոգեվիճակը հասկնալու եւ կամ թերութիւն մը, տկարութիւն մը որոշելու համար, անպայման ուրիշ հոգեբոյժի մը օգնութեան կը կարօտի։

Մարդ երբեմն ալ ինքզինք առանձին կը զգայ բազմութեան մէջ։ Այս երեւոյթն ալ եթէ տեւական ըլլալու բնոյթը չունի, բնական է, բայց եթէ ենթական տեւապէս ինքզինք «օտար», «մինակ» եւ «առանձին» կը զգայ, հոն ալ հարց մը գոյութիւն ունի կը նշանակէ։ Արդարեւ, այսպիսի հոգեվիճակ մը մարդը կրնայ տանիլ մինչեւ իսկ անձնասպանութեան։

Օտար կամ ծանօթ, մինակ կամ առանձին մարդ ախորժելու է կեանքէն, ապրիլը պէտք է հաճոյք պատճառէ, քանի որ ի՛նչ որ ալ ըլլայ կեանքը ապրելու կ՚արժէ։ Նեղութիւններ, ցաւեր, հիւանդութիւններ եւ մինչեւ իսկ կորուստներ պէտք չէ վհատեցնէ մեզ. ապահով քայլերով պէտք է յառաջանանք կեանքի ճամբուն մէջ։

Կեանքը ամէն մէկուս պարտականութիւն մը եւ պարտաւորութիւն մը նշանակած է. պատասխանատու ենք մեր կեանքէն. աւանդ մըն է կեանքը մեր բոլորին, պէտք է լաւ խնամենք զայն՝ մինակ, առանձին, օտար կամ անծանօթ, բայց մի՛շտ առողջ մտադրութեամբ եւ միշտ լա՛ւ տրամադրութեամբ։

Աստուած մարդը թէեւ «մինակ» չստեղծեց, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ մարդ առանձին պէտք չէ մնայ…։ Անշուշտ, հաճելի է համախոհ եւ իրար լաւ հասկցող բարեկամներու մէջ ըլլալ, բայց այդ միութեան ալ մաս կազմելու համար մարդ պէտք է ինքզինք պատրաստէ, հոգեպէս եւ մտապէս հասուն ըլլայ, այս ալ կարելի է միայն առանձնանալով՝ ինքզինք ճանչնալով, իր «Ես»ին հետ հաղորդակցելով եւ ամենէն կարեւորը՝ առանձնութեան մէջ Աստուծոյ հետ խօսելով Հայր եւ որդիի մտերմութեանը մէջ։

Մարդ բազմութեան մէջ ինքզինք «մինակ» կը զգայ, երբ այդ բազմութեան մէջ համամիտ եւ նոյն նպատակին ծառայող անհատներ կը պակսին։ Ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Նմանը իր նմանը կը գտնէ»։ Եթէ բազմութեան մէջ «նման»ը չի գտներ մարդ, անշուշտ որ ինքզինք առանձին կը զգայ եւ կամ «բարեկամ» կարծուածներու մէջ՝ ինքզինք բոլորովին օտար եւ անծանօթ…։

Նախապէս խօսած էինք «տարիքոտ»ի եւ «ծեր»ի տարբերութեան մասին։ Ամէն տարիքոտ կրնայ չհամաձայնիլ «ծեր»երու հետ, քանի որ «տարիքոտ»ին հոմանիշը եւ մերձիմաստը չէ՛ «ծեր»ը, տարիքոտ տառացիօրէն «երկար ապրած», «ալեւոր» կը նշանակէ։ Իսկ «ծեր» ո՛չ թէ միայն տարիքը առած, այլ՝ զառամած։ Իսկ երիտասարդներ իրենք զիրենք «օտար» եւ «անծանօթ» կը զգան տարիքոտներու մօտ, քանի որ անոնք նպատակի համամիութիւն մը չունին՝ երիտասարդին նպատակը ապագան է, իսկ տարիքոտ մարդունը՝ անցեա՛լը։ Անշուշտ «ծերութիւն»ը միայն տարիքի հետ չենք կրնար կապել. մարդ ա՛յնքան «ծեր» է, որքան ծեր կը զգայ ինքզինք։ Բայց, ընդհանրապէս, ներկայ ընկերութեան մէջ մուտքի անցագիրը տարիքն է։ Մարդ, ինչպէս երիտասարդութեան, տարեց վիճակին ալ սորվելու է «հոգիի անկախութեամբ» ապրիլ։ Վերջապէս, տարեցներ թէեւ կը հեռանան ներկայ ընկերութենէն, բայց կը մօտենան Աստուծոյ, աւելի շատ կը սկսին հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ։ Առածը կ՚ըսէ. «Երիտասարդին երգել եւ տարեցին աղօթել»։ Այսպէս, որքան տարիքը յառաջանայ, Աստուծոյ մտերմութիւնն ալ կ՚աւելնայ, արդեօք պէ՞տք է Աստուծոյ հետ մտերմանալու համար սպասել տարիներու…։

Երիտասարդներ կամենային, տարեցներ՝ կարենային։

Ահաւասիկ այս կէտին է, որ մարդ կ՚օտարանայ եւ կը ստիպուի հետզհետէ առանձնանալ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 1, 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022