ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴԸ՝ ՄԱՐՔՕ ՓՈԼՕ (Բ.)

Պատմագիրներ կը վկայեն, թէ այն շրջանին, մոնկոլները աշխարհի ամենէն տարածուած եւ ուժեղ կայսրութիւնը կը կազմէին։ Իրենց առաջին պետերէն՝ Ճենկիզ խանի հրամանատարութեան տակ, անոնք սարսափ սփռած էին Չինաստանէն մինչեւ Ռուսաստան եւ Պարսկաստան եւ գրաւելու վրայ էին դեռ Մերձաւոր Արեւելքը՝ մինչեւ Միջերկրական։

Անոնք, պատերազմի ատեն անհաւատալի ըլլալու աստիճան չարքաշ՝ դժուարութիւններու տոկացող եւ նոյնքան անողորմ եւ բիրտ էին։ Անմրցելի ձիաւորներ էին եւ փայլուն նետարձակներ, ինչպէս հայ պատմիչներ, իրենց գործերուն մէջ, մոնկոլները կը կոչեն «նետողներու ազգ»։ Արդէն իրենց ընդհանուր երեւոյթով՝ կարճ հասակ, լայն դէմք, տափակ քիթ, երկար մազ՝ բաւական սարսափազդու, վախ կ՚ազդէին քաղաքակիրթ ազգերուն, յատկապէս Պարսկաստանի, Միջագէտի մահմետականներուն, քանի որ Պարսկաստանը եւ արաբական Միջագէտքը այդ շրջանին, քաղաքակրթութեան բարձր մակարդակի հասած էին. մինչ քրիստոնեաներու հանդէպ աւելի ներողամիտ էին։

Այս առումով, մոնկոլներու կենցաղը տարօրինակ էր բոլորի աչքին։ Իբր բնակարան՝ անոնք ունէին վրաններ, որոնք կը փոխադրէին կենդանիներով՝ գոմէշ, ուղտ։ Իսկ ձիերը կը գործածէին պատերազմի մէջ, կ՚ուտէին նաեւ անոնց միսը՝ հո՛ւմ։ Բանջարեղէնները եւս հում կ՚ուտէին։ Շատ կաթ կը խմէին, սորված էին շինել փոշի կաթ՝ որ դիւրին ալ կը փոխադրուէր…։

Ահաւասիկ, այդ շրջանին, ճամբայ ելլելէ չորս տարի ետք, վենետիկցի վաճառական ճամբորդները հասան Քապալուք մայրաքաղաքը՝ այսօրուան Փեքինը։ Հաւնելով չինական դաշտերը, Քուպիլայը հաստատուած էր հոն՝ մոնկոլներու մեծ բազմութեամբ մը։ Ասկէ 20 տարի առաջ, Մանգու մեծ խանին օրով, մոնկոլներու բուն կեդրոնը տակաւին Մոնկոլիան էր՝ Քարաքորում քաղաքով։ Չինացիները կը շարունակէին խաղաղ ապրիլ իրենց երկրին մէջ իբր հպատակներ, թէեւ շատ դժգոհ էին ծանր տուրքերէն, եւ ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ՝ դար մը ետք, չինացիներ պիտի ապստամբին եւ յաջողին վռնտել մոնկոլները։

Իսկ մոնկոլները, գոնէ Չինաստանի մէջ սկսած էին հետզհետէ քաղաքակրթուիլ…։

Այս ճամբորդութեան միջոցին, Մարքօ Փոլօն շլացաւ տեսնելով Քապալուքի շքեղութիւնը։ Իսկ Քուպիլայը, շատ ուրախ՝ իր բարեկամներու վերադարձէն, աւելի եւս գոհ եղաւ, երբ Նիքոլօն զաւակը ներկայացուց. եւ գնահատելով բարեձեւ՝ վայելուչ եւ խնամուած երեւոյթին եւ այս ուշիմ երիտասարդին, պալատական լաւ եւ կարեւոր պաշտօն մը տուաւ անոր։ Եւ այսպէս, ամբողջ 17 տարի, Մարքօն սկսաւ ապրիլ Քապալուքի պալատին եւ անոր հիանալի՜ պարտէզներուն մէջ։ Շահելով Քուպիլայի՝ Քուպիլայ խանի բարեկամութիւնը եւ վստահութիւնը, ան ստանձնեց կարեւոր գործեր եւ ըրաւ ճամբորդութիւններ Չինաստանի տարածքին, հետզհետէ ճանչնալով եւ սիրելով այս հսկայ, գեղեցիկ եւ զարգացած երկիրը՝ որ նոյնիսկ իրեն պէս մշակեալ եւրոպացիի մը աչքին՝ կը ներկայանար բազմատեսակ եւ հիանալի՜ նորութիւններով…։

Յետագային, երբ Մարքօ Փոլօն իր յուշերը գրեց, ան ամբողջ Եւրոպան զարմացուց այդ նորութիւններով. հանքածուխը, յախճապակին, բրինձը եւ իր մշակումը։ Ապա վառօդը՝ գործածուած միա՛յն հրախաղութեան (գունագեղ լոյսերով բռնկող նիւթեր վառելը՝ տօնական առիթներով) համար, ակնոցը, թղթադրամը, թուղթը եւ տպագրութիւնը. արդարեւ, չինացիները, կնիքի պէս գործածելով փայտի վրայ քանդակուած «էջ»եր, կը յաջողէին տպել մինչեւ 5 հազար օրինակ։

Ասոնցմէ միայն վերջիններուն մասին խօսելով՝ եւրոպացիներ դեռ ունէին ոսկի եւ արծաթ դրամներ, ինչ որ շատ կը դժուարացնէր ամէն առուտուր. իսկ գիրքերը կը պատրաստուէին ձեռագիր, օրինակները արտագրելով մէկ առ մէկ, մագաղաթի վրայ, այսինքն ոչխարի կամ կովու մորթի…։ Ճիշդ է, անոնք շուտով ընդօրինակեցին չինական գիւտերը, բայց անոնցմէ ոմանք գործածեցին նուազ բարի նպատակի։

Քուպիլայը չէր ուզեր արտօնել վենետիկցիներուն դառնալ իրենց հայրենիքը, որ անոնք շատ կարօտցած էին։ Բայց օր մը մեծ Խանը մեռաւ։ Փոլօները լուրը առին՝ մինչ անոր կողմէ կարեւոր գործով մը Պարսկաստան ղրկուած էին։ Ցաւեցան, բայց ա՛լ ազատ զգացին՝ տուն դառնալու։

Պարսկաստան եկած՝ չինական առագաստանաւերով եւ ծովան նոր ճամբով մը՝ Հնդկաչինի, Սէյլանի եւ Հնդկաստանի վրայով, վերադարձողները 1295 թուականին հասան Վենետիկ, այս անգամ Հայաստանէն եւ Անիի շրջանէն անցնելով ցամաքի ճամբով։

Բացակայած ամբողջ 24 տարի՝ անոնք բոլորին կողմէ կը նկատուէին անհետ կորսուած, այսինքն՝ մեռա՛ծ։ Այնպէս որ կարելի է երեւակայել զարմանքը, որ իրենց անակնկալ վերադարձը պատճառեց։

Եւրոպացիները այս բոլորը իմացան աւելի ուշ, Փոլոյի գիրքէն։ Ու թէեւ այսօր գիտենք, որ հոն ան տուած է իրականութիւնը եւ գովելի ճիգ թափած է տեսածները հասկնալու եւ բացատրելու, այն ատեն շատեր մերժեցին հաւատալ իրեն. նոյնիսկ, գործածելով իր գիրքի խորագիրը «Միլիոնը», ոմանք իրեն տուին «Պարոն Միլիոն» ծաղրանունը։ Մարդիկ մանաւանդ չէին ընդուներ, որ Եւրոպայէն հեռու կրնան ըլլալ բազմամարդ, բարգաւաճ երկիրներ՝ քաղաքակիրթ ժողովուրդներով, ինչպէս Չինաստանը, Ճաբոնը, Հնդկաչինը…։

Բայց եւ այնպէս, Մարքօ Փոլոյի փորձառութիւնը օգնեց եւրոպացիներուն ճանչնալու աշխարհի անծանօթ մասերը։ Ու քիչ մը սորվելու՝ որ նոյնիսկ եթէ ժողովուրդի մը աւանդութիւնը, սովորութիւնները եւ մշակոյթը իրեն ամենէն աւելի սիրելի են, գոյութիւն ունին ժողովուրդներ եւ մշակոյթներ՝ շատ տարբեր, բայց իրենց մարդկային նկարագրով եւ արժէքով նո՛յնքան կարեւոր, նո՛յնքան յարգելի…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 4, 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022