ՊՈԼՍԱՀԱՅԸ ԻՄ ԱՉՔԵՐՈՎ (Գ.)
Նոր մոլորակ մը բացայայտած պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ, թէ ի տարբերութիւն Հայաստանի հայերու, պոլսահայը նախապատուութիւնը կու տայ աղջիկ երեխային: Ի հեճուկս հայրենեաց բարքերու, այստեղ ընտանիքի հիմնասիւնը, նուիրեալ զաւակը՝ դուստրերն են. «Տղան կ՚երթայ, աղջիկը կը մնայ: Մանչը ուրիշինն է, դուստրը քուկդ», կը սիրեն պնդել անոնք: Թէպէտ երկուքն ալ ամուսնութենէ ետք մեծաւ մասամբ կը լքեն իրենց հայրական տունը, սակայն աղջիկները երբեք չեն կտրեր կապը իրենց սիրասուն մայրերու հետ:
Յաճախ մանչ ունենալու աւետիսը կը վերածեն բօթի: Ունքերը կը կիտեն ու կու լան. «Չէ որ ես կը փափաքէի ունենալ դստրիկ մը»: Նոյնիսկ կը գտնուին այնպիսիներ, անշուշտ հազուագիւտներ, որոնք կ՚ընդհատեն յղութիւնը, սպաննելով իրենց չծնած մանչուկները: Այս անասելի ողբերգութիւն մըն է:
Դուստրերը անքակտելի կապով մը կապուած են իրենց մայրերուն: Մայրերը իրենց աղջիկներուն շտապօգնութիւնն են: Կարելի է պնդել, թէ մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ այս հատուածին մէջ կը տիրէ մայր իշխանութիւն: Ընտանիքներուն մէջ հայրերը մնացած են տեսակ մը տկար: Անձայն ու թոյլ չեն, այնուամենայնիւ, վերջին խօսքը կը պատկանի կնոջը:
Ինծի մեծ ցաւ պատճառած է մանուկներու դաստիարակութեան բացթողումները: Երեխան ծնելէ վերջ կ՚առանձնանայ, վերածուելով կղզեակի մը: Մանուկին տեղը օրօրոցն է: Որքան ալ լայ, միեւնոյնն է, մայրը չի վարժեցներ գիրկի: Հոգի՛ս, զաւակդ սիրոյ, ջերմութեան, տաքութեան կարիք ունի: Մէկ հատ մը գրկէ: Երբեք, կրնայ վարժուիլ: Առհասարակ ծնողները իրենց փոքրիկները հեռու կը պահեն սիրոյ վտակներէն, առուներէն, աղբիւրներէն: Նոյնիսկ երբ երեխան ծարաւ է սիրոյ, անոնք կը վարանին բաւարարելու մանուկին պահանջարկը: Անշուշտ, իմ այս նկատողութիւնները չեն վերաբերիր բոլորին, սակայն մեծամասնութեան: Արդիւնքին, երեխան կը մեծնայ առանց զգացմունքներու: Կ՚ապրի, կը նախընտրէ մարդամեքենայի առօրեան, վարքն ու բարքը՝ միշտ զուսպ ու անտարբեր: Աշխարհը կը յաղթէ մայրերուն: Ծնողքի աչքերուն մէջ փոշի փչելով, աշխարհի տէրերը լաւագոյնս կը կատարեն իրենց գործը. կ՚ոչնչացնեն ուղեղը, որպէսզի մարդ յանկարծ չսկսի մտածել ինքնուրոյն: Չար ուժերը կրկին յաղթեցին վարժեցնելով մեր մարմինները ծուլութեան, զրկե-լով մեզ մտածելու, սիրելու կարողութենէն:
Մեր զաւակներու իւրաքանչիւր թերացումի, վրիպումի պատասխանատուն մենք ենք՝ ծնողներս: Մենք կը ձեւաւորենք անոնց մէջ բնաւորութիւն, սովորութիւններ, մարդկային տեսակ: Իսկ երբ ծառը կը սկսի պտուղ տալու, կը դժգոհինք դառնութենէն: Քաղաքակիրթ ու դաստիարակուած պոլսահայ երեխաներու մէջ կը սպանեն սէրը, սերմանելով անտարբերութիւն, երկմտութիւն: Ես շատ կը ցաւիմ: Այլեւս հայրենիքէն հեռու անոնք ինքնակամ չեն ուզեր սերտել իրենց մայրենին՝ հայերէնը: Տուներու մէջ չի խօսուիր մայրենիով: Կ՚արդարանան ըսելով՝ հայերէնը բաւական խրթին լեզու մըն է: Բաց աստի, արեւմտահայերէնով կարելի չէ դրամ շահիլ: Երեխաներն ալ չունին ծով ժամանակ, ուստի նախընտրելի է սորվիլ թրքերէն, անգլերէն: Հայերէնը թող սպասէ…
Այս արատներով յօժարակամ կը վարակուին նաեւ Պոլսոյ մէջ հաստատուած հայաստանցիներու զաւակները: Տրուելով օտարասիրութեան, անոնք իրենց զաւակները մայրենիով սիրելու փոխարէն, կը սիրեն թրքերէնով, կը հմայուին անգլերէնով:
Զարմանալի հայ...
Զարմանալի հայ...
Ինչպէս բոլոր ժամանակներուն, դուն կը փորես քու փոսը: Քու վաղուայ օրուան տէրը դուն ես: Զարմանալի հայ...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024