ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԽԱՂԷՆ ԴԷՊԻ ՔԱՈՍ
Ներկայ աշխարհը մարդը համոզեց չքննադատել միասեռականներն ու սեռափոխները, որոնք մինչեւ վերջին տասնամեակներ ընկերութեան կողմէ մերժուած, իսկ վերջին շրջանին մեծ ընդունելութիւն գտած են։
Հակառակ կրօնական ու մարդկային ըմբռնումներուն, հանրութիւնը սկսաւ շեշտ դնել ազատութեան վրայ, որովհետեւ վերջապէս ամէն մարդ հաշուետու պիտի դառնայ ի՛նքն իր անձին համար։
Սակայն ինչպէս միշտ, ազատութիւնը սխալ հասկցուելով դուրս եկաւ իր ճշգրիտ իմաստէն եւ դարձաւ սանձարձակութիւն եւ մարդ արարածին դարձեալ մտածելու մղեց, թէ ինչքանո՞վ կարելի է յենիլ այդ ազատութեան ու ընել գրեթէ ամէ՛ն ինչ։
Երէկ համացանցի վրայ տեսայ մօր մը ընկերային ցանցի էջը, ուր խօսելով ազատութեան մասին կը պնդէր, թէ իր 9 տարեկան տղուն մէջ կը գտնէր աղջկական շարժուձեւեր եւ կը խոստանար իր տղուն տալ ազատութիւնը ապրելու այնպէ՛ս՝ ինչպէս կ՚ուզէ։ Նշուող ազատութիւնը առաջնորդելու հետ շփոթելով մայրը իր տղուն նկարները կը տեղադրէ համացանց՝ աղջկական զգեստով, կեղծ ծամերով, շպարով ու մինչեւ իսկ հարսի հագուստով, նկարին տակ «ազատութիւն» խորագիրը դնելով։ Ցաւ ի սիրտ, շատեր ծափահարելով կը գնահատեն այս ընթացքը, որ իր մէջ վտանգաւոր ու մտահոգեցուցիչ բան մը ունի։
Իւրաքանչիւր մանուկ որոշ ժամանակ ներշնչուելով իր մօրմէն յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ կնոջական բաներու. տղայ զաւակներ հետաքրքրութիւն կ՚ունենան ամանները լուալու, տունը աւլել ու սրբելու, ինչ որ իրենց համար խաղ ըլլալ կը թուի։ Շատ անգամ շպարուելով մայրը կապկելու փափաք կ՚ունենան, կեղծ կուրծքեր ունենալ կը փորձեն եւ այս բոլորը կ՚ընեն մանկական անմեղ հոգիով՝ պարզապէս խաղի համար։ Նոյնին հակառակը կ՚ընեն շատ յաճախ իգական սեռի պատկանող մանուկները. իրենց մազերով կեղծ պեխեր ունենալ կը փորձեն, իրենց ձայները հաստացնել փորձելով կ՚ուզեն տղու պէս խօսիլ, որոշ ժամանակ տղայական խաղալիքներու հանդէպ սէր կ՚ունենան, սակայն այս բոլորը դարձեալ մանկական անմեղ խաղի մթնոլորտի մէջ։
Փոքր տղուն աղջկական եւ փոքր աղջկան՝ տղայական բաներու հանդէպ ժամանակաւոր ու խաղով պայմանաւորուած այդ սէրը կարելի չէ վերագրել սեռափոխութեան փափաքի, որովհետեւ նման տարիքի մանուկներուն մօտ տակաւին յստակ կազմաւորուած չ՚ըլլար տղուն եւ աղջկան ինչ ըլլալուն գաղափարը։
Մանուկները միշտ ալ ուշադրութեան առարկայ դառնալ կը սիրեն. աղջիկ մը կապկող տղայ մը եւ կամ տղայ մը կապկող աղջիկ մը երբ որոշ հետաքրքրութիւն ու սէր նկատէ իր ըրածին նկատմամբ, անդադար կը կրկնէ, մտածելով որ ինք այդ ձեւով կը սիրուի։ Համացանցի մէջ գտնուած փոքր տղան զոհն է այս հոգեբանական կացութեան։ Մայրը որդիին սեռափոխ ըլլալու փափաք ունենալը կը կարծէ, իսկ պատանին աղջկական հագուստով մարդկանց սիրտը շահած կը կարծէ եւ այսպիսով ժամանակաւոր «խաղ» մը կը վերածուի ճակատագրական իրավիճակի։
Մանուկը մինչեւ իր պատանի տարիքը ենթակայ է հաւատալու բոլո՛ր այն բաներուն, զորս կը լսէ. օրինակ՝ մինչեւ որոշ ժամանակ իրենց աշխարհ գալուն մասին կը կարծեն, թէ արագիլ մը զիրենք աշխարհ բերած է եւ կամ ընտանիքը զինք ծովէն բերած են։ Նոյն այս համոզումով մանուկ մը ատակ է ընդունելու եւ հաւատալու ծնողքին կողմէ ըսուածներուն։ Վերոյիշեալ մայրը ցաւ ի սիրտ յաջողած է իր զաւակը համոզել, որ «դուն աղջիկ ես» եւ զարմանալի չէ որ նման հարցի մանուկը պատասխանէ, թէ «ես աղջիկ եմ»։
Սակայն աշխարհը ընդունակ է արտառոց երեւոյթներ իւրացնելու։ Մինչեւ 18 տարեկան մանուկին մկրտուելուն դէմ եղող աշխարհ մը (առարկելով որ մանուկը չի կրնար այդ տարիքին իր հաւատալիքը որոշել) համաձայնութիւն կու տայ, որ մանուկ մը 7-8 տարեկանին կրնայ իր սեռը որոշել, որովհետեւ իրենց ուզած ժամանակ մանուկը որոշելու կարող եւ անկարող կրնայ դառնալ։
Շա՜տ բնական է որ ամբողջ մանկութիւնը «դուն աղջիկ ես» լսած տղայ մը ինքզինք աղջիկ զգայ, մանաւանդ երբ տեսնէ, թէ իր աղջիկ ըլլալուն համար յաւելեալ սէր կը վայելէ ընտանիքէն ու շրջապատէն, որովհետեւ մանուկ մը սիրուելու եւ ուշադրութեան առարկայ դառնալու համար ամէն բան ընել յանձն կ՚առնէ։
Թէեւ գիտութիւնը կը պնդէ, թէ բնութեան կողմէ ի ծնէ անձի մը մէջ գոյութիւն կ՚ունենան իր հակումները, ես կը հաւատամ, թէ կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունին այդ բոլորին վրայ եւ ա՛յս է պատճառը ծնողք դառնալու դժուարութեան։ Վերոյիշեալ մայրը իր զաւակին «բարիք» ընել կը կարծէ, սակայն մի քանի «լայք» հաւաքելու պատճառով մանուկին ներաշխարհին մէջ քաոս մը կը ստեղծէ, որ ո՛չ այսօր, սական պատանեկութեան ու երիտասարդութեան ժամանակ կը փոթորկի։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -73-
Շատ անգամ ծնող մը որքան ալ փորձէ իր տղայ զաւակը հեռու պահել աղջկական շարժուձեւերէ, չի յաջողիր։ Նման ազգական մը ունէինք Պէյրութի մէջ։ Զաւակը 2-3 տարեկանէն սէր ունէր աղջկական խաղալիքներու հանդէպ։ Զէնքն ու ինքնաշարժը զինք չէին ուրախացներ ինչքան երկարածամ պուպրիկ մը, որուն հետ ժամերով կը խաղար։
Յաճախակի իրենց այցելութիւններուն ժամանակ 8-9 տարեկան տղան կ՚ուզէր մօրս ու քրոջս մազերը սանտրել, շպարել ու անոնց եղունգները ներկել, ինչ որ իր հօրը նեղութիւն, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն կը պատճառէր։
Տարիները անցան ու հիմա այդ երիտասարդը կը զբաղի աղջկայ մազերու յարդարումով, շպարով ու եղունգներով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ