ՇԱՐԺԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՀՈՈՒԼԻ ԹԱՓԱՌՈՂ ԴՂԵԱԿԸ
2004 թուականին բեմադրուած «Հոուլի թափառող դղեակը»ն ճաբոնցի հանրածանօթ բեմադրիչ Հայաօ Միյազաքիի գլուխգործոցներէն մին է։ Այս անիմէ-ժապաւէնը, որ մշակուած է բրիտանացի յայտնի հեղինակ Տիանա Ուին Ճոնսի համանուն վէպի հիման վրայ, հսկայական լսողական ու տեսողական շոու մըն է, անկասկած։
Երբ դիտէք Միյազաքիի այս ստեղծագործութիւնը, եթէ ուշադիր դիտող մըն էք, ապա անպայման կը նկատէք, թէ ձեր դիտած անիմէի հերոսները որոշ պահէ մը յետոյ կը սկսին իրականութեան մօտենալ, ինչ որ բեմադրիչը վարպետօրէն կատարած է։ Անոր ցոլացուցած կերպարները շատ իրատեսական են։ Թէեւ բեմադրիչի շատ մը գործերը երեւակայական տարրերով, կերպարներով լի են, սակայն, այդ երեւակայական աշխարհի կերպարները կ՚առաջարկեն բուռն թատրերգութիւն մը՝ թէ՛ որպէս նկարներ եւ թէ՛ այս հերոսներուն համար գրի առնուած բեմագրութեան բովանդակութեամբ։
Իրականութեան մէջ անիմասիոն-ժապաւէնները որոշ թերութիւններ ունին իրական դերասաններու մասնակցութեամբ նկարահանուած ժապաւէններու բաղդատմամբ: Այդ թերութիւններէն ամենակարեւորն է, թէ քանի որ ժապաւէնի հերոսները իրական մարդիկ չեն, կերպարներու ժեստերը, զգացումները եւ այլն, դիտողները պիտի չկարողանան տեսնել իրականութեան նման։ Թէ ինչպէ՞ս պէտք է լուծուի այս բացը: Գլխաւոր կերպարին պէտք է նրբօրէն վարուիլ տարբեր յուզական վիճակներու մէջ եւ բազմաշերտ ըլլալ ցոլացնելու համար կերպարները մանկութենէն մինչեւ հասունութիւն: Որպէսզի հանդիսատեսը յուզական կապ հաստատէ կերպարի հետ, անոնք պէտք է ըլլան իրենց արտասովոր կեանքի ապրումներու գլխաւոր հերոսները։ Ահաւասիկ ճիշդ այս մէկն է, որ Միյազաքի յաջողութեամբ իրագործած է այս հոյակապ ժապաւէնին մէջ։ Հոուլի կերպարը, որու մանկութիւնն ու հասուն տարիքի շրջանը կը տեսնենք, անսովոր կերպով մանրամասնուած է եւ կեանքի տարբեր ժամանակներու ընթացքին անոր անհաւանական փորձառութիւնները կը ցուցադրուին դիտողներուն միամիտօրէն։ Բայց միայն Հոուլի մասին խօսիլ չի բաւեր։ Գլխաւոր հերոսներէն Սոֆիին կեանքը դիտողներուն կը ներկայացուի բազմաշերտօրէն՝ ժապաւէնի սկիզբէն մինչեւ վերջ իր ունեցած փոփոխութիւններով հանդերձ։
Հիմա համառօտ անդրադառնանք այն անհաւատալի յատկանիշներուն, որոնք առանձնայատուկ կը դարձնեն ժապաւէնը, դիտողի սրտին մէջ որոշ յոյզեր կ՚արթնցնեն եւ այսպէսով դիտողը չի յագենար մանրամասնութիւններու ծովուն մէջ լողալէ։
Երկնքէն եկող հրաշքը, որ կ՚ապրի՝ Հոուլի կեանքի բերկրաքով լի սրտին մէջ, զայն առանձնացուց այլ մարդոցմէ։ Պայծառ լոյսը սկիզբին կամաւոր մտաւ Հոուլի մարմինը, իսկ յետոյ անոր սրտէն բխած այլ արարածի մը՝ կրակի ստեղծման պատճառ դարձաւ։ Այս կրակը, որ կը բխի իր սրտի խորքերէն ու կը ներառէ նաեւ Հոուլի մեծագոյն ցանկութիւնները, պատճառ կ՚ըլլայ նաեւ, թէ ան թիրախը դառնայ իր կատաղի թշնամիներուն։
Սոֆիի կերպարը, որ կը լուսաւորուի Հոուլի կողմէ, կը ներկայացնէ «լուսինը», որ կը լուսաւորուի արեւի ճառագայթներով։ Լուսինը առանձին է, ամայի ու մութ։ Լուսինը կրնայ արտացոլել իր ներքեւ գտնուող գեղեցկութիւնը միայն արեւի ճառագայթներով: Սոֆին Հոուլին հանդիպելէ ու սիրահարուելէ յետոյ համարձակ կը դառնայ եւ կը յաջողի հեշտութեամբ յաղթահարել դժուար թուացող խոչընդոտները։ Ան նոյնիսկ կը ճամբորդէ ժամանակներու միջեւ, ինչպէս կը տեսնենք ժապաւէնի վերջաւորութեան՝ խոստանալով, որ պիտի վերադառնայ։ Ասոր պարզ իմաստը սա է. արեգակի գոյութեան պատճառն է ինքնին լոյս ըլլալ անոր կարիքն ունեցող կազմաւորումներուն եւ բացայայտել անոնց իմաստը։ Իսկ Հոուլ նոյնպէս հասաւ իր գոյութեան նպատակին Սոֆիի շնորհիւ եւ աւարտեցաւ Սոֆիի հետ։
Իւրաքանչիւր տղայի սրտին մէջ առիւծ կայ։ Մենք այս առիւծը կրնանք համեմատել արեւի կամ անշէջ մոմի հետ: Տղոց սրտին մէջ շողացող այս «անշէջ մոմը» նոյնպէս գովաբանումն է տղայի խիզախութեան, իմաստութեան, ուժին։ Ահա Հոուլի քաջ եւ ուժեղ սիրտը, որով կը բոցավառի հսկայական դղեակը եւ նոյնիսկ անոր ներքեւի վառարանը:
Շատ դժուար է հանդիպիլ այլ անիմէ-ժապաւէնի մը, ուր լոյսի եւ գոյնի օգտագործումը այսքան բազմազան է, անթերի եւ իրատեսական տիեզերքի մէջ: Այս երանգապնակը բառացիօրէն հանդիսատեսին կու տայ այն տպաւորութիւնն ու հաճոյքը, թէ անոնք կը շրջին վարպետ նկարիչներու թանգարաններուն մէջ։
Միյազաքիի երկուժամեայ տեսողական խնջոյքը կը մոռցնէ ներկայ ժամանակը: Եթէ դուք տեսողական եւ գրական մանրամասնութիւններով հետաքրքրուող դիտող մըն էք, դուք կը զգաք այս ժապաւէնը կրկին ու կրկին ըմբոշխնելու ցանկութիւնը: Անիմէի նկատմամբ կողմնակալ վերաբերմունք ունեցող հանդիսատեսը, որ հետաքրքրուած է զգացական ու միամիտ բեմագրութիւններով, անպայման պէտք է «ապրի» այս գեղեցիկ ժապաւէնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ