ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԴԵՐԱՍԱՆ՝ ԷՅՄԱՆ ԶԻՏԱՆԷՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ կը փափաքիմ կիսուիլ սուրիացի բազմահմուտ դերասաններէն մէկուն՝ Էյման Զիտանի մտածումներով: Սուրիահայերէն շատերուն ծանօթ է յիշեալ դերասանը: Ան բազմաթիւ հեռատեսիլային պարբերական շարժանկարներու մէջ առաջնային դերակատարի դերերով հանդէս եկած է: Վերջին շրջանին ինք եւս սկսած է շարժանկարներ եւ շարժապատկերներ պատրաստել:
Վերջին տարիներուն ան ընկերային ցանցերուն վրայ՝ յատկապէս դիմատետրի, որոշակի աշխուժութիւն ի ցոյց տուած է, երբեմն գրառումներ կատարելով՝ իր մտածումներուն հաղորդակից դարձնելով նաեւ իր հետեւորդները: Այդ գրառումներուն հետաքրքրականութիւնն ու խորիմաստութիւնը նկատի ունենալով, անոնցմէ փունջ մը հայացնելով, կը դնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն աչքերուն առաջ, յուսալով որ հաճոյք եւ օգտակարութիւն կը զգան զանոնք կարդալով:
- Ընկերներս…: Չեմ գրեր տխրութիւն եւ յուսահատութիւն յառաջացնելու համար, այլ՝ նպատակս է որպէսզի մենք միասին աշխատինք՝ յաղթահարելու համար պատերազմին պատճառած հետեւանքները՝ իւրաքանչիւրս իր տարածքին մէջ: Իսկ երբ կը ներկայացնեմ մեր ներկայիս ապրածին դաժանութիւնը, ապա երազս է, որպէսզի կառչած մնանք մեր բարոյական արժեհամակարգին, ու չընկղմինք մեզ շրջապատող ճահիճին մէջ:
- Ինչպէ՞ս կրնանք յոգնած ձեռքերով աշխարհի բեռը վերցնել եւ կամ ուժասպառ ոտքերով յոյսի նշոյլները պարեցնենք… Ո՛չինչ կրնայ ցաւոտ հարցումներուն տարափը կանգնեցնել ցեխի այս ժամանակաշրջանին մէջ:
- Ինչպէս կը վախնամ, որ մեր մնացած երազներն ալ պարտուին…: Անիծուա՛ծ ըլլայ այս ժամանակաշրջանը, որ բնա՛ւ մեզի չի նմանիր:
- Մեր նախնիները մեր ականջներուն մէջ միշտ կրկնեցին, որպէսզի քամիին առջեւ խոնարհինք եւ դռները փակենք՝ հանգիստ մնալու համար…, բայց անոնք չէին գիտեր, թէ օրին մէկը ամբողջութեամբ մերկ ժամանակաշրջանի մը մէջ պիտի ապրէինք…, հոն՝ ուր դռներ եւ պատեր չկան: Լսէ՛, որդիս. երբ արմատներդ խորն են հողին մէջ, մի՛ մտահոգուիր. կուրծքդ քամիին տուր եւ դռներդ ալ բաց ձգէ, որպէսզի հասնիս գագաթին՝ որուն արժանի ես:
- Չեմ գիտեր հողին մէջ խրուած մեր արմատները դեռ ինչքա՜ն կը դիմանան զեղծարարութեան կեղտոտ կացիններուն:
- Ի՞նչ ընեմ Հայրիկ…: Կեանքին ճանապարհները փակ են: Հորիզոններ չկան դիմացս այս հայրենիքին մէջ՝ որ երթալով կը նեղնայ: Կ՚երազեմ ճամբորդելու մասին, սակայն քեզմէ հեռու չեմ ուզեր ապրիլ: Խնդիր մըն է, որ ի վիճակի չեմ լուծելու…, ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ ընեմ:
Հայրը փչեց իր ծխախոտին ծուխը եւ երկա՜ր լուռ մնաց…:
Երիտասարդը շարունակեց.
-Ինչո՞ւ հետս չես երթար, այնտեղ… ծովին միւս կողմէն կրնա՞նք սկիզբէն սկսիլ:
Հայրը հաստատակամութեամբ պատասխանեց.
-Դուն գիտես, թէ ինչքա՜ն կը սիրեմ Դամասկոսը…:
Զաւակը ընդմիջելով հարցուց անոր.
-Ինչո՞ւ համար տակաւին կը սիրես…:
Հայրը դարձեալ շփոթեցաւ եւ վերադարձաւ իր երկա՜ր լռութեան:
- Սիրելի Հայրիկ.
Ներէ՛, որ կը վերաշարադրեմ նամակս. ոչինչ փոխուած է…:
Չեմ գիտեր, թէ բառերը ի՜նչ արժէք կը ներկայացնեն քու հեռանալէդ ետք, եւ չեմ գիտեր նաեւ, թէ արդեօք ողբի բառերս ետ կը բերե՞ն ինծի քու հայեացքդ, քայլերուդ արձագանգը եւ ժամանումդ ազդարարող ոտքերուդ դնդնոցը: Ինն տարի անցաւ մեկնումէդ: Ուրախացնող ո՛չ մէկ նորութիւն կայ: Դառնութեան լեռներէն բացի ուրիշ ոչինչ կայ ծանրացած քու սիրածներուդ կուրծքերուն, իսկ օրերուն համը տակաւին դառնահամ է…
Հանգչէ՛ հանգստարանիդ մէջ:
Մենք կորսնցուցինք քեզ, սակայն դուն՝ իմ ամենամտերիմ սիրելիս, ոչինչ չկորսնցուցիր:
- Չենք կրնար աշխարհի տգեղութեան յաղթել, բացի եթէ մեր սիրտերը սիրով ողողուին…:
- Սպասեց, որ մարտէն վերադարձած իր ամուսինը իրեն փունջ մը վարդ նուիրէ, որ իր կռնակին ետեւ պահած էր… Երկար ժամանակ չանցաւ ու հասկցաւ, թէ պահուըտած ձեռքը… ապուշ ռումբ մը կոտրած էր զայն…:
- Զինուորը չկրցաւ իր մէկ հատիկը գրկել իր վերարկուին դատարկ թեւերով…
Խռպոտ ձայնով մը փսփսաց իր մէկ հատիկին.
-Ներողութիւն, փոքրիկս, յիմար վերարկուն առանց ձեռքերու չի՛ կրնար գրկել…:
- Ցաւող քաղաքիս մէջ այլեւս ձմեռը սիրահարներուն եւ բանաստեղծներուն համար ներշնչանքի շրջան չէ մնացած, այլ՝ վատ երազ մը, որ հոգին կը ծանրացնէ տաքութեան ծարաւով:
- Միայն ցերեկը սկսի իր պայուսակները հաւաքել ճամբորդելու համար, եւ արեւը սկսի իր լոյսի բեռները դատարկել, որպէսզի ըստ իր սովորութեան անհետանայ ցաւող քաղաքիս ամպերուն ետին, ինքզինքս պատրաստ կը գտնեմ յաջորդ արեւածագի պատերազմին… Միակ բանը՝ որու համար կ՚աշխատիմ այն է, որպէսզի ես՝ ԵՍ մնամ…: Ի՜նչ դժուար է պատերազմիլ, որպէսզի դուն՝ ԴՈՒՆ մնաս…:
- Երբ Հայրենիքդ սիրտիդ մէջ շալկես՝ երիտասարդ պիտի մնաս:
- Ի՜նչ դժուար է այն ժամանակը երբ բանաստեղծութիւնը կը մեռնի, իսկ բանաստեղծը յանգերու մուրացկանի կը վերածուի…:
- Ժամանակն է այլեւս, ո՜վ վաղնջական սիրահար, որպէսզի պատմութիւնդ պատմես… Խօսէ՛ մեզի, թէ ինչպէս ազնիւ սիրող մըն էիր՝ նախքան որ սէրը տօն ունենար… Ըսէ՛ մեզի, թէ կարմիր վարդը տռփանքի ու կիրքի նշան մը չէ, այլ՝ սպիտակափայլ սիրտ մը…:
- Սէրը այն ատեն տօն կ՚ունենայ, երբ ան որ կը սիրէք՝ ուրախ կ՚ըլլայ…, եւ կարմիր արջը դժոխք թող երթայ…:
- Որոշ կայքերու կողմէ կատարուող մասնատումներն ու աղաւաղումները գրութիւններուս, զիս պիտի չխանգարեն համացանցի հարթակներուն վրայ գրել ու արտայայտել այն՝ ինչ որ կը զգամ. որովհետեւ ես այդ հարթակները գրելու եւ անձնական մտածումներս արտայայտելու որպէս հարթակ կը դիտարկեմ:
- Եւ մինչ ծերունին ուրախութեամբ կը պատմէր իր սիրոյ պատմութիւնները՝ իր հնամենի Հայրենիքին, իր զաւակները եւ թոռները սկսան յօրանջել... լռեց, յանկարծ, ու գիտակցեցաւ, թէ կը խօսի ժամանակի մը մասին, որ այլեւս ետ պիտի չգայ:
- Տակաւին բացութիւն մը կայ, որ լայն է, թռչելու համար երկինք… Անիծուած ըլլաս ո՜վ նեղութիւն… Օր մը պիտի յաղթենք քեզի:
- Այս նեղ աշխարհին մէջ շատ քիչ ընկերներ մնացին, որոնք սեւութեան մէջ խեղդուած այս աշխարհը կը գունաւորեն:
- Մենք՝ սուրիացիներս, օրին մէկը պիտի գիտակցինք, թէ բոլորս ալ մէկ ծառի տերեւներն ենք, որ պատերազմին հովերը մեզ տարածեցին տարբեր ուղղութիւններով՝ հեռու մեր մայր ծառէն…: Օրին մէկը պիտի գիտնանք նաեւ, թէ ինչքան ալ հեռանանք, կապուած պիտի մնանք այդ մայր ծառի արմատներուն՝ որուն կը պատկանինք: Աշխարհի բոլոր փորձութիւնները փաստեցին, թէ նոյն արմատին զաւակները օր մը պիտի հանդիպին, եւ պիտի բաժնեկցին անէծքը այն հովին հանդէպ՝ որ զիրենք տարածեց… Սուրիան մեր մայր ծառն է, եւ անոր արմատները պիտի շարունակեն մեր մէջ բնակիլ:
- Կը տխրեցնէ զիս այն փաստը, որ մենք այսօր կ՚ապրինք վայրկեաններ, որոնց մէջ բացի անցեալին նկատմամբ մեր ունեցած կարօտէն, ուրիշ գեղեցկութիւն չկայ:
- Մեր օրերուն երազները պիտի չպակսին, ընկերս. տակաւին կարելի է երազել՝ ցաւցնող արթնութեան ժամանակ:
- Մեր արմատները այս բարի հողին մէջ խրուած պիտի մնան այնքան ատեն, մինչեւ որ մենք մարտնչող կաղնիներու վերածուինք:
- Ամբողջ յոյսը այն է, որ այս օրերու մութ ամպերէն ետք յոյսի ցօղեր ըլլան…:
- Ընթացի՛ր, ո՜վ տարիք, ես քեզմէ չեմ վախնար, որովհետեւ պիտի չարտօնեմ որ հոգիս պառաւի ու ծերանայ…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
24-25 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 01/23/2025