ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՌՈՒՆ ՇՐՋԱՆ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նոր եղանակի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը երէկ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Գնալըի բարձունքին այս առթիւ ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի ամրան արձակուրդի շրջանին թրքահայ համայնքային կեանքին կիզակէտին կը յայտնուի Կազդուրման կայանը, ուր մեր համայնքի համեստ խաւերու զաւակները կ՚անցընեն իրենց ամրան արձակուրդը։ Այս տարի եւս Կազդուրման կայանը իր դռները լայն բացած է՝ խումբ առ խումբ հիւրընկալելու համար տղաքը։ Աւելի՛ն, ներկայ եղանակը ունի յոբելենական բնոյթ, որովհետեւ կը զուգադիպի Կազդուրման կայանի ներկայ ձեւաչափով հիմնադրութեան 50-ամեակին։
Այս մթնոլորտին մէջ երէկ տեղի ունեցան Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման ձօնուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ապրուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Բարսեղ Քհնյ. Վանլեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավուտհան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Կազդուրման կայանի հանգուցեալ հիմնադիրները, բարերարները եւ սատարողները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ընդհանուր Փոխանորդը, որու կողքին էին Հայր Սուրբն ու Տէրհայրը։ Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրերն էին Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար եւ իր խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու, որոնց ջանքերով Գնալըի մէջ թէ՛ Պատրիարքարանի ամարանոցը, թէ՛ եկեղեցին եւ թէ Կազդուրման կայանը վերանորոգուեցան վերջերս։ Այս առթիւ անոնք առարկայ դարձան համայնքային շրջանակներու ջերմ գնահատանքին ու համակրանքին։
Հանդիսութեան ներկաներու շարքին էին երեսփոխան Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները, բազմաթիւ բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արթին Քիլեճի եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հանդիսութեան բոլոր մասնակիցները։ Մաթիլտա Ֆրատօղլուի գլխաւորած Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին ներկաներ, որոնք տօնական տրամադրութեամբ հետեւեցան ձեռնարկին։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Սարին Աքպաշի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Արթին Քիլեճի եւ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Ատենապետ Արթին Քիլեճի իր խօսքին մէջ երախտագիտութեամբ ընդգծեց Նշան Աթընըզեանի եւ Գարուն Քըրաչի կողմէ Կազդուրման կայանին բերուած զօրակցութիւնը՝ միւս աջակիցներուն առընթեր։
2015-ի ոգեկոչումներուն ձօնուած, համապատասխան ձեւաչափով նախատեսուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին կայանի տղաքը խմբովին, հանդիսաւոր ձեւով մուտք գործեցին կայանի խաղավայրը եւ ծաղիկներ յանձնեցին պատուոյ հիւրերուն։ Աւելի վերջ, Հրանդ Չիզմեճեանի առաջնորդութեամբ, անոնք հանդէս եկան նաեւ խմբերգներով, ինչ որ արժանացաւ ջերմ ծափահարութիւններու։
Նկատի ունենալով, որ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը այս տարի հովանաւորած էր կղզիի համայնքային հաստատութիւններուն վերանորոգութիւնը՝ Մուրատ Հազինետարին եւ Նուրհան Փալաքօղլուին համար պատրաստուած էին յուշանուէրներ, որոնք յանձնուեցան Գարակէօզեան Տան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մատակարար մարմիններու ատենապետներուն եւ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ։ Այս մթնոլորտին մէջ Մուրատ Հազինետարն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը։
Հանդիսութեան տեւողութեան Կազդուրման կայանի եւ Կղզեաց թաղային խորհուրդին կողմէ այլ յուշանուէրներ ալ յանձնուեցան՝ աջակից դէմքերու։ Հաւաքոյթը եզրափակուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով եւ աղօթքով։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ կարեւորեց մատղաշ սերունդին հաղորդ դառնալը մայրենի լեզուին։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024