ՊԶՏԻԿ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ընդհանրապէս աշխարհի բոլոր քաղաքները օժտուած կ՚ըլլան մեծ ու փոքր պարտէզներով, որոնք անկասկած մեծ գոհունակութիւն կը պատճառեն բնակիչներուն: Ամերիկայի ամբողջ տարածքին կը հանդիպինք նման պարտէզներու կամ պարտիզակներու, որոնց «փարք» անունը կը տրուի:
Հոս է, որ քաղաքացին մինակը կամ իր ընտանիքի անդամներով, շաբթուան ընթացքին կամ շաբաթավերջին, կէսօրէ առաջ կամ մայրամուտին, նոյնիսկ երեկոյեան՝ օրուան կլիմային համաձայն «փարք» կու գայ ու իբրեւ զբօսավայր իր ժամանակը կ՚անցընէ իր զաւակներուն, շան եւ կամ իր գնդակին հետ խաղալով, երբեմն միայն ուտելով կամ ալ մարզական զանազան խաղերով՝ յատկապէս «պէյզպոլ» կամ «ֆութպոլ»:
Նման տեսարաններու հազուադէպօրէն միայն կրնանք հանդիպիլ Գալիֆորնիոյ հայահոծ քաղաքներէն ներս: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ, պատճառը շատ յստակ է: Բոլոր այդ «փարք»երը ունին իրենց մնայուն յաճախորդները կամ այցելուները: Բոլորն ալ անխտիր ջախջախիչ տոկոսով «գրաւուած» կ՚ըլլան հայ տարեց այրերով եւ կիներով, որոնք նոյնիսկ առաւօտ կանուխ իրենց աղմուկով կը խճողեն քաղաքամէջի փոքր այդ մարգադաշտերը:
Պարզ այցելութիւն մը, արդէն բաւարար է այս իրականութեան հետ դէմ յանդիման գտնուելու: Ու հետաքրքրքական է, որ նոյն այդ մարդիկը, ամէն օր գրեթէ նոյն ժամուն, նոյն տափատով եւ կամ բաճկոնակով, մէկ թեւին տակ բազմոց մը կամ աթոռ մը շալկած, միւսին՝ նարտին կամ «թաւլուն», իսկ գրպանն ալ լման հաց մը, կամ քանի մը պանան ու քանի մը տուփ սիկառէթ եւ թղթախաղ, կը փութան իրենց սիրելի այս ժամադրավայրը:
Ասոնք, «անկախ» մարդիկ են, իսկ իրենց մտածելակերպով ալ՝ իւրայատուկ: Ամէն առաւօտ կու գան նոյն վայրը, կը նստին իրենց սովորական տեղը՝ քարաշէն սեղանի մը շուրջ: Իրենց հարազատ բառբարով կը բարեւեն ընկերակիցը կամ հայրենակիցը եւ ապա իրենց հետ բերած բազմոցին վրայ նստելով, անհամբեր կը սպասեն մնացեալ խաղընկերներուն: Բարեբախտաբար բոլորն ալ ճշդապահ են:
Ժամը տասը եւ քիչ մը աւելի՝ արդէն «փարք»ը հայու աղմուկով լեցուած կ՚ըլլայ: Կը սկսին խաղերը, ամէնօրեայ «մրցախաղերը», բարձրաձայն ու նոյնքան խանդավառ: Շատեր կը խաղան, ուրիշներ հեռուէն կը դիտեն այս խաղացողները եւ կը կատարեն իրենց ճշդումներն ու դիտողութիւնները: Իսկ շատերն ալ կարգի կը սպասեն ու միջոցին իրարու հետ շաղակրատելով ժամանակ կ՚անցընեն: «Թաւլու» եւ կամ թղթիկ խաղացած ժամանակ, գրեթէ բոլորն ալ քաղաքականութեամբ կը զբաղին: Իրենց օրուան ժամերը խաղի կողքին այս հարցերով ալ կը հիւսուին: Հոս է, որ իրենք կը լուծեն աշխարհի բոլոր խնդիրները, ազգայինէն մինչեւ միջազգայինը, իրենց մատներուն մէջ խաղացող թուղթին, համրիչին կամ «զարի» հատիկներուն հետ:
Իրենց կարգին, հայ տարեց կիներն ալ մէկ կողմ հաւաքուած, քաշուած, իրենց հետ բերած աթոռներուն եւ կամ արեւոտ ու տաք օրերուն կանաչ խոտին վրայ փռած կարպետին վրայ նստած, ձեւով մը խմբուած, շատ յաճախ իրենց թոռնիկը կամ թոռները բերելով, «կը խաղցնեն», միաժամանակ ձեռագործ աշխատելով եւ կամ շատախօսելով կը զբաղուին:
«Այսինչը… մեռած է. կամ «տիվորս» եղած է եւ կամ թոռնիկ մը ունեցած է: Աւելին, օր մը առաջ բանտ մտած է եւ կամ ալ կինը ծեծած է»: Տակաւին ասոնց վրայ նաեւ պէտք է աւելցնել օրուան վարունգին կամ լոլիկին անհամ կամ սուղ ըլլալը, հացին չոր կամ թարմ վիճակը եւ նոր շուկայ իջած ծիրանին գիները եւ կամ գետնախնձորին կամ սոխին լաւ արժէքը:
Այս վայրերուն մէջ օտարներ չկան: Չես հանդիպիր: Օտար մարդ չես տեսներ: Հայերը արդէն «գրաւած են» ամբողջ «փարքը»: Մէկ խօսքով բացօթեայ սրահ, կամ ակումբ եւ կամ հայկական ամէնօրեայ անկանոն եւ աղմկոտ համախմբում:
Բոլոր այցելուներուն համար «փարքը» կարելի չէ ուրիշ «բանով» մը փոխարինել: Հոս ամէն բան կայ: Արդէն ամէն մարդ իր հետ բերած է իր ջուրն ու յատկապէս իր սիկառէթը, կուտն ու պիստակը եւ նոյնիսկ իրենց ձեռքերով իսկ պատրաստուած սանտուիչը: Լուացարան, քարէ, փայտէ կամ տախտակէ նստարան… ուզածդ կայ: Իրենց տունէն աւելի հանգիստ: Նախ հրամայող չունին եւ ոչ ալ իրենց շարժումներուն հետեւող հարսի եւ կամ կնոջ աչքեր: Հեռաձայն նոյնիսկ չեն պտտցներ: Ոչ թէ որովհետեւ անոր գործածութիւնը չեն գիտեր, այլ անոր կարիքը նոյնիսկ չկայ. արդէն իրենց բնակարանէն քանի մը թաղ անդին կը գտնուին:
Այսպէս, խաղի միջոցին կը խօսին, կը խնդան, կը կատակեն նոյնիսկ կը հայհոյեն, զիրար կը քաջալերեն կամ մխիթարեն, առանց մոռնալու անցեալը վկայութեան բերելու: Անցեալ մը, որուն մէջ գլխաւոր հերոսը միշտ իրենք եղած են: Այս բոլոր այցելուները, ի վերջոյ գրեթէ իրարու տարեկիցներ են, թերեւս իրարմէ քանի մը տարիներու տարբերութեամբ: Բայց այս տարեց «հերոսները», ինծի համար ուրախ մարդիկ են, որովհետեւ իրենց այս տարիքին, իրենք զիրենք զբաղեցնելու լաւագոյն ձեւը գտած են արդէն, այս հսկայ հայու «ձուլարան» նկատուած երկրէն ներս:
Մէկ խօսքով, իրենց կեանքի մնացեալ տարիները հաճոյքով լեցնելու գաղտնիքը գտած են:
Հետաքրքրական է դիտել այս բոլորը: Ու ամէն անգամ, երբ այդ «փարք»երուն մօտէն անցնիմ, յանկարծ բան մը, տրամադրութիւնս կը խանգարէ: Մտքիս մէջ անակնկալ հարցում մը, փոքր կամ պզտիկ մտահոգութիւն մը կը բերէ իր հետ, որ անժամանակ զիս կը նետէ տարբեր մտմտուքի մը մէջ:
Հապա՞ ես: Հապա՞ մենք: Հապա՞ իմ տարեկիցներս: Եթէ նախախնամութիւնը մեզի ալ երկար կեանք պարգեւէ ու հասցնէ այս մարդոց տարիքին, արդեօք մենք ի՞նչ պիտի ընենք: Մեր այդ տարիքին ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ պիտի պարապինք: Օրուան մեր ժամերը ինչպէ՞ս պիտի վատնենք:
Ահա այս եւ նման հարցումներ են, որոնք կը խճողեն միտքս ու յաճախ նայուածքս կը պղտորեն: Հաւանաբար մեզմէ շատեր ներկայիս համակարգիչը դարձուցած են իրենց ամէնօրեայ ընկերն ու զբաղումը: Արդեօք իբրեւ զբաղում «թաւլուի» կամ թղթախաղի տեղ իրենց համակարգիչներով «փարք» պիտի երթա՞ն, թէ ոչ, տունը պիտի նստին ու իրենց տարիքին ծանրութեան տակ կքած, թիվիին առջեւ գամուած, մինչեւ վերջ կա՛մ պիտի կարդան եւ կա՛մ ալ պիտի քնանան: Չեմ գիտեր, որովհետեւ բախտագուշակ մը չեմ: Դժուար է նման բան գուշակել: Բայց լաւ բան է գիտնալը:
Եւ տակաւին միտքս իր թռիչքներով զիս կը տանի դէպի մեզմէ քանի մը սերունդներ վերջ եկողներուն մասին: Արդեօք անոնց «փարքը» ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ելեկտրոնիք խաղե՞րը, «այ փատ»երը կամ «այ ֆոն»ները պիտի փոխարինեն «թաւլուն» կամ նարտը…: Չեմ գիտեր ըսի: Խելքս, ասկէ աւելի չի կրնար այս հարցը «լուծել»:
Հապա դո՞ւն, յարգելի ընթերցող, դո՛ւն ի՞նչ կը մտածես: Ո՞ւր կը մտածես անցընել յոգնած տարիքիդ օրերը: Արդեօք մտածա՞ծ ես այս մասին: Բայց... աւելի լաւ է, որ չմտածես, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ քունդ ալ «փախցնես»:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ