ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԻՆ ՀԱՐՈՒՍՏԸ
Դարեր շարունակ մեր ժողովուրդի մտահոգութիւններէն մին եղած է եկեղեցականներու ունեցած «հարստութիւնները». գրեթէ ամէն սերունդ իր կարգին «գող»ի կարգավիճակի մը մէջ տեսած եւ կամ այդպէս տեսնել ուզած է զանոնք, միշտ պատասխան փնտռելով «եկեղեցականներ ինչպէ՞ս կը հարստանան» հարցումին:
Պարզապէս նման նիւթերու հնութիւնը փաստելու համար յիշենք Պոլսոյ մէջ 14 նոյեմբեր 1892 թուականին հրատարակուած «Հայրենիք» օրաթերթի առաջին էջին վրայ գտնուող «Եկեղեցականի դրամը» խորագրեալ յօդուածը, որուն հիմնական նիւթը դարձեալ «հարուստ» եկեղեցականներն են: Հեղինակը իր յօդուածին մէջ բարոյական մեղք մը կը նկատէ եկեղեցականին նիւթապէս հարուստ վիճակի մէջ գտնուիլը՝ համոզուած ըլլալով, որ անոնք պարտին «ինչ ստակ որ աւելցնեն, զայն շուտով պէտք է յատկացնեն եկեղեցիի, դպրոցի, աղքատախնամ հաստատութեան, բարեգործական կամ կրթական որեւէ ձեռնարկի մը»:
Եկեղեցականներուն հարստութեան դէմ եղողները հիմնականին մէջ երկու տարբեր խումբի կը բաժնուին։ Առաջին խումբը այս իրողութեան կը մօտենայ կրօնական դիտանկիւնէն եւ կ՚ուզէ եկեղեցականին մէջ տեսնել Քրիստոսի կերպարը, որ իր մահուան ժամանակ ո՛չ հարստութիւններ եւ ո՛չ ալ գանձեր ունէր: Անոնք եկեղեցականին մէջ կ՚ուզեն տեսնել անցեալի հայրապետներու եւ սուրբերու խոնարհ կեանքը. կ՚ուզեն յիշեցնել, որ Քրիստոս ամենէն սուղնոց կառքերուն փոխարէն աւանակի մը վրայ նստած մուտք գործեց Երուսաղէմ: Անոնք եկեղեցականի մէջ կ՚ուզեն տեսնել Պետրոս առաքեալի պատկերը, որ ողորմութիւն խնդրող աղքատին կ՚ըսէր. «Արծաթ եւ ոսկի չունիմ. բայց ինչ որ ունիմ, այն քեզ կու տամ»: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ Քրիստոսի հարստութեան մասին ըսածներն ու քարոզները եւ հետաքրքրական պատկեր մը կը ստեղծուի ժողովուրդի աչքին, երբ տեսնէ, թէ «հարստութիւն ունեցողը Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգէ» ըսողը միաժամանակ հարուստ մըն է…:
Երկրորդ խումբին պատկանողները հոգեւորէն անդին մարդկային գետնի վրայ կ՚ուզեն անարդարութիւններ գըտ-նել. այս խումբին պատկանողները անարդար կը գտնեն եկեղեցականներուն հարստանալը, երբ ազգին մէջ շա՜տ շատ հաստատութիւններ՝ դպրոցներ, ակումբներ, եկեղեցիներ ու կրթական հաստատութիւններ կարիքը ունին նիւթականի՝ աւելի կատարեալ եւ աւելի հանգիստ միջավայր մը ստեղծելու համար հայ հասարակութեան: Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք ժողովուրդի ակնկալութիւնները քիչ մը տարբեր տեսք ստացան, որովհետեւ ձեւով մը եկեղեցին պատասխանատու ըլլալով հայ ազգին՝ պարտաւոր էր հոգալ պէտքերը իր զաւակներուն եւ զաւակի մը համար ինչքա՜ն ահաւոր բան է տեսնել հօր հարստութիւնը, երբ ինք աղքատութեան մէջ կը թաւալի:
Այս բոլորը, սակայն, մարդոց մէջ ստեղծեցին սխալ մտածում մը, որով բոլոր եկեղեցականները մեծահարուստներ են… շատ անգամ նոյնիսկ գողեր: Երբեք կարելի չէ ուրանալ, որ թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկայիս ունեցած ենք, ունինք եւ մեծ հաւանականութեամբ ապագային եւս ունենանք եկեղեցականներ, որոնք տէր ըլլան հարստութեան մը, սակայն այդ մէկը երբեւէ կարելի չէ ընդհանրացնել. եթէ Յուդա մատնեց Քրիստոսը, այդ չի նշանակեր որ մատնիչ է նաեւ Պետրոսը, Յովհաննէսը, Յակոբոսը եւ միւսները: Ցաւ ի սիրտ, մեր ժողովուրդը ամէ՛ն բան ընդհանրացնելու եւ առանց անոնց ճշմարտութիւնը ուսումնասիրելու՝ հաւատալու շնորհքը ունի. սակայն իրականութիւնը տարբեր է:
Այսօր մեր իրականութեան մէջ ունինք բազմաթիւ ամուսնացեալ քահանաներ, որոնք եկեղեցական ըլլալէ անդին ընտանիքի մը հայր են եւ բոլորիս ալ ծանօթ է, թէ ներկայ դարուս ինչքան դժուարին պայմաններ գոյութիւն ունին: Այսօր մեր բոլորին սպասումն է, որպէսզի քահանան աղքատ ըլլայ, սակայն ան իր ետին ունի զաւակներ ու կին՝ որոնք խնամելն ու հոգ տանիլը իր պարտաւորութիւնն է: Յաճախ բարձրաձայնած ենք այն մասին, թէ քահանային աշխատավարձը պարտի բարձր ըլլալ, որպէսզի աշխարհի մտահոգութիւնները մէկ կողմ ձգած կարողանայ իր կեդրոնացումը տալ իր առաքելութեան: Այսօր Հայաստանի մէջ քահանաներ աշխատավարձ չեն ստանար. իրենց միակ եկամուտը ծիսական արարողութիւններն են, որոնք թիւով ալ այնքան շատ չեն եւ ցաւ ի սիրտ ծիսական արարողութեան ընթացքին նոյնիսկ քահանան կամայ թէ ակամայ կը սկսի մտածել ծիսական արարողութեան աւարտին տրուելիք «ողորմութեան» մասին, որովհետեւ պարտաւոր է ընտանիքը ապրեցնել:
Անցեալին՝ գուցէ մէկ-երկու դար առաջ կար այն իրողութիւնը, որ քահանաներուն համար ամէն բան գրեթէ անվճար էր. այդ իսկ պատճառով եկեղեցականներ իրենց ապրուստին մասին չէին մտածեր, որովհետեւ գիտէին որ ժողովուրդը պատրաստ է իրենց բոլոր կարիքները հոգալու, սակայն այսօր պատկերը այդպէս չէ՛։ Աւելի քան մէկ տասնամեակ կեանքս անցաւ եկեղեցականներու մէջ։ Եթէ անոնցմէ մէկուն ակռան խնդիր ունենայ, ատամնաբոյժը աղօթքով չի՛ բուժեր այսօր այդ ակռան. պէտք է նկատի ունենալ, որ եկեղեցական ըլլալ, մարդկայինը ամբողջութեամբ մոռնալ ու վերացնել չի նշանակեր եւ հետեւաբար այնպէս ինչպէս բոլորս ունինք մեր մարդկային պէտքերն ու կարիքները (որոնց մեծ մասը անպայմանօրէն գումար կը պարտադրէ), նոյն այդ պէտքերը ունի նաեւ եկեղեցականը:
Սակայն կայ յստակ տարբերութիւն հարուստ եկեղեցականին ու հարուստ եկեղեցւոյ միջեւ. անընդունելի երեւոյթ է տեսնել եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գտնուող դպրոց մը, որ կրթական վճարը տուած չըլլալու պատճառով դուրս կը դնէ ի վիճակի չեղող աշակերտներ։ Ցաւ ի սիրտ Լիբանանի մէջ շա՜տ հանդիպած ենք նման երեւոյթներու: Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գտնուող ամէ՛ն հաստատութիւն նիւթաբեր կառոյց մը պէտք չէ որ ըլլայ, այլ պէտք է ամբողջութեամբ ծառայէ ազգի բարգաւաճման:
Որպէս եզրակացութիւն անիծուած են բոլոր ա՛յն եկեղեցական ու աջշխարհական հարուստները, որոնք առատութեան մէջ ապրած ժամանակ կը մոռնան իրենց հայրենակիցներն ու արենակիցները եւ ժլատ կեանք մը կ՚ապրին:
Կարելի չէ սպասել, որ այսօր մարդիկ ինքնակամ աղքատութեան մէջ ապրին, որովհետեւ այսօրուան հասարակութիւնը դիւրութեամբ կ՚օտարէ նմանները:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -133-
Կարծուածին հակառակ, եկեղեցականներուն ստացած աշխատավարձերը շա՜տ քիչ կ՚ըլլան… գոնէ Լիբանանի մէջ այդպէս էր… եւ այդպէս է:
Օր մը եկեղեցական ընկերոջ մը հետ գացինք Պուրճ Համուտ: Կամայ թէ ակամայ նկատի ունենալով եկեղեցական զգեստը՝ բոլորին ուշադրութիւնը մեր վրայ դարձաւ: Յանկարծ մօտեցաւ մուրացկան մը եւ ողորմութիւն խնդրեց. «հարուստ» եկեղեցականներուս մօտ ո՛չ մէկ գումար կար աղքատին տրամադրելու… սակայն աղքատը այս բոլորին անտեղեակ սկսաւ բարձրացնել իր «ողորմութեան» խնդրանքը: Ամէն մարդ սկսաւ ուշադրութեամբ մեզի նայիլ… տեսնելու համար, թէ ողորմութիւն քարոզողները ողորմութիւն պիտի տա՞ն:
Սակայն վիճակը անփոփոխ էր. իրապէս գումար չկար մեր մօտ: Բոլորին աչքերուն դիմաց առանց ողորմութիւն տալու հեռացանք… հաւանաբար մի քանի օրեր ետք խորաններու վրայէն ողորմութեան կարեւորութեան մասին խօսելու զաւեշտալի պատկերով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024