ԱՐԺԷՔՆԵՐ՝ ՄԻՇՏ ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ

Ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ ճաշակներ անվիճելի են մարդկային կեանքի մէջ։ Ճաշակը ենթակայական համոզում մըն է, անոր տրուած արժէքը մարդու համեմատ կը փոխուի։ Զոր օրինակ, ինչ որ օրինակելի, լաւ կեանք մըն է մէկուն համար, տարօրինակ եւ ծիծաղելի է միւսին համար։ Որպէս «ճաշակ», գոյներու համար ալ նոյն բանը կ՚ըսուի. մէկը կ՚ախորժի սեւ գոյնէն, ուրիշ մը՝ ճերմակէն եւ այպանել կարելի չէ մէկը՝ որ սեւ գոյնէն կ՚ախորժի, եւ կամ պախարակել ուրիշ մը՝ որ ճերմակ գոյնը իրեն հաճելի կը թուի։ Կան ոմանք ալ՝ որ սեւը եւ ճերմակը միասին կ՚ուզեն տեսնել եւ այդ է որ հաճելի կ՚ըլլայ իրենց, եւ անոնց այդ ընտրութիւնն ալ քննադատել կարելի չէ, քանի որ հարցը ճաշակի խնդիր է, եւ անվիճելի՛։ Եւ ասիկա կ՚ենթադրէ հանդուրժողութիւն, որ անհրաժեշտ է հաւաքականութեան մը խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար։

Արդարեւ, անհատներու համար անհրաժեշտ է հանդուրժողութիւնը (=tolérance) քանի որ անոնք պարտաւոր են ընկերութեան մէջ հասարակական եւ հաւաքական կեանք մը ապրելու գոյատեւելու համար իրենց կեանքը ապահով եւ անվտանգ կերպով։

Հանրային առողջ եւ առարկայական, մեծամասնութեան կողմէ ընդունելի կարծիքի մը կազմութեան մէջ կարեւոր է եւ կենսական, որ ազդու դեր մը կը կատարեն համեստ եւ խոնարհ յարկերու մէջ դեռահաս միտքերու եւ հոգիներու հետ ամենօրեայ շփում ունեցող ողջամիտ, պարկեշտ եւ պատուախնդիր անձեր, որոնք գիտակից իրենց «մարդ» ըլլալու կոչումին եւ պարտականութեան՝ ո՛չ թէ միայն իրենց իմաստուն եւ հմտալից խորհուրդներով եւ խօսքերով, այլ իրենց կեանքին կենդանի օրինակով կը ձեւաւորեն եւ կը կաղապարեն կակուղ հոգիները դեռահաս անփորձ անձերու։

Արդարեւ գործիքը չէ որ կը գործէ, այլ գործիքը կը գործածուի զայն գործածողին նկարագրին եւ գաղափարականին համեմատ։ Զոր օրինակ, զէնքը ինքնին մարդ չի վիրաւորեր, զէնքը գործածողն է որ կը վիրաւորէ մարդը։ Ասոր նման է դանակը. ան ինքնին ոչ մէկ գործ կը կատարէ օգտակար կամ վնասակար, զայն գործածողն է որ անոր նպատակը կ՚որոշէ՝ օգտակար կ՚ըլլայ երբ հացը շերտէ եւ բաժնէ, իսկ վնասակար՝ երբ անով մարդ վիրաւորէ…։ Ուրեմն խորհինք. դանակը օգտակա՞ր թէ վնասակար գործիք մըն է։ Դանակին, որպէս գործիք, գործածութեան նպատակը յարաբերական է (=relatif

Այս ուղղութեամբ, գործիքը զայն գործածողին նկարագրին, համոզումներուն, հաւատալիքներուն եւ գաղափարականին հետ համերաշխ եւ համաձայն ըլլալու եւ ըստ գործողին գործելու է։ Թոյնը մահուան պատճառ կրնայ ըլլալ, եւ ընդհանրապէս ալ այդպէս կ՚ընդունուի, բայց նոյն թոյնը կրնայ օգտագործուիլ որպէս դեղ եւ դարման եւ կրնայ մահուընէ փրկել մարդը։

Կարգ մը արժէքներ կան, որոնք մարդոց կողմէ տարբեր կ՚ըմբռնուին։ Զոր օրինակ, հաւատարմութիւնը, մէկուն համար առաքինութիւն կը սեպուի, իսկ ուրիշ մէկուն համար միամտութիւն, չըսելու համար ապուշութիւն։ Դարձեալ, ինչ որ նուիրական է եւ սրբութիւն, ուրիշ մէկը զայն կը թարգմանէ «նախապաշարում» կամ «կանխակալութիւն»։ Կան մարդիկ, որոնց համար սուտը եւ խարդախութիւնը ճարպիկութիւն է եւ անհրաժեշտ պայման՝ յաջողութեան համար։ Մարդիկ ալ կան, որ կը բարձրանան ինքն իրենց ուժերով եւ կարողութեամբ, կան ալ ոմանք՝ որոնք կը բարձրանան ուրիշներու ուսերուն եւ գլխուն վրայ յենուելով։ Մարդիկ, ազնիւ եւ պարկեշտ, ինքնավստահութեամբ կը վարեն իրենց կեանքը, ուրիշներ՝ միշտ ուրիշին վստահելով…։ Հոս յատկապէս պէտք է զանազանել ինքնավստահութիւնը, որ օգտակար է մարդուս եւ ինքնահաւանութիւնը, որ՝ վնասակա՛ր…։

Անպատշաճութիւնները, թեթեւաբարոյութիւնը եւ յաւակնոտ ու յանդգնող ըլլալը շատերու կողմէ ընկերային կեանքի պահանջ կը նկատուին. զանազան մոլութիւններ անմեղ ժամանցներու կարգը կը դասուին եւ շատ բնական կը համարուին։ Ի՞նչ բարերար եւ օգտակար արդիւնք բանաւոր է սպասել այն ազդակներէն, զորս շարժման մէջ դնելու պաշտօն ունեցող անձեր իրարու այսքան ներհակ կարծիքներ եւ համոզումներ ունին, եւ երբ կենսական սկզբունքներու մասին մարդիկ այսքան թիւր եւ վնասակար ըմբռնումներ եւ հաւատալիքներ կը սնուցանեն եւ կ՚աճեցնեն անխնայ կերպով։

Մարդիկ հաւաքաբար ապրելու պարտաւոր են, եւ ուրեմն այս կերպ կեանքի մը մէջ կարենալ ապրելու համար անհրաժեշտ է իրարու հանդէպ հանդուրժողական ոգի ունենալ, հանդուրժել իրարու, որքան ալ իրարու նկատմամբ հակադիր եւ հակառակ խորհուրդներ, խօսքեր ունենան եւ իրարու ներհակ գործեն։ Պէտք է տոկայ մարդ ամէն հակադրութեան պատճառած նեղութիւններու եւ այն ատեն միայն երջանիկ կ՚ըլլայ ան։

Թէ ի՞նչ է հանդուրժողութիւնը։

Հանդուրժողութիւնը կ՚ենթադրէ համբերութիւն։ Համբերութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւներէն մին է եւ Հոգիին այս զօրութեամբ է որ մարդը կը կարենայ պտղաբերել։

«Հոգիին պտուղը, որ է սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներու վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն». (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ Հոգիին պտուղները կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Ս. Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը տասներկու պտուղ կը թուէ. սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, երկայնամտութիւն, բարեսրտութիւն, հեզութիւն, քաղցրութիւն, հաւատարմութիւն, համեստութիւն, ժուժկալութիւն, ողջախոհութիւն։

Դաստիարակել, խրատել, մխիթարել, արիացնել՝ հոգեւոր ողորմածութեան գործեր են, ինչպէս նաեւ ներել եւ հանդուրժել համբերութեամբ։ Այն որ չի ներեր եւ համբերութիւն չունի տոկալու, չի կրնար հանդուրժել։ Ուստի, հանդուրժել կը նշանակէ կանխաւ ներել ու համբերութեամբ տոկալ, տանիլ որեւէ արարք որ հակառակ է մեզի։ Հանդուրժողութիւնը պէտք չէ շփոթել անտարբերութեան հետ. ընդհակառակը՝ անտարբերութիւնը հակառա՛կ է հանդուրժողութեան, քանի որ անտարբեր մարդու համար հանդուրժողութիւնը խնդրոյ առարկայ չի՛ կրնար ըլլալ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 10 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023