ԱՆՈՂՆԱՇԱՐՆԵՐԸ

Կեանքի մէջ ամենէն ատելի մարդիկ հեղհեղուկ նկարագիր ունեցողներն են, որոնք կրնան իրենց շահերուն վրայ հիմնուելով նոյն երեւոյթին մասին տարբեր տարբեր կարծիքներ ու դիրքորոշումներ ունենալ։ Ամենէն վտանգաւորներն են անոնք, որոնք կրնան իրենց դէմ դրուած մածունը պահ մը ճերմակ եւ որոշ ժամանակ ետք սեւ տեսնել՝ նայած թէ քամին ո՛ր կողմ կը փչէ։

Ցաւ ի սիրտ, ներկայ մարդկային ընկերութիւնը վարակուած է այս ախտով, իրենց որպէս արդարացում որդեգրելով «դիւանագիտութիւն» բառը, որ իր արդարացմամբ պաշտօնին մէջ անյաջող կը մնայ։

Մեր հարուստ մայրենին նման հեղհեղուկ նկարագիրի տէր մարդոց համար ունի «անողնաշար» բառը, ինչ որ լաւագոյնս կը նկարագրէ այդպիսիներու ընթացքն ու կառուցուածքը։

Յաճախ մարդիկ հարց կու տան, թէ կեանքի մէջ ինչո՞ւ համար կարեւոր է թուաբանութիւնը եւ շատեր այնպէս ալ չեն գիտնար պատճառը, սակայն ըստ մեզ, անոր կարեւորութեան հիմնական պատճառը այն է, որ կեանքը եւս թուաբանական կանոններուն կը հետեւի. «1+1» երկրագունդի բոլոր անկիւններուն մէջ հաւասար է «2»ի եւ եթէ տեղ մը անոր արդիւնքը «1» տայ... կը նշանակէ լուրջ ու մտահոգեցուցիչ խնդիր մը գոյութիւն ունի այդտեղ։

Այլ խօսքով՝ եթէ բանուոր Յակոբին զաւակը ոճիր գործեց եւ անոր արդար հատուցումը ցմահ բանտարկութիւն է, տրամաբանականօրէն նոյնը պիտի ըլլայ եւ պէ՛տք է որ ըլլայ, երբ ոճիրը գործէ նախարար Սարգիսին զաւակը, այլապէս առաջինին համար «1+1»ի պատասխանը «2», իսկ միւսին համար «1» պիտի դուրս գայ։ Աշխարհը այսօր թուաբանական այս քաոսը կ՚ապրի, որովհետեւ իւրաքանչիւր հաշուարկ օրէնքին չէ որ կը հետեւի, այլ կ՚ենթարկուի աղաւաղութեան։

Նման թուաբանական անհամեմատութիւն մը նկատեցի մեր շրջապատին մէջ. մայր մը ամէն ջանք ի գործ դրաւ վարկաբեկելու եւ նուաստացնելու համար իր հարսը՝ մինչեւ իսկ իր հարազատ զաւակը դժբախտացնելու աստիճան։ Ժամանակը այնպէս եղաւ, որ այն ինչը որ ինք ի գործ դրած էր ուրիշի աղջկան՝ ուրիշն ալ իր աղջկան վրայ ի գործ դրաւ։ Սկսանք նկատել, որ մայրը սկսաւ բողոքել ու գանգատիլ, որովհետեւ անոր թուաբանութեան մէջ իր ըրածը ճիշդ, սակայն ուրիշինը սխալ դուրս կու գար։ Եւ կեանքի անարդարութիւնը սկիզբ կ՚առնէ հոն՝ ուր նոյն երեւոյթին դիմաց հաշուարկները կը խառնուին։

Քրիստոսի մեծագոյն առաւելութիւնը այն էր, որ Ինք գործադրեց այն բոլորը՝ որոնց մասին խօսեցաւ, որովհետեւ այն ինչ որ «1+1» «2» էր մեզի համար՝ Իրեն համար ալ «2» եղաւ։ Մեզմէ ո՞վ պիտի սիրէր Յիսուսը՝ եթէ խօսքերն ու գործերը հակասէին զիրար։ Նոյն վիճակն է այսօր գրեթէ աշխարհի բոլոր պետութիւններուն մօտ, ուր օրէնք դնողները վեր կը մնան օրէնքէն եւ այդ նոյն օրէնքները կը պարտադրեն հասարակ ժողովուրդին վրայ։

Այս դժբախտութիւնը աշխարհիս երեսին նոր երեւոյթ մը չէ. աւելի քան դար մը առաջ նոյնիսկ Աշուղը կեանքի թուաբանական այս անհաւասարութեան դէմ կը բողոքէր ըսելով.

«Յանցաւոր հարուստը ուրախ խնդալով,
Մեղքից ազատուել է մեծ գումար տալով.
Խեղճ մարդը սխալմամբ մի հաւ գողնալով
Բանտի մէջ է փտել, խելքի՛ աշեցէք»։

*

Անողնաշար մարդը ատակ է մէկ վայրկեանի մէջ իր մորթը փոխել եւ առանց ցաւ կամ ամօթ զգալու թքել ա՛յն պնակին մէջ՝ ուրկէ վայրկեան մը առաջ հաց կ՚ուտէր եւ զարմանալի չէ, եթէ վայրկեաններ ետք իր թքած պնակէն շարունակէ ուտել։

Այսօր նման անողնաշար մարդիկ կը տեսնենք քաղաքականութեան մէջ. անցեալներս կուսակցական շարքերէն հեռացած մը կը բարձրաձայնէր կուսակցութեան գործած սխալները... ակամայ կը մտածեմ, որ ինչո՞ւ այդ նոյն սխալները կ՚անտեսէր երբ կուսակցական շարքերուն մէջ կը գտնուէր... ինչո՞ւ համար «1+1»ը «2» կը դառնայ միա՛յն երբ դուրս կու գան կուսակցական շարքերէն։ Եւ ցաւ ի սիրտ, բոլորս ալ այս ախտերով կը տառապինք, որովհետեւ մեր թուաբանութիւնը եւս հիմնուած է մեր շահերուն եւ օգուտներուն վրայ։

Այս քաոսային օրերուն հրեշտակային է ան՝ որուն թուաբանական հաշիւները մի՛շտ նոյն արդիւնքը կու տան՝ առանց սեփական շահերը նկատի ունենալու։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -138-

Օր մը ճանապարհային ոստիկանը ինքնաշարժս կանգնեցուց։ Եկեղեցական ըլլալս տեսնելով տուգանելու ժամանակ սրամտութեամբ ըսաւ. «Այնպէս ինչպէս դուք մեղաւորները կը գտնէք, նոյնպէս ալ մենք սխալ ընողները կը գտնենք ու կը տուգանենք...»։

Ըսածը պարզ էր. նոյն հանգստութեամբ պատասխանեցի «Մեզի համար նախագահն ալ սխալ գործէ դուն ալ սխալ գործես՝ մէկ է. մեղքը կը շարունակէ մեղք մնալ, բայց ձեր պարագային կարծեմ միայն մենք ենք սխալը... եւ ո՛չ միւսները»։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2023