ԵՐԶՆԿԱՅԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ԵՏՔ՝ ԱՄԵՆԱԽՈՇՈՐԸ
Դաժան են երկրաշարժերը՝ մանաւանդ ձմրան: Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կարգ մը բնակավայրեր աւերած եւ մարդկային տասնեակ հազարաւոր զոհեր պատճառած երկրաշարժը՝ ձմրան պաղուն ալ աւելի տաժանելի կ՚երեւնի: Անօթեւան, վիրաւոր, սգակիր մարդիկ մէկ կողմէ ենթարկուած են ճակատագրի դաժան հարուածին, միւս կողմէ՝ եղանակային պայմաններու անողոք անպատեհութիւններուն: Այս երկրաշարժը, տարածաշրջանին մէջ երկրորդ խոշորն էր Երզնկայի՝ 1939 թուականին պատահած կործանարար երկրաշարժէն ետք, եւ Երզնկայի երկրաշարժն ալ կրկին ձմրան պատահած է՝ 27 դեկտեմբերին ու խլած է 33 հազար մարդու կեանք: 100 հազար մարդ վիրաւորուած էր այդ ժամանակ եւ հազարաւոր շէնքեր ու տուներ հողին հաւասարեցուած էին: Երզնկայի երկրաշարժը յառաջացուցած էր նաեւ ցունամի, որ իր կարգին նոյնպէս կործանարար ազդեցութիւն ունեցած էր: Թուրք բանաստեղծ, Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Նազըմ Հիքմէթ 1939 թուականի Երզնկայի երկրաշարժին նուիրած է քերթուած մը՝ «Քարա հապէր» խորագրով, որ փոխանցելով օրուան զգացողութիւնները, յայտնի դարձած է Թուրքիոյ տարածքին:
Չկայ հայ մը, որ Թուրքիոյ աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք չյիշեց 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժը եւ համեմատութիւններ չտարաւ երկու կործանարար երկրաշարժերուն միջեւ: 1988 թուականի սաստիկ ձմրան այդ օրերուն հարիւր-հազարաւոր մարդիկ մնացած էին անօթեւան, պաղի, ձիւնի ու քամիի ներքոյ կը փնտռէին աւերակներուն տակ մնացած իրենց հարազատները… Անոնք նոյնիսկ պաղը չէին զգար եւ խելագարի պէս, կիսահագուած փողոց նետուած կը վազէին իրենց ընտանիքներու ետեւէն… Ցաւօք, շատեր անշնչացած կը գտնէին իրենց հարազատները, տուները՝ փլած: Կեանքի յոյսը խորտակուած էր… Միայն այդ մարդիկ գիտեն, թէ ինչպէ՛ս յետոյ կրցած են շարունակել իրենց կեանքը, ստիպելով իրենց ինչպէ՛ս ոտքի ելած են…
Նոյն ապրումները այսօր ունին փետրուարի 6-ի երկրաշարժէն տուժած հարիւր հազարաւոր մարդիկ: Ամենէն սարսափելին, անշուշտ, զոհերուն թիւն է, որ կը բարձրանայ ահագնացող չափով:
Սպիտակի երկրաշարժը մանաւանդ յիշեցին մասնագէտներ, համեմատելով, որ ուժգնութեան չափման միաւորով ընդամէնը մէկ միաւոր է Թուրքիոյ եւ Սպիտակի երկրաշարժերուն տարբերութիւնը: Սակայն իր ազդեցութեամբ Թուրքիոյ երկրաշարժին հզօրութիւնը մի քանի անգամ մեծ եղած է Սպիտակի երկրաշարժէն: Երկրաշարժին հզօրութեան եւ ուժին դէմ մարդկութիւնը ոչինչ կրնայ ընել, միակ բանը՝ ապահով տուներ շինելն է, որ մարդ ինքզինք ապահով զգայ տուներուն մէջ եւ երկրաշարժի ժամանակ ոչ թէ ջանայ տունէն փախչիլ, այլ մտածէ տունը մնալու եւ տունին մէջ պաշտպանուելու մասին: Ժամանակակից բազմաթիւ շէնքեր կը կառուցուին արագ, ոչ-կայուն եւ հիմնաւոր նիւթերէ, իսկ նախորդ դարաշրջանին կառուցուած շէնքերն ալ արդէն հինցած, թուլցած են, անոնց հիմքերը մաշած են: Խիստ անհրաժեշտութիւն է այսօր շինարարութիւնները կատարել միայն երկրաշարժադիմացկուն շէնքերու տեսակէտէ, այլապէս անիմաստ է բոլոր այն ջանքերը, որոնք կը դրուին շինարարութեան մէջ, եւ ուղղակի ափսոս են բոլոր այն գումարները, որոնք շէնք շինողները եւ տուն գնողները կը ծախսեն… Գուցէ նաեւ ճաբոնցիներուն փորձը ուսումնասիրուի. անոնք մեծ ու փոքր երկրաշարժեր կը դիմագրաւեն՝ ամուր շէնքերու մէջ, իսկ տանիքներն ալ այնպիսի նիւթերէ կը շինեն, որ երկրաշարժի ժամանակ մարդոց վրայ իյնալու պարագային վնասներ չպատճառէ… Երկրաշարժագիտութիւնը այսօր ամենակարեւոր մասնագիտութիւններէն մէկը դարձած է, մանաւանդ վերջին աղէտէն ետք ան պէտք է աւելի զարգանայ, ներառէ գիտութեան բոլոր նուաճումները եւ ջանայ ամէն գինով նպաստել աղէտներու ժամանակ մարդու կեանքի պահպանման:
Մարդը տարիներով կը ստեղծէ, կ՚արարէ, նիւթական բարիքներ կը սփռէ ամէնուր եւ բնութեան աղէտը քանի մը վայրկեանի մէջ կը փոշիացնէ ատոնք, մարդկային կեանքն ալ հետը: Ուստի, մանաւանդ այս երկրաշարժէն ետք գիտութեան բոլոր ճիւղերը պէտք է համախմբուին երկրաշարժագիտութեան շուրջ եւ անվտանգային քայլեր մշակեն: Մտահոգիչ հարցեր են, որոնք այս օրերուն սրուած են նաեւ Հայաստանի մէջ, քանի որ Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ամենէն շատ դասեր Հայաստանը պիտի քաղէր: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ այդպէս չէ. եթէ նկատի առնենք, որ Կիւմրիի, Սպիտակի, Վանաձորի մէջ երկրաշարժին փլած են հիմնականը բազմայարկ շէնքերը, ապա ատկէ ետք պէտք է քիչցնէին բազմայարկ շէնքերուն շինարարութիւնը: Այդպիսի շէնքերը ո՛չ միայն չեն պակսած, այլեւ՝ աւելցած են: Երեւանը նոյնպէս հեղեղուած է նոր կառուցուած բազմայարկ շէնքերով, Երեւանի կեդրոնը վեր խոյացած են մինչեւ 16 յարկանի շէնքեր, որոնք իրարու շատ մօտ են, կառուցուած են հին բնակելի շէնքերուն շատ մօտ, ազատ տարածութիւններ չկան, որոնք երկրաշարժի պարագային կարող են իրենց վրայ կրել երկրաշարժին ստորգետնեայ ալիքներուն մէկ մասը… Հայաստանը նոյնպէս կը գտնուի աշխոյժ երկրաշարժային գօտիի մէջ: Ասիկա տարածք մըն է, ուր պատմութեան ընթացքին հարիւրաւոր կործանարար երկրաշարժեր եղած են. մինչեւ 10 ուժաստիճանով ցնցումներ այստեղ տեղի ունեցած են նոյնիսկ հազարաւոր տարիներ առաջ:
Բազմաթիւ անգամներ աւերուած է Անին (1045, 1132, 1319 թուականներուն), 893 թուականի երկրաշարժէն կործանուած է Դուինը, 1679 թուականին աւերուած է Գառնիի տաճարը: 1840 թուականի Արարատեան երկրաշարժի ժամանակ Արարատ լեռնէն պոկուած է հսկայ լեռնազանգուած մը եւ փլուզուած Ակոռի գիւղին վրայ: Մեծ վնասներ պատճառած են Զանգեզուրի մէջ 1308, 1931 (այս թուի երկրաշարժէն քանդուած է Տաթեւի վանքը), 1968 թուականներուն տեղի ունեցած երկրաշարժերը:
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ երկրաշարժային գօտի կը նկատուի մանաւանդ Երզնկայի դաշտը, ուր բազմիցս տեղի ունեցած են աւերիչ երկրաշարժեր: Երկրորդ աշխոյժ գօտին Արարատեան դաշտն է, երրորդը՝ Շիրակի դաշտը, չորրորդը՝ Վայոց Ձորը, ուր 735 թուականին աւերուած է Մոզ բնակավայրը: Երկրաշարժային գօտիներ են նաեւ Զանգեզուրի, Ջաւախքի տարածաշրջանները:
Հայաստանի վաղնջական երկրաշարժերը ուսումնասիրութեան նիւթ եղած են ո՛չ միայն հայ, այլեւ՝ օտար մասնագէտներուն համար: Հայ մատենագրութիւնը հարուստ նիւթ պահպանած է երկրաշարժերու մասին: Երկրաշարժեր նկարագրուած են մեր ձեռագիր մատեաններուն մէջ, առաջին տպագիր գիրքերուն եւ բազում հնագոյն վկայագիրներուն մէջ: Այդ երկրաշարժերուն հետեւանքով աւերուած են ծաղկուն բնակավայրեր, եկեղեցիներ, տաճարներ, կամուրջներ, ճանապարհներ, զոհուած են հազարաւոր մարդիկ: Բայց աւերակներու վերածուած տարածքները նորէն կենդանացած են, շունչ առած եւ բնակիչներով լեցուած: Այդպիսի բազում նկարագրութիւններ կան մեր պատմութեան մէջ: Հայոց հողերուն վրայ եղած երկրաշարժերու մասին ամենէն հին տեղեկութիւնը կը մնայ Ուրարտուի թագաւոր Արգիշտի Առաջինի ձգած սեպագիր արձանագրութիւնը.
«…Երբ Պեխուրա քաղաքը վերապաշարեցի, Պեխուրա մարզի Պամ լեռը փլաւ. ծուխն ու մուրը վրայէն մինչեւ արեւ հասան: Երբ Պամ լեռը փլաւ, ես Պեխուրա քաղաքը գրաւեցի»: Արգիշտին աղէտը կը նկարագրէ իր նուաճումները ցոյց տալու համար, սակայն ուղղակի տեղեկութիւն կը հաղորդէ երկրաշարժի մասին:
Պատմահայր Մովսէս Խորենացին «Հայոց պատմութիւն» գործին մէջ կը յիշատակէ Նախքան Քրիստոս տեղի ունեցած երկրաշարժը, որուն հետեւանքով Մեծ լերան (Մասիս) հիւսիս-արեւելեան լանջին առաջացած է մեծ խորութեամբ ու լայնութեամբ վիհ մը, որուն շրջակայքը Հայաստանի Տիգրան Առաջին թագաւորը կը բնակեցնէ Աժդահակի կինը, ուստրերն ու դուստրերը եւ բիւրաւոր գերիները:
Հայաստանի տարածքին վրայ եղած երկրաշարժերուն հայ պատմիչներէն զատ նաեւ օտար պատմիչներ, գրողներ, ճանապարհորդներ անդրադարձած են, նկարագրած արհաւիրքը եւ պատմած մարդկային կորուստներու մասին:
9-10-րդ դարերու աշխարհագրագէտ Իպն ալ-Ֆակիհ իր «Գիրք երկիրներու մասին» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ինչ կը վերա-բերի Հայաստանին եւ Ատրպատականին, այս երկու երկիրները կը կործանուէին հեծելազօրի սմբակներէն, մէկ ալ կայծակի հարուածներէն ու երկրաշարժերէն»:
Երկրաշարժերուն նուիրուած քերթուածներ գրած են հայ քերթողները: 1407 թուականի Սիւնիքի երկրաշարժին մասին ողբ-տաղ գրած է Թովմա Մեծոփեցին, 1457 թուականի Երզնկայի երկրաշարժին ողբ նուիրած է Թորոս Մշեցին: 1469 թուականին Երզնկայի մէջ կրկին կործանարար երկրաշարժ եղած է, ինչ որ նկարագրած է Մկրտիչ Նաղաշը: Երզնկան իբրեւ երկրաշարժերու գօտի յայտնի է շատ հին ժամանակներէն, եւ կրկին հայ եւ օտար աղբիւրներու մէջ կը տեսնենք 1482 թուականին հոն տեղի ունեցած մէկ այլ երկրաշարժ, որ նկարագրած են գրողներ: Վերածնունդի իտալացի գեղանկարիչ, քանդակագործ, ճարտարապէտ, երաժիշտ, գրող, թուաբանագէտ, քաղաքագէտ եւ գիւտարար Լէոնարտօ տա Վինչի 1482 թուականի Երզնկայի երկրաշարժին արհաւիրքները տեսնելով՝ Սուրիոյ տեղապահին ուղղուած նամակներէն մէկուն մէջ գրած է, որ ականատես եղած է մեծ աղէտի մը, որ իր ահաւորութեամբ կը ցնցէ ամբողջ աշխարհը: Այդ երկրաշարժէն զոհուած է 30 հազար մարդ: Պատմութիւնը կը յիշատակէ, որ Երզնկայի մէջ աւելի քան 20 կործանիչ երկրաշարժեր եղած են: 1011-1012 թուականներու Երզնկայի երկրաշարժը կը նկարագրէ 13-րդ դարու պատմիչ Մխիթար Այրիվանեցին. «…Երզնկա քաղաքը ամբողջովին թաղուեցաւ, եւ մնաց միայն Կիրակոս Ողորմածի տունը: Շատ եկեղեցիներ ու բերդեր տապալեցան»:
7-րդ դարուն ապրած Յովհան Մամիկոնեան կը նկարագրէ 602-603 թուականներուն Տարօնի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, որուն հետեւանքով կործանած է Սուրբ Կարապետ վանքը եւ վանքին շուրջ գտնուող բնակելի տուներ:
Գետիկ վանքը նոյնպէս հիմնայատակ կործանած է երկրաշարժէն՝ 1185 թուականին: Մխիթար Գօշի «Ողբ ի վերայ բնութեան» երկը նուիրուած է ատոր:
1139 թուականին Գանձակի մէջ աւերիչ երկրաշարժ տեղի կ՚ունենայ եւ կը կործանէ քաղաքը: Այդ մասին գրութիւն ունի Կիրակոս Գանձակեցին: Այդ մէկը կը նկատուի հայկական լեռնաշխարհի հինգ կործանարար երկրաշարժերէն մին: Երկրաշարժի հետեւանքով քաղաքը ամբողջութեամբ աւերուած է եւ աւերածութիւններու պատճառով քաղաքը տեղափոխուած է: Հին քաղաքի աւերակները կը գտնուին ներկայ քաղաքին քով:
1840 թուականի Ակոռիի երկրաշարժը նկարագրած է հայ աշուղ Ազբար Ադամ:
Պատմութեան մէջ յայտնի է նաեւ 1679 թուականի Երեւանի երկրաշարժը, որ կոչուած է նաեւ Գառնիի երկրաշարժ: Այդ երկրաշարժը զգացուած է Գեղարդավանքէն ու Խոր Վիրապէն մինչեւ Յովհաննավանք։ Երկրաշարժի հետեւանքով բազմաթիւ կառոյցներ կործանած են, ջուրի նոր աղբիւրներ բացուած են, որոշները գոցուած են, խոշոր ժայռաբեկորներ տապալած են, կամուրջներ՝ խորտակուած։ Երեւանի յայտնի կառոյցներուն մեծ մասը այդ երկրաշարժին վնասուած է, Երեւանի բերդը ամբողջովին քանդուած է, երկու կամուրջ, որոնցմէ մին Կարմիր կամուրջն էր, բոլոր մզկիթներն ու մինարէները նոյնպէս քանդուած են: Երեւանի երկրաշարժին քանդուած են նաեւ Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, Սուրբ Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցին եւ Գեթսեմանի մատուռը, ընդհանուր առմամբ 12 եկեղեցի։ Չէ վնասուած Կաթողիկէ եկեղեցին եւ այս փաստը եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կարեւոր է այնքանով, որ այսօր կ՚ըսենք, թէ Կաթողիկէն Երեւանի պատմութեան հնագոյն ու երբեւէ չքանդուած կառոյցն է։ Երեւանէն դուրս 1679 թուականի այդ երկրաշարժէն քանդուած է Յովհաննավանքը, Գեղարդավանքը եւ շատ ուրիշ վանքեր։ Ըստ Զաքարիա Ագուլեցիի՝ տարածաշրջանին մէջ զոհուած է 7 հազար 600, ըստ Միքայէլ Չամչեանի՝ 8 հազար մարդ։
Երկրաշարժը կրկնուած է օրեր շարունակ, սակայն աւելի թոյլ ուժով:
19-րդ եւ 20-րդ դարը նոյնպէս յայտնի է հայոց հողը հարուածած երկրաշարժերով: Միայն Կիւմրին երկու անգամ կիսաքանդ եղած է երկրաշարժերէ: 1988 թուականի երկրաշարժէն զատ 1926 թուականին Կիւմրիի մէջ մէկ այլ երկրաշարժ եղած է: Կիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցիին մասին կ՚ըսեն, որ երկու երկրաշարժ տեսած եւ այսօր կանգուն մնացած եկեղեցին քաղաքի երկրաշարժերու խորհրդանիշ կարող է ըլլայ: Այս եկեղեցին կառուցուած է 1860-ականներուն, շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1873 թուականներուն: Ս. Ամենափրկիչը պատմական մայրաքաղաք Անիի Մայր տաճարի նմանօրինակն է եւ աղէտներուն դիմակայած իր պատմութեամբ առաւել սիրելի եւ խորհրդանշական է կիւմրեցիներուն համար:
ԲԱՊՈՒՃԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐԸ՝ ՍԱՐՍԱՓԱՀԱՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ…
Վերջին երկրաշարժէն Հալէպի կրած վնասները նոյնպէս անպատմելի են: Տուժած են հայեր Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ներս, կան հայ զոհեր, խոշոր աւերածութիւններ քաղաքին մէջ: Աւերիչ երկրաշարժը հարուածած է նաեւ Սուրիոյ Քարատուրան գիւղի Ծովու թաղի հնագոյն տուները, որոնք պատմական տուներ են եւ վկայութիւնն են այդ վայրին մէջ հայութեան երբեմնի հետքի: Այդտեղ ապրած են Բապուճեանները, շատերը՝ 1947-ին հայրենադարձուած Հայաստան: Ծովափնեայ հին տունի մը մէջ մինչեւ հիմա ալ կ՚ապրին Բապուճեան քոյրերը՝ Սօնա, Վարդուկ եւ Հայկուհի Բապուճեանները։ Իրենց ծերութեան անխռով օրերը կ՚անցընէին պապենական տունի մէջ: Բապուճեաններուն տունին մէջ նկարահանուած է սուրիական «Կորուսեալ գիւղը» հանրածանօթ ֆիլմաշարը եւ սուրիահայերուն այս վայրը ծանօթ է նաեւ այդ շարժանկարէն: Քեսապի «Սուրբ Միքայէլ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան երկրաշարժէն ետք այցելած է Քարատուրան եւ երեք քոյրերը գտած սարսափահար վիճակի մէջ: Անոնց հին տունին որոշ պատերը չեն դիմացած երկրաշարժի հարուածին: Հոնտեղէն հրապարակուած լուսանկարները առաւել քան խօսուն են հայութեան հետքերուն մասին, որոնք բախած են ժամանակի անողոք հարուածներուն…
Երեք քոյրերէն աւագը վախէն նստած է գետնին, փաթթուած ձմեռնային հագուկապով: Տունին մէջ կրակ կայ վառած, որ թերեւս յոյսի կրակն է անյոյս այս օրերուն, որ հեռաւոր այդ վայրին մէջ վառած են երեք հայուհիները…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան