ԵՐԲ ՅԻՍՈՒՍ ԷԻ…
Յանկարծ տեսայ, թէ Սողոս կը մեկնի դէպի Դամասկոս՝ որպէսզի ինծի հաւատացողները բերէ Երուսաղէմ: Զայրացայ եւ այդ զայրոյթիս իբր հետեւանք երկիրնքը փայլատակեց. Սողոս գետին ինկաւ ու ալ լռութիւնս խզեցի. «Սաւուղ, Սաւուղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես» ըսի: Զարմացած հարցուց ով ըլլալս. ա՛լ պահելու կարիքը չի՛ կար. «Ես Յիսուսն եմ», ըսի ու երբ տեսայ, թէ խօսքով հասկնալու շատ ալ միտք չունի, տեսողութիւնը խափանեցի: Վերջը մեղքացայ Անանիային պատուիրեցի, որ Ուղիղ կոչուող փողոցը երթայ եւ գտնէ Սողոսը...:
Մնացածը հաւանաբար պատմեմ ապագային լոյս տեսնելիք Աւետարանիս էջերուն մէջ այն վստահ համոզումով, որ անպայմանօրէն Յիսուս Քրիստոս ըլլալուս հաւատացողներ կը գտնուին, որովհետեւ ներկայ աշխարհի մէջ այդ մէկը անկարելի բան մը չէ. դուրս եկէ՛ք հրապարակ եւ դուք ձեզ Յիսուս, հրեշտակ եւ կամ որպէս այլ աներեւակայելի մէկը ներկայացուցէք եւ տեսէք, թէ անպայմանօրէն հաւատացողներ պիտի ըլլան: Եւ այս մէկը չափազանցութիւն մը չէ, որովհետեւ մենք տեղեակ ըլլանք թէ ո՛չ, այսօր աշխարհի վրայ կը գտնուին բազմաթիւ Յիսուսներ, որոնցմէ մին՝ ի զարմանս միւսներուն թուրք է եւ յանկարծ չմտածէք, թէ խենթ մըն է, որովհետեւ ունի հետեւորդներ, որոնք նոր տարուան ընթացքին տարեդարձի կարկանդակի մը շուրջ հաւաքուած «Բարի տարեդարձ Յիսուս» մը կ՚երգեն:
Ի տարբերութիւն երկու հազար տարի առաջ ապրող Յիսուսին, մերօրեայ Յիսուսները լերան վրայ քարոզ տալու փոխարէն համացանցի էջերուն մէջ գրառումներ կը կատարեն (նոյնը պիտի չընէ՞ր Յիսուս հինգ հազար հոգի անօթի վիճակով մէկ տեղ հաւաքելու փոխարէն՝ հինգ հաց եւ երկու ձուկը հինգ հազար կտորներու յոգնութիւնը զանց ընելու սիրոյն):
Աշխարհի պատմութեան ընթացքին բազմահազար մարդիկ իրենք զիրենք ներկայացուցած են որպէս Յիսուս Քրիստոս, սակայն անոնց մէջ կան թեկնածուներ, որոնք յաջողած են իրենց անունը պատմութեան էջերուն մէջ անմահացնել. օրինակի համար՝ 1607 թուականին ծնած Արիս Էվանսը, որ իր Քրիստոս ու մարգարէ ըլլալը յաջողած էր համոզել մինչեւ իսկ թագաւորին եւ ապա կեանքի վերջաւորութեան իր «Քրիստոս» ըլլալուն պատճառով ձերբակալուած ու բանտարկուած էր:
Առ ի գիտութիւն, ներկայիս կենդանի Քրիստոսներ ունինք Պրազիլի, Հարաւային Ափրիկէի, Սիպիրի, Անգլիոյ, Թոքիոյի, Զամպիոյ, Աւստրալիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ.
- Պրազիլցի Քրիստոսը իր նախքան Քրիստոսանալը եղած է առաքիչ, վաճառող, մատուցող եւ հացթուխ:
- Հարաւային Ափրիկէի Քրիստոսը նախքան Քրիստոսանալը եղած է ոսկիի վաճառական:
- Սիպիրի Քրիստոսը միւսներէն կը տարբերի անով, որ ունի աւելի քան 10 հազար հետեւորդ՝ իր Քրիստոս ըլլալուն հաւատացող եւ զինք «պաշտող»:
- Անգլիոյ Քրիստոսը նախքան Քրիստոսանալը եղած է զինուորական ծառայող եւ պետական պաշտօնեայ եւ յանկարծ 2007 թուականին դարձած է Աստուծոյ Որդին:
- Թոքիոյի Քրիստոսը նախքան Քրիստոսութեամբ զբաղուիլը եղած է քաղաքական գործիչ:
- Զամպիոյ Քրիստոսը կարծես ամենէն վերջիններէն է, որովհետեւ Քրիստոսացած է 2013 թուականին եւ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը Քրիստոսագործէ:
- Աւստրալիոյ Քրիստոսը միւսներուն հակառակ աւելի արդիականացած է՝ որովհետեւ Քրիստոսութեան կողքին ան նաեւ համակարգիչի մասնագէտ է. անոր յատկանշական խօսքերէն մէկը հետեւեալն է. «առաջին անգամ երկիր-աշխարհ եկանք երկու հազար տարիներ առաջ»:
- Թուրքիոյ Քրիստոսը նախքան Քրիստոսանալը Թոքիոյի Քրիստոսի նման զբաղուած է քաղաքականութեամբ եւ յանկարծ օր մըն ալ տեղեկացած է, որ Քրիստոսը ի՛նք է եւ նոյնիսկ երազի մը մէջ տեսած է, թէ Մուհամմէտն ու միւս հրեշտակները իր քովը նստած են՝ ինք փառքի աթոռին վրայ:
Վերոյիշեալ բոլորը նկատի ունենալով, առանց նկատի առնելով ձեր ներկայ պաշտօնն ու գործունէութիւնը, դո՛ւք եւս կրնաք դուք ձեզ Քրիստոս անուանել (ձեր ի՞նչը պակաս է Թոքիոյի կամ Պրազիլի Քրիստոսներէն) եւ երբեք չմտածէք, աշխարհի վրայ հաւատալու պատրաստ յիմարներն ու տխմարները անհամար են. անպայման որ «հաց» մը կը գտնէք այդտեղ:
Վարպետութիւնն ու դժուարը սակայն ուրիշները հաւատացնելու մէջ չէ՛, այլ... սեփական սուտին հաւատալուն մէջ է, որովհետեւ անոնցմէ շատեր ուրիշները համոզելու կողքին համոզած են նաեւ իրենք իրենց անձերը. անոնցմէ մին հարցազրոյցի մը ընթացքին համոզուած ձեւով կը պատմէ Աստուծոյ հետ ունեցած իր ճեմելուն եւ զրոյցին մասին. ի՜նչ բախտաւորութիւն. դուք ալ չէի՞ք ուզեր Աստուծոյ հետ շրջիլ եւ գուցէ քաղաքականութեան եւ կամ ստեղծագործութեան մասին խօսիլ, գուցէ քննարկել Աբրահամի ըրածներն ու Յակոբի եղբօր հանդէպ անարդարութիւնը, վերջապէս Աստուած զրոյցի համար մարդ կը փնտռէ չէ՞...:
Վերջապէս երեւակայելն ու ձաբռտելը ձրիաբար տրուած է մարդուն եւ այս առիթը օգտագործելով Յիսուս Քրիստոս մըն ալ դուք կրնաք դառնալ... ամօթ չէ՞ մեզի, որ մէկ հատ Հայ Յիսուս մը չունենանք...
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -193-
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի հոգեգալստականներու խումբեր, որոնք կը հաւատան, որ Աստուծոյ կողմէ շնորհք տրուած է իրենց խօսելու հրեշտակներու լեզուներով: Անոնք այդ շնորհքին ինչ ըլլալը չեն գիտեր, սակայն գիտնան թէ ոչ՝ մի՛շտ գիտնալ կը ձեւացնեն, որովհետեւ գիտնալով իրենց «ընտրեալ» ըլլալը կրնան փաստել:
Օր մը նման համոզում ունեցող անձ մը կը մօտենայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միաբաններէն մէկուն եւ անոր կը յայտնէ իր ունեցած այս շնորհքին մասին: Եկեղեցականը շահագործելով այս համոզումը փոխադարձաբար կը յայտնէ, թէ նոյն շնորհքը տրուած է իրենց եւ կը սկսի յունարէն լեզուով աջէն ձախէն նախադասութիւններ շարադրել: Այս անհասկնալի լեզուէն ոգեւորուած մարդը հրճուանքով կը լեցուի եւ որպէս թէ հասկնալով այդ անհասկնալի լեզուն կը սկսի եկեղեցականին յունարէնը թարգմանել՝ իր քովէն այլ աղօթքներ ու օրհնութիւններ շարադրելով:
Եկեղեցականը եւս հրճուանք ցոյց կու տայ. «Ես կը խօսիմ, սակայն հասկնալու շնորհքը չունիմ», կ՚ըսէ եւ այս խոստովանութենէն կռնակ առած անձը կը սկսի իր թարգմանութեան շարքը երկարել՝ որպէս թէ աներեւակայելի գաղտնիքներ ըսած ըլլայ եկեղեցականը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ