«ԲԱՐԵԿԱՄ»ՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

«Բարեկամ» խմբակը երէկ Սամաթիոյ մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Հաւաքոյթին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան, համայնքային գործիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Մեր բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ այս հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր, քանի կը հովանաւորէ «Բարեկամ»ի նոր սերունդի խրախուսման ուղղեալ ծրագիրները։

«Բարեկամ»ը 2019 թուականին հիմնուած է անձնական շրջանակի մէջ եւ աւելի վերջ վերածուած է շարժումի մը՝ մասնաւորապէս ընկերային զօրակցութեան հետամուտ։ Աւետիս Սէյրանի ջանքերով ստեղծուած խումբը աւելի վերջ իր ճանապարհը շարունակած է՝ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով նոր սերունդի պատրաստութեան վրայ՝ թեքնիք առումով իրազեկման կտրուածքով։ Այս ուղղութեամբ մշակուած ծրագրին ներառուած են Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը, Պէզճեան Մայր վարժարանը եւ Գալֆաեան Տունը։ «Մեր երիտասարդներու ապագան» խորագրեալ այս նախագիծը անցեալ շրջանին ունեցած է դրական ընթացք։ Երէկուան հաւաքոյթն ալ կը կրէր նոյն անունը եւ միեւնոյն ժամանակ ունէր իլիւսթրասիոնի ցուցահանդէսի մը բնոյթը։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Լիանա Պենլիի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեան։ Սահակեանի միջնակարգի եւ լիսէի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Պելինտա Մըխճըօղլու եւ Լիանա Եըլանճըօղլու, Տատեանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, նաեւ Գալֆաեանի անունով Սելին Եամաչ հանդէս եկան շնորհակալութեան խօսքերով։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Աւետիս Սէյրան։ Բոլոր ատենախօսները խորին երախտագիտութիւն յայտնեցին Տիգրան Կիւլմէզկիլին, որ մեր երիտասարդներուն համար հասանելիութիւն ապահոված է արհեստագիտական սարքաւորումներու եւ այդ գործիքներուն տիրապետելու համար անհրաժեշտ ծրագիրներուն։ Ընդգծուեցան նաեւ Հերա Միմարի ջանքերը։ «Բարեկամ» խումբին անունով արտայայտուեցաւ նաեւ Հերա Միմար, որ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ ծրագրի ընթացքին շուրջ՝ ընդգծելով նաեւ միւս բարերարներուն եւ աջակիցներուն կարեւոր նպաստը։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ Շահան Արմաղանին։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ գնահատեց «Բարեկամ»ի գործունէութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ մեր համայնքէն ներս բարենպատակ նախաձեռնութիւնները թափ հաւաքած են։ «Մեր բոլոր ջանքերը ձեզի համար են, ձեզ շատ կը սիրենք, այսօր կը տրուի ձեզի համար, իսկ վաղը դուք պիտի տաք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն։

Արձակուելէ առաջ բոլոր ներկաները հետաքրքրութեամբ շրջեցան ցուցահանդէսը։

 

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023