ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԵՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑԱՇԱՐՔՆԵՐ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին, ամառնամուտի տրամադրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ, Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ համայնքային լիսէներու միջեւ մրցաշարք մը։ Հիւրընկալ վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները։ Մեր հինգ լիսէներու վոլէյպոլի իգական եւ պասքեթպոլի արական կազմերը հանդէս եկան խանդավառ մրցապայքարի մը մթնոլորտին մէջ։ Վոլէյպոլի մէջ առաջնութիւնը նուաճեց Կեդրոնականի կազմը։ Պասքեթպոլի մէջ աւարտականը տեղի ունեցաւ Մխիթարեանի եւ Կեդրոնականի միջեւ։ Տղաքը իսկապէս մեծ յաջողութեամբ հանդէս եկան եւ բոլոր անոնք, որոնք կը դիտէին, վառ տպաւորութիւններ ունեցան այս մրցումէն։ Աւարտին 1 նիշով առաւելութեան հասան մխիթարեանցիները։ Այս անմոռանալի աւարտականէն վերջ անոնք ուրախութիւնը ունեցան իրենց դպրոցի պարտէզին մէջ առաջնութեան բաժակին տիրանալու՝ մինչ ընդհանուր գնահատանքէն անմասն չմնացին նաեւ կեդրոնականցիները։
Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ բոլոր կազմակերպիչները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին աւարտական խաղերուն եւ անոնց յաջորդած մրցանակաբաշխութեան մասնակիցները։ Ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։