ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆԵՐ
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը երէկ պաշտօնապէս հրապարակեց Էսաեան վարժարանի նոր տնօրէնուհիներուն անունները։ Այսպէս, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան հաղորդեց, որ յառաջիկայ կրթական շրջանէն սկսեալ լիսէի բաժնի տնօրէնուհին պիտի ըլլայ Տենչա Չընար, իսկ միջնակարգի բաժնինը՝ Առլին Եշիլթեփէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Առլին Եշիլթեփէ մօտաւոր անցեալին բաւական վիճելի եւ անարդար ձեւով պաշտօնազրկուած էր տնօրէնուհիի առաքելութենէն, ինչ որ համայնքային շրջանակներէն ներս մեծ անհանգստութիւն յառաջացուցած էր։ Այժմ, Պէյօղլուի նորընտիր թաղային խորհուրդը տեղին որոշոմով մը եկած է սրբագրել այդ սխալը եւ այսպէսով յառաջիկայ կրթական շրջանէն սկսեալ Առլին Եշիլթեփէ պիտի վերադառնայ տնօրէնուհիի պաշտօնին գլուխը։
Կը շնորհաւորենք Տենչա Չընարն ու Առլին Եշիլթեփէն, որոնց կը մաղթենք յաջողութիւններ։