ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ STEM-Ի ՄՐՑՈՅԹ
Պէզճեան Մայր վարժարանի տանտիրութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային առաջին STEM մրցոյթը, որուն մասնակցութիւն բերին համայնքային վեց միջնակարգերէ աշակերտներ։ STEM-ը, որ աշակերտներուն ուղեցոյց կը դառնայ զանազան հարցերու լուծման ընդունակութեան մէջ, ներկայ դարու ամենակարեւոր ուսուցման մեթոտներէն մին է։ Մրցակից խումբերը իրենց տրուած հրահանգին համաձայն եւ պիտոյքներով փորձեցին պատրաստել ամենայարմար եւ տոկուն տան մը մանրատիպը։ Ծրագրին մասնակից դպրոցական խումբերը կը վերահսկուէին իրենց ուղեցոյց ուսուցիչներուն կողմէ։
Մրցոյթի արդիւնքին՝ խմբային դասաւորման մէջ յառաջատար դարձաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանը, որուն յաջորդեցին Պէզճեանի եւ Ֆէրիգիւղի վարժարաններու խումբերը։
Հուսկ, բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին դափնեկիրները, կազմակերպիչները եւ բոլոր մասնակիցները։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024