ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները երէկ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Քիլիոս։ Իւրաքանչիւր կրթական շրջանի աւարտին, ամէն տարի ամառնամուտին, աւանդաբար ամբողջ դպրոցը կ՚իրականացնէ միօրեայ մեծ պտոյտ մը։ Դժբախտաբար, 2017 թուականէն ի վեր կեդրոնականցիներուն այս աւանդութիւնը ընդհատուած էր զանազան պատճառներով։ Կեդրոնականի ընտանիքին համար ուրախառիթ էր, որ այս տարի այս աւանդութիւնը վերականգնուեցաւ։
Աշակերտներուն միացան նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ ուսուցչական կազմը, դպրոցի պաշտօնէութենէն եւ ծնողաց միութենէն դէմքեր։ Այս մեծ խումբը օրուան տեւողութեան բնութեան ծոցին մէջ ունեցաւ հաճելի ժամանց։ Մէկ կողմէ բոլորը ըմբոշխնեցին հարազատ բնութիւնը, իսկ միւս կողմէ զիրար վայելեցին՝ անմիջական զրոյցներով՝ մանաւանդ, որ տղաքն ալ բացաստանի մէջ խաղալու հնարաւորութիւնը ունեցան։ Կեդրոնականցիները օրուան աւարտին վառ տպաւորութիւններով վերադարձան պտոյտէն, որու յիշատակը անմահացաւ այս մեծ խմբանկարով։
Միւս կողմէ, Գարակէօզեան Տան սաներն ալ երէկ պտոյտ մը կատարեցին նոյնպէս դէպի Քիլիոս։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024