ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵՒ ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ Ֆէնէրճեան եւ ատենապետ Պերճ Զընկըքի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանար Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Անցեալ կիրակիի Ս. Պատարագով Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ դադրած էին պաշտամունքները եւ ձեռնարկուած էր բարեզարդման աշխատանքներու։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը խորհրդակցութիւն ունեցաւ եկեղեցւոյ վարիչներուն հետ եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ։
Թաղային խորհուրդը ճաշասեղանով մը հիւրասիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Վարչայինները տեղեկացուցին, որ ծրագրած են յառաջիկայ Խաչվերացի տօնէն առաջ աւարտել աշխատանքները եւ այդպէս դիմաւորել տարւոյն վերջին տաղաւարն ու եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց թաղային խորհուրդը եւ կարողութիւն մաղթեց այս մեծ աշխատանքին կապակցութեամբ։
Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան տեւողութեան այցելեց նաեւ Գանտիլլի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ ատենապետ Օննիկ Ֆէնէրճեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Նորին Ամենապատուութիւնը բարեզարդման աշխատանքներու մասին տեղեկութիւն ստացաւ թաղային խորհուրդի անդամներէն, որոնք յայտնեցին, թէ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին պիտի լրանան աշխատանքները եւ մեր արուարձանային ու փայտաշէն այս աղօթքի տունը պիտի վերաբանայ իր դռները մեր ուխտաւոր ժողովուրդին համար։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց թաղային խորհուրդի այս գողտրիկ աղօթքի տան պայծառութեան ի նպաստ աշխատանքը եւ կարողութիւն մաղթեց անոնց։