ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նախագահեց միջվարժարանային գիտութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը մրցոյթի օրը կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուստի մրցանակաբաշխութեան հանդէսը կատարուեցաւ երէկ։

Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» մատենադարանի քարտուղար Հելտա Այնաեիւզ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ մրցոյթի եւ արդիւնքին մասին եւ Նորին Ամենապատուութեան ծանօթացուց դափնեկիրները։ Այսպէս, լիսէի բաժինէն Արեգ Սիւզմէ դասուեցաւ առաջին, որուն յաջորդեցին Նորա Տաւուլճեան, Նարեկ Պալ, Միրա Եիղիթէր եւ Լիլիթ Գալայճեան։ Միջնակարգի բաժինէն առաջին հորիզոնականը գրաւեց Քեւըն Եիւճէեաթաք, որուն յաջորդեցին Արաս Շահինօղլու, Լիտա Աւրուզ, Մարիէլ Տուման եւ Արատ Վարդանեան։

Հանդիսութեան աւարտին օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, որ ուրախութիւն յայտնեց նման նախաձեռնութեան մը համար, որու կազմակերպման աջակցած են Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Հելտա Այնաեիւզ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մի առ մի շնորհաւորեց օրուան մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցներն ու իրենց ուսուցիչները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոնց։

Հանդիսութեան աւարտին դափնեկիր աշակերտները ստացան իրենց մրցանակներն ու Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2023