ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գալֆաեան Տան մէջ 2022-2023 կրթական շրջանի վերջաւորութիւնը բնորոշուեցաւ տարեվերջի ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ ողջունեց ներկաները, իսկ տղաքը զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ Գալֆաեանի ընտանիքի վարչայիններ։

Հանդէսի աւարտին աշակերտներուն, ծնողներուն եւ բոլոր հիւրերուն համար դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ 

Շաբաթ, Յունիս 17, 2023